Jump to content

Իրէօ

Իրէօ

Իրէօ (յուն․՝ Ηραίο Σάμου)․ Սամոսին հարաւը գտնոուղ ծովափնեայ բնակավայր, ուր կը գտնուին աւերակները հնադարեան համանուն տաճարին, ընծայուած Իրա աստուածուհիին։ Տաճարին աւերակները, Բիթաղորաս մերձակայք գտնուող հնագիտական վայրին հետ միասին, 1992-ին արձանագրուեցան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան ցուցակին մէջ, իբրեւ վկայութիւն իրենց բացառիկ ճարտարապետութեան եւ Սամոսի առեւտրական ու ծովային զօրութեան՝ Հնադարեան Շրջանին։

Իրէօ եղած է պաշտամունքի սրբավայր։ Վայրը կը գործածուէր որպէս բնակավայր Ք․Ա․5-րդ հազարամեակէն իսկ։ Յայտնաբերուած են նաեւ, Միջին եւ ուշ պղինձի դարաշրջանին պատկանող պարսպապատ բերդի հետքեր՝ հսկայ բնակարաններ եւ հանրային շէնքեր։

Իրոդոթոս կը նշէ որ Սամոսի Իրէոյին մէջ կար Յունաստանի ամէնէն մեծ տաճարը։ Պեղումներէն կը վկայուի յոնիական ոճի երկպարիսպ տաճար մը՝ 105 սիւներով, որոնցմէ մէկը կանգուն կը մնայ, բայց ոչ ամբողջական, պահպանուած 11 մ. բարձրութեամբ։ Սրբավայրին մէջ գտնուած սուրբ ընծաներէն, յայտնի է թէ տաճարին կրօնական ազդեցութիւնը կը տարածուէր Յունաստանի, Փոքր Ասիոյ ամբողջ տարածքներուն մինչեւ ե՛ւ Եգիպտոս, համեմատելի ՏԵլֆիի պատգամախօսին։

Իրէօ․ ճարտապետական յուշարձան

Հնաբանական կարեւոր յայտնաբերումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Զոհասեղանի սրբավայրի տարածքին մէջ՝
    • քարասալաւոր յատակ, Ք․Ա․1700-1600
    • Միկինեան շրջանէն քարասալաւոր յատակ, Ք․Ա․ 1445/1415-Ք․Ա․1000
    • առաջին քարաշէն զոհասեղան, Ք․Ա․1000։
  • Պատմական ժամանակներու պաշտամունքին հետ կապուած առ նուազն չորս եկեղեցիներու աւերակներ՝
    • Էքաթոպեդոս Ա․․ Ք․Ա․8-րդ դար
    • Էքաթոպեդոս Բ․, Ք․Ա․ 7-րդ դար
    • Ռիքօ եւ Թէոդորօ տաճար, Ք․Ա․ 6-րդ դար
    • Տաճար թիրանոս Բոլիգրաթիսին շրջանէն, Ք․Ա․ 538-522
    • Հռոմէական ժամանակաշրջանի տաճարներ,
    • Ք․Ա․ 6-րդ դարու արձան, գործ՝ Միլիսի։

Կառուցման մակարդակի բնորոշիչն է կաւէ խողովակներու ցանցի գոյութիւնը՝ անձրեւաջուրերու արտահոսքին համար։

Սրբավայրի համալիրին մաս կը կազմէ նաեւ Սուրբ ճանապարհը՝ քարով սալարկուած, որ կը տանէր դէպի Սամոսի մայրաքաղաքը (այժմ՝ Փիթաղորիօ)։

[1] [2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]