Jump to content

Լեռնանցք

Լեռնանցքը, երթուղի է, որ կ'անցնի լեռնաշղթայի մէջէն կամ լանջերու վրայէն[1]։

Լեռնաշղթաները կրնան լուրջ խոչընդոտներ յառաջացնել ճանապարհորդներուն, այդ պատճառով ալ լեռնանցքները պատմութեան ընթացքին հիմնական դեր խաղացած են առեւտուրի, պատերազմի, մարդաբնակութեան եւ անասուններու գաղթի ընթացքին։

Բազմաթիւ լեռնանցքներ ձեւաւորուած են ժայռերու հատումով, գետերու հոսքերով կամ սառցադաշտերու մաշելուն հետեւանքով։

Լեռնանցքներու մէջ երկար ատեն ստեղծուած են Ճանապարհներ եւ երկաթուղիներ։

Բարձր եւ ժայռապատ լեռնանցքներու որոշ մասերուն մէջ կրնան գոյութիւն ունենալ փապուղիներ, որոնք փորուած կ'ըլլան մօտակայ լեռներու լանջերու տակ[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]