Jump to content

Լամիէ Աճի Պաշար

Լամիէ Աճի Պաշար
Ծնած է 1998[1]
Ծննդավայր Kocho, Sinjar District, Նինուէ, Իրաքի Հանրապետություն
Քաղաքացիութիւն  Իրաք
Կրօնք Եզիտիականութիւն
Մասնագիտութիւն իրաւապաշտպան և հանրային գործիչ

Լամիէ Աճի Պաշար (արաբերէն`لمياء حجي بشار Քոջօ, Իրաք, 1998)․ «Իսլամական Պետութեան» սեռային ստրկութեան զոհ եղած է, ինչպէս նաեւ իր վեց քոյրերը։ «Զախարով»ի մրցանակակիր (2016)։

Ան Նատիա Մուրատին հետ վերապրեցաւ եւ Իսլամական Պետութենէն սեռային բռնութեան ենթարկուած կիներուն խօսնակը դարձաւ։ Ստրկութեան ընթացքին ստիպուած էր մահապարտի գօտիներ շինելու։ Լամիա Իրաքի Եզիտի համայնքին ջատագովն է՝ կրօնական փոքրամասնութիւն մը, որուն դէմ «Իսլամական Պետութեան» զինեալները ցեղասպանութեան արշաւ մը սկսած են։ 2016-ին արժանացած է «Զախարով» մրցանակին:

3 Օգոստոս 2014-ին, «Իսլամական Պետութիւն»ը սպաննեց Իրաքի Սինճար շրջանի Քոջօ գիւղին բոլոր տղամարդիկը։ Քոջօ այն վայրն է, ուրկէ սերած են Աճի Պաշար եւ Մուրատ։ Այդ ջարդէն ետք, Իսլամական Պետութիւնը կիներն ու մանուկները գերեվարեց: Բոլոր կիները, ներառեալ Աճի Պաշար եւ Մուրատ, ինչպէս նաեւ իրենց քոյրերը՝ առեւանգուած, գնուած ու ծախուած են բազմիցս եւ օգտագործուած սեռային ստրուկներու պէս:

Պաշար հինգ անգամ ծախուեցաւ զինեալներուն եւ երբ իր եղբայրներն ու հայրը մահապարտներու կողմէ մահապատիժի ենթարկուեցան, հարկադրուեցաւ Մուսուլի մէջ ռումբեր եւ մահապարտի բաճկոնակներ շինել։

Աճի Պաշարի քանիցս փախչելու ջանքերը ձախողեցան։ Սակայն Իր ընտանիքին օժանդակութեամբ, որ տեղացի մաքսանենգներուն վճարեց, ան Ապրիլ 2016-ին կարողացաւ փախչիլ։ Փախուստի ընթացքին հողային ականի մը պատճառաւ վիրաւորուեցաւ: Գերմանիա երբ հասաւ, բժշկական դարմանում ստացաւ։ Հոն գտաւ իր եղբայրները, որոնք վերապրեցան Իսլամական Պետութեան հալածանքներէն։

Հոկտեմբեր 2016-ին, ան եւ Մուրատ միասին արժանացան Զախարով մրցանակին. հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 2016-ին:

Իր առողջութեան վերականգնումէն ետք, Աճի Պաշար կը գործէ հանրութեան իրազեկ դարձնել Եզիտի համայնքին ծանր վիճակին շուրջ, միաժամանակ շարունակելով օգնել այն կիներուն եւ երեխաներուն, որոնք ստրկութեան եւ Իսլամական Պետութեան կողմէ գազանութիւններու զոհ գացած են:

[2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]