Jump to content

Իօ

Իօ
յուն․՝ Ἰώ
Ամուսին Թիլեղենոս
Ծնողներ հայր՝ Ինահոս (դիցաբանութիւն), Բիրաս և Իասոս
Երեխաներ Էբաֆոս և Գերոէսա

Իօ (յուն․՝Ιώ)․ յունական դիցաբանութեան մէջ Զեւսին սիրուհին է։

Իօ Արղոսին թագաւոր Իասոսին դուստրն է եւ կամ վերջինին հօր՝ Ինախոսին դուստր եւ կամ նաեւ Կորնթոսի Բիրինային։

Մայրն էր Մելիա՝ Իրային քուրմուհին եւ դարձաւ Զեւսին սիրուհին։

Իօին արկածախնդրութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իրա կ՛իմանայ թէ Իօ կապ ունի Զեւսին հետ։ Վերջինս Իօն պաշտպանելու համար Իրային զայրոթենէն անոր կովի կը կերպարանափոխէ։ Իրա Զեւսին կը ստիպէ երդում տայ թէ որեւէ սիրային կապ չունի Իօին հետ եւ նաեւ իրեն յանձնէ գեղեցիկ կովը։ Զեւս ստիպուած այդպէս ալ կ՛ընէ։

Իրա կովին պահպանումը Արղոս Բանոբթեցիին կը վստահի եւ ան ցերեկին կովը ազատ կը ձգէր արածէ իսկ իրիկունները զայն Միկինեսին սուրբ անտառին մէջ բուսած ձիթենիի մը կը կապէր։

Զեւս սակայն, Էրմիսին պարտականութիւն կու տայ Իօն ազատագրէ։ Էրմիս իր սրինգին հմայնքին շնորհիւ կը քնացնէ Արղոս Բանոբթեցիին եւ անոր կը գլխատէ։

Իօ, որպէս կով կը թափառի Միկինեսին շուրջը եւ ետքը Էվիա կ՛երթայ։ Սակայն Իրա, չի հրաժարիր եւ կը ղրկէ «իսթրօ» մը (կովերու ճանճ) որպէսզի չարչարէ Իօն։ Իօ ստիպուած Յոնեական ծովուն ափերէն Իլիրիա կ՛անցնի, Սքիթիան ճեղքելով կը հասնի Բրոմիթէային քով՝ Կովկաս, անկէ Սեւ Ծովուն ափերը եւ Վոսբորոսէն անցնելով վերջապէս Եգիպտոսի Մեմֆիդա քաղաքը կը հասնի։ Հոն կը վերագտնէ մարդու կերպարը եւ կը ծնի Էբաֆոս (Զեւս հայրն է)։ Սակայն Իրա Գուրիթեսներուն կը հրամայէ նորածինը գողնան։ Իօ կրկին կը թափառի մանուկը գտնելու համար եւ զայն Սուրիա կը գտնէ։

Իօ երիտասարդ կը մահանայ, Զեւս զայն աստղակերպի կը վերածէ։

[1]

Յունական դիցաբանութիւն, Հերոսներ, հտ․ 3, հրտրկչ, Εκδοτική Αθηνών, Աթէնք 1986, էջ 167-170 Իոաննիս Լամփսաս, Հին աշխարհի բառարան, հտ. Γ¨, էջ 15

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]