Լայմ Հիւանդութիւն

Լայմ հիւանդութեան յարուցիչը Պորիլլա (Borilae) մանրէն է, որ կը հարուածէ յատկապէս եղջերուները (deers), թռչունները եւ մուկերը (rodents): Այս մանրէները կը փոխանցուին եւ կը տարածուին մակաբոյծ տիզերով (tick), մասնաւորապէս՝ սեւ ոտքեր ունեցող տիզերով: Ասոնք կը խայթեն վարակուած եղջերուները, թռչունները եւ մուկերը ու կ'իւրացնեն Պորիլիա մանրէները:
«Լայմ» հիւանդութիւնը (lyme disease) առաջին անգամ նկարագրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնեքթիքըթ նահանգի Լայմ քաղաքին մէջ[1]:
Յատկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Վարակուած տիզերը մեծ թիւով կը բազմապատկուին շատ արագ եւ կը տարածուին ամէն կողմ: Ուստի տիզերը մարդոց եւ տնային կենդանիներուն, մասնաւորապէս՝ կատուներուն եւ շուներուն կը փոխանցեն այս մանրէները:
- Մեծ տիզերը ունին մօտաւորապէս 1-2 մմ երկարութիւն: Անոնց խայթոցը ցաւ եւ քերուըտուք չի պատճառեր: Խայթուող անհատը ոչ տիզ կը տեսնէ եւ ոչ ալ խայթոցը կը զգայ:
- Այս մակաբոյծները տաք մթնոլորտի մէջ չեն ապրիր: Անոնք գարնան եղանակին կը ճամբոդեն դէպի հիւսիս՝ աւելի մեղմ վայրեր: Անոնք կ'ապրին առաւելաբար խոտաւէտ վայրերու, վայրի բոյսերու եւ խոնաւ անտառներու մէջ ու վայրի բոյսերու վրայ: Հետեւաբար Լայմ հիւանդութիւնը կը տեսնուի առաւելաբար այդ վայրերուն մէջ: Մարդիկ որոնք կ'ապրին այդ վայրերուն մէջ շուտով կրնան վարակուիլ տիզերու խայթուածքէն:
- Տիզը կը խայթէ եւ մորթին վրայ 16-18 ժամ մնալէ ետք կը փոխանցէ իր իւրացուցած Պորիլլա մանրէները խայթուող անհատի արեան շրջանառութեան:
Ախտաճանաչում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Լայմ հիւանդութեան նախնական ախտանշանները կը նմանին հարբուխի կամ կռիփի ախտանշաններուն[2]:
Խայթուելէ 3-30 օր ետք անհատը կ'ունենայ ջերմ, դող, մկանային ցաւ եւ յոգնածութիւն: Այս հանգրուանին, Լայմ հիւանդութեան ախտաճանաչումը կ'ըլլայ շատ դժուար, որովհետեւ խայթող տիզը կը մնայ ընդհանրապէս աննշմար եւ խայթուածքը կ'ըլլայ առանց ցաւի ու քերուըտուքի: Երբ տիզը նշմարուի, ան շուտով յատուկ ունելիով մը պէտք է վերացուի մորթին վրայէն, պարզապէս՝ բռնելով տիզը գլխէն եւ ուղղահայեաց վերցնելով:
Տիզի հիւանդութիւնը կը զարգանայ: Պորիլլա մանրէները ազատօրէն կը շրջագային արեան մէջ եւ հետզհետէ կը յառաջացնեն զանազան տեսակի վնասներ մարմինին զանազան բաժիններուն մէջ: Ասոնց կը յաջորդէ մորթացանը (rash) եւ խայթուածքի մորթային կարմրութիւնը: Մորթացանը կը նմանի կովու խոշոր աչքին (bull’s eye), որ կը յատկանշուի կեդրոնական պզտիկ կարմրութեամբ մը եւ մեծ, կլորաձեւ եւ վարդագոյն շրջագիծով մը: Հոս կը սկսին երեւիլ Լայմ հիւանդութեան լուրջ ախտանշանները, եթէ շուտով չկատարուի անոր ախտաճանաչումը[3]:
Դարմանում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լայմ հիւանդութեան ախտաճանաչումը բաւական դժուար է: Սակայն լսելով հիւանդին պատմականը եւ դիտելով անոր ունեցած մորթային ցանը, այսինքն՝ հիւանդին ուր գտնուիլը, անոր ախտանշաններու սկսման եղանակը եւ մորթային ցանի տեսակը, կարելի կ'ըլլայ գուշակել Լայմ հիւանդութեան կարելիութիւնը: Հոս խիստ կարեւոր է բժիշկին արթնութիւնը: Հիմնական ախտաճանաչումը կը կայանայ տեսնելով հիւանդին արեան մէջ Պորիլլա մանրէներուն դէմ յատուկ հակամանրէներ (antibody): Այս մէկը շատ դժուար եւ խրթին քննութիւն մըն է, որ կը կատարուի մասնագիտական կեդրոններու մէջ: Լայմ հիւանդութեան դարմանումը կը կատարուի Պորիլլա մանրէներու դէմ յատուկ հակամանրէական դեղերու գործածութեամբ: Այս հակամանրէական դեղերը կը կիրարկուին 2-4 շաբաթներու ընթացքին:
Տեսնուած է, որ դարմանումէ ետք, նոյնիսկ ամիսներ կամ տարիներ ետք, դարմանուողներ կրնան ունենալ քունի խանգարում, յոգնածութիւն, մկանային ցաւեր, յօդացաւ, մտային դանդաղում եւ մտածելու դժուարութիւն:
Չդարմանուելու պարագային
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լայմ հիւանդութիւնը շուտով չդարմանուելու պարագային, անոր յարուցիչ մանրէները կը հարուածեն մարմինի զանազան օրկանները եւ կը յառաջացնեն օրկանական վնասներ ու տեսակաւոր ախտանշաններ:
Կեդրոնական ջղային համակարգի վարակումով տեղի կ'ունենան ուղեղապատակատապ (meningitis) եւ ուղեղատապ, որոնց հետեւանքով կը յառաջանան գլխու ցաւ, վիզի եւ ծոծրակի ցաւ, ջերմ, փսխունք, յիշողութեան կորուստ, կեդրոնացումի դժուարութիւն, ընկճուածութիւն, ան2կութիւն, զգացական վերիվայրումներ, երկտեսողութիւն եւ մկանային տկարութիւն. Աչքերու վարակումով տեղի կ'ունենան՝ ակնազօդաբորբ (conjunctivitis), ակնաջիղի բորբոքում (optic neuritis), աչքերու ուռուածութիւն, կարմրութիւն ու առանց քերուըտուքի ցաւ:
Աւշագեղձերու (lymph nodes) վարակումով կը յառաջանան աւշագեղձերու ծաւալում, մասնաւորապէս վիզի աւշագեղձերու ծաւալում եւ բորբոքում:
Սրտանօթային համակարգի վարակումով կը յառաջանան սիրտի տրոփում, կրծքացաւ եւ գլխու պտոյտ:
Լեարդի եւ ստամոքսի վարակումով տեղի կ'ունենան լեարդաբորբ (hepatitis), դեղնախտ (jaundice) աչքերու դեղնութեամբ եւ մէզի թուխ գունաւորումով, ու ստամոքսի ցաւ:
Յօդերու վարակումով տեղի կ'ունենան մեծ յօդերու յօդաբորբ, ուռուածք եւ յօդացաւ: Կրնան պատահիլ նաեւ դէմքի անդամալուծութիւն (facial paralysis), ուտելու, ծամելու եւ խօսելու դժուարութիւն, ինչպէս նաեւ հերաթափութիւն (alopecia, hair loss):
Կանխարգիլում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կարելի է կանխարգիլել այս հիւանդութիւնը նոյնիսկ եթէ մարդիկ կը գտնուին տիզերով լեցուն վայրերու մէջ, պարզապէս որոշ միջոցներու դիմելով՝ մութ գոյնով հագուստ հագնիլ, գործածել միջատ վանող դեղեր (insect repellants), երկար թեւով շապիկ կամ հագուստ հագնիլ, երկար տափատ գործածել եւ տափատին ծայրամասը պահել գուլպաներուն մէջ: Լաւագոյնը պիտի ըլլայ՝ խուսափիլ տիզերով լեցուն վայրերէ եւ Լայմ հիւանդութիւն գոյութիւն ունեցող շրջաններէ: Խայթուելէ ետք անհատը շուտով լոգնալու է եւ քննելու է մարմինին մակերեսը[4]:
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Richard Ostfeld (2012)։ Lyme Disease: The Ecology of a Complex System։ New York: Oxford University Press։ ISBN 978-0199928477
- Pamela Weintraub (2008)։ Cure Unknown: Inside the Lyme Disease Epidemic։ St. Martin's Press։ ISBN 9780312378127
- Newby Kris (2019)։ Bitten: the Secret History of Lyme Disease and Biological Weapons։ HarperCollins։ ISBN 9780062896278