Լառնագա (յուն․՝ Λάρνακα), քաղաք Կիպրոսի Հանրապետութեան արեւելեան ափին։ Ըստ 2010 թուականի տուեալներու բնակչութիւնը կը կազմէ 72,000 մարդ։ Լառնագան կղզիին երկրորդ առեւտրական նաւահանգիստն է եւ կարեւոր հանգստավայր (զբօսաշրջիկներու)։ Կիպրոս կղզիին մեծագոյն օդակայանը՝ Լառնագայի Միջազգային Օդակայանը, կը գտնուի Լառնագայի ծայրամասի տարածքին։