Իրանի Սահմանադրական Յեղափոխութիւն

Իրանական (պարսկական) սահմանադրական յեղափոխութիւն (պարս.՝ مشروطیت), 1905-1911 թուականներու ընթացքին տեղի ունեցած յեղափոխութիւն Ղաջարական Պարսկաստանի մէջ։ Պատճառը հակասութիւններու սրումն էր մէկ կողմէն՝ իմպերիալիստներու աջակցութիւնը վայելող կառավարող ֆէոտալական խմբաւորման, Ղաչարական դինաստիայի, միւս կողմէ՝ սաղմնաւորուող ազգային բուրժուազիայի, գիւղացիութեան, արհեստաւորներու եւ բանուորներու միջեւ։ Իրանական յեղափոխութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն գործած է 1905 թ.-ին սկսած ռուս. յեղափոխութիւնը։
Իրանական յեղափոխութեան ընթացքին ստեղծուեցան ժողովրդայ-դէմոկրատական կազմակերպութիւններ, ընտրովի մարմիններ՝ էնջումէններ (միութիւններ), ֆիտայիներու զօրախումբեր ու մոճահետներու (յեղափոխականներու) ընկերութիւններ։ Աչքի զարնող գործիչներէն էին Սաթթար խանը, Եփրեմ խանը (Դաւթեան), Քեռին (Արշակ Գաֆաւեան), Ալի Մուսէոն, Մուհամմետ Խիապանին եւ ուրիշներ։
Ունեցած է զարգացման երեք հիմնական շրջան։ 1905 թ.-ի Դեկտեմբերին կայացած ժողովուրդի ցոյցերու ճնշման տակ, 5 Օգոստոս 1906 թ.-ին, շահը հրատարակեց սահմանադրութիւն մտցնելու հրովարտակ։ 7 Հոկտեմբերին բացուեցաւ Իրանի առաջին մէճլիսը, որ մշակեց Իրանի առաջին սահմանադրութիւնը։ 23 Յունիս 1908-ին Մուհամմէտ-Ալի շահը յեղաշրջում կատարեց եւ ցրեց մէճլիսը։ Իրանական յեղափոխութեան բարձրակէտը Թաւրիզի ապստամբութիւնն էր (երկրորդ շրջան, 1908 թ.-ի ֆիտայիներու խումբ մը Յունիս 1907 - Յուլիս 1909 ), որ կը ղեկավարէին Քեռին եւ Մաթթար խանը։
Ապրիլ 1909 թ.-ին ցարական զօրքերը գրաւեցին Թաւրիզը։ 1909 թ.-ի Յուլիսին Գիլանի ֆիտայիները, հայ կամաւորները եւ սահմանադրականները՝ Եփրեմ խանի եւ Ռեշտի նահանգապետ Սիփահտարի ղեկավարութեամբ, բախտիարները՝ Սարդար Ասսատի գլխաւորութեամբ արշաւեցին Թեհրան, գրաւեցին այն եւ գահընկեց ըրին շահին։ Ստեղծուեցաւ ժամանակաւոր կառավարութիւն։ Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար նշանակուեցաւ Եփրեմ խանը, վերականգնուեցաւ սահմանադրութիւնը, բացուեցաւ երկրորդ գումարման մէճլիսը։ Իրանական յեղափոխութեան երրորդ շրջանին (Յուլիս 1909 թ.- Դեկտեմբեր 1911 թ.-) յեղափոխական ջոկատները, ֆիտայիներն ու հայ կամաւորները Եփրեմ խանի հրամանատարութեամբ հակահարուած տուին շահի ու անոր եղբայր Սալար Էտ-Տովլէի ուժերուն եւ կանխեցին միապետութեան վերականգնումը։ Սակայն անգլո-ռուսական, թրքական ինտերուենցիան եւ ներքին ուժերը ճնշեցին յեղափոխութիւնը։
Իրանական յեղափոխութիւնը 20-րդ դ. սկզբին առաջին յեղափոխութիւնն էր արեւելքի եւ ամենախոշոր իրադարձութիւնը Իրանի պատմութեան մէջ։ Իրանական յեղափոխութեան կը մասնակցէին պարսիկներ, հայեր, ազրպէյճանցիներ, վրացիներ, ռուսեր, արաբներ, պուլկարներ եւ այլք։ Իրանական յեղափոխութիւնը մեծ աջակցութիւն գտաւ Ռուսաստանի եւ Անդրկովկասի սոցիալ-դէմոկրատներու կողմէ։
1912 թ.-ին, Պրահայի կոնֆերանսին բոլշեւիկները, Լենինի նախաձեռնութեամբ, բանաձեւ ընդունեցին եւ նշանակեցին ցարական Ռուսաստանի ու Մեծ Բրիտանիոյ նուաճողական քաղաքականութիւն Իրանի մէջ։
Իրանական յեղափոխութեան մէջ մեծ դեր կատարեցին իրանահայերու եւ կովկասահայերու կամաւորական ջոկատները։ Ըստ իրանցի պատմաբան Էպրահիմ Սաֆայիի, Իրանական յեղափոխութեան 24 նշանաւոր գործիչներէն 16-ը հայեր էին։ Իրանական յեղափոխութեան շնորհիւ հայերը ընտրուեցան տեղական ինքնավարական մարմիններուն մէջ՝ էն ճումէններուն, ինչպէս նաեւ իրաւունք ստացան երկու պատգամաւոր ունենալ Իրանի մէճլիսին մէջ։
Քաղաքացիական Պատերազմ եւ Յեղափոխութեան Ժառանգութիւնը[1]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Չնայած Իրանի մեծ մասի ենթարկուելուն Շահի իշխանութեան տակ գտնուող արքայական (royalist) ուժերուն, Իրանի հիւսիս-արեւմտեան Թաւրիզ քաղաքը դիմադրութիւն ցուցաբերեց Շահին։ Մուջահէտները (Mojahedin) (սուրբ մարտիկներ) եւ Ֆետայիները (Feda’iyan) (ինքնազոհներ), որոնց թիւը հասնէր մօտաւորապէս հազար կամաւորի, միացան Մուհամմատ Վալի Սէփահտարի (Մազանդարանի առաջատար ֆէոտալ ազնուականը) ուժերուն, որ դաւաճանեց Շահի ուժերուն՝ Թաւրիզը ետ գրաւելու գործին աջակցելուց եւ որուն միացան ոչ միայն իր մարդիկը, այլեւ Բախթիարի ցեղերը, որոնցմէ ոմանք օրինականօրէն քաղաքական բարեփոխումներ կը փնտռէին, իսկ ուրիշներ պարզապէս կ'ուզէին կառավարութեան վերահսկողութիւնը իրենց ձեռքն առնել։
Կամաւորները կու գային Իրանի, Հայկական եւ Վրացական համայնքներէն եւ կը կազմակերպուէին Ռուս Սոցիալ Դեմոկրատներու, Հայ ազգայնական Դաշնակներու եւ Իրանի «Հեմմաթ» (Hemmat) Կուսակցութեան կողմէ. այս երեքը յեղափոխական խումբեր էին, որոնք կը կեդրոնանային Իրանի վրայ, երբ Ռուսաստանի 1905 թուականի յեղափոխութիւնը ճնշուած էր։ Մինչեւ 1909 թուականի Յուլիսը, դիմադրական խումբերը սկսան մօտենալ Թեհրանին եւ Շահը ստիպուեցաւ աքսորի մեկնիլ, իսկ իր որդին՝ Ահմատը դարձաւ Շահ՝ խնամակալի (regent) ներքոյ։
Չնայած երկրորդ Մեջլիսի (խորհրդարանի) գումարումին, որ բարեփոխած էր ընտրական օրէնքները՝ ստեղծելով քուէարկողներու մէկ դասակարգ, կառավարութիւնը դեռ կը տառապէր սնանկութենէ եւ ապակեդրոնացումէ։ Խորապէս անվստահ ըլլալով թէ՛ Ռուսաստանի, թէ՛ Բրիտանիոյ հանդէպ, Իրանը խորհրդակցեց ԱՄՆ կառավարութեան հետ եւ բերաւ Մորկան Շուսթեր անունով ամերիկացի ֆինանսական փորձագէտ մը։
Երբ Մորկան Շուսթերը փորձեց բարեփոխումներ կատարել, որոնք թոյլ պիտի տային աւելի արդիւնաւէտ հարկահաւաքութիւն՝ Բրիտանական Լեկացիայի մէջ (Legation) գտնուող սպայ մը օգտագործելով, Ռուսաստանը բողոքեց, որ վերոնշեալ բարեփոխումներու մէջ բրիտանացի սպայի գործածութիւնը ուղղակիօրէն կը խախտէր 1907 թուականի Անգլո-Ռուսական Կոնւենցիան, որ կ'ըսէր, թէ Ռուսաստանը պիտի վերահսկէր նման պաշտօնեաները հիւսիսային Իրանի մէջ։ Երբ Ռուսաստանը վերջնագիր ղրկեց՝ կոչ ընելով Շուսթերին հեռացնելու 1911 թուականին եւ սկսաւ զօրքեր յառաջացնել դէպի Թեհրան, յեղափոխութիւնը պաշտօնապէս մեռաւ։
Չնայած որ Իրանի Սահմանադրական Յեղափոխութիւնը չունեցաւ այն երկարատեւ յաջողութիւնը, որուն ժողովուրդը կը յուսար, նախապէս գոյութիւն ունեցող ֆէոտալ համակարգի ֆինանսական բարեփոխումները, ինչպէս նաեւ քաղաքական համակարգի մէջ նշանակալի ազատականութիւնը (liberalism), եղան սահմանադրականներու ջանքերու կողմնակի արդիւնքները։ Աւելի մեծ քաղաքացիական իրաւասութիւն շնորհելը դատարաններուն, կիներու ներգրաւումը քաղաքական ցոյցերու մէջ եւ Մեջլիսի ապագայ ընտրանքը իբրեւ զսպող միջոց թէ՛ ներքին քաղաքականութեան եւ թէ՛ արտաքին միջամտութեան դէմ, բոլոր մնացին յեղափոխութեան անկումէն ետք։ Վերջապէս, թէ՛ Ծխախոտի Շարժումը (Tobacco Movement) եւ թէ՛ Սահմանադրական Յեղափոխութիւնը ցուցադրեցին Իրանի միջին դասակարգերու (յատկապէս առեւտրականներու) եւ հոգեւորականներու միացեալ ուժերու զօրութիւնը։ Այս կազմաւորման գրեթէ կրկնութիւնը, աւելի մեծ յաջողութեամբ, տեղի ունեցաւ 1979 թուականին։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- էլմար Հ., Եփրեմ, Թեհրան, 1964։
- Арутунян Г. С., Иранская революция 1905 - 11 гг. и большевики Закавказья, E., 1956։
- Иванов М. С. Иранская революция 1905 - 1911 гг., M., 1957։
- ↑ (անգլերեն) Constitutionalization attempts in Iran, 2025-07-21, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Constitutionalization_attempts_in_Iran&oldid=1301662297, վերցված է 2025-11-20