Ինքնապաշտպանական Մարտեր (1915)
Չնայած 1915 թուականին ստեղծուած օրհասական դրութեան՝ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Փոքր Ասիոյ շարք մը հայաբնակ վայրերու մէջ հայութիւնը կը դիմէ ինքնապաշտպանութեան։ Այդ հնարաւորութիւն կու տայ բնակչութեան մէկ մասին փրկուելու, իսկ մնացածին՝ զէնքը ձեռքին պատուաւոր մահ ընդունելու։
Վանի ինքնապաշտպանութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ջարդարարներուն առաջին դիմադրութիւնը ցոյց տուաւ Վանի վիլայէթի հայութիւնը։ Հայերը կը դիմագրաւեն թուրք եւ քիւրտ հրոսակները՝ Շատախի, Հայոց ձորի, Գաւաշի, Թիմարի եւ այլ վայրերու մէջ։ Մոկսի հայութիւնը կը փրկուի շնորհիւ տեղի ցեղապետ Մուրթուլլա պէյի։
Առաւել կատաղի եւ անզիջում դիմադրութիւն ցոյց կը տրուի թուրք եւ քիւրտ հրոսակներուն Վան քաղաքին մէջ։ Հայ բնակչութիւնը գլխաւորաբար կեդրոնացած էր Այգեստան (20 հազար հոգի) եւ Քաղաքամէջ (2000 հոգի) կոչուող թաղամասերուն մէջ։
Ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու համար Այգեստանի մէջ կը ստեղծուի զինուորական մարմին։ Անոր մէջ կ՚ընդգրկուին տարբեր կուսակցութիւններու անդամներ եւ ոչ կուսակցականներ՝ Արմենակ Եկարեանը (ղեկավար), Արամ Մանուկեանը, Կայծակ Առաքելը, Պուլկարացի Գրիգորը, Փանոս Թերլեմէզեանը եւ ուրիշներ։ Քաղաքամէջի զինուորական մարմնի ղեկավար կ՚ընտրուի Հայկակ Կոսոյեանը։ Երկու թաղամասերն ալ կը բաժնուին պաշտպանական շրջաններու։ Կը փորուին խրամատներ, կը կառուցուին պաշտպանական ամրութիւններ։ Կանայք եւ աղջիկները զբաղուած էին մարտիկներու, հայ եւ ասորական գաղթականներու համար հագուստ եւ պարէն հայթայթելով։ Երեխաները հանդէս կու գային որպէս կամաւորներ զինուորական մարմնին եւ դիրքերուն միջեւ։ Անոնցմէ ոմանք կը մասնակցէին մարտերուն։ Կազմակերպուած էր զինծառայողական արհեստանոց, ուր կը վերանորոգէին զէնքը եւ կը լիցքաւորէին փամփուշտները։ Այգեստանի մէջ ներքին կարգոկանոնը վերահսկելու համար կազմակերպուած էր ոստիկանութիւն։ Վանի ողջ բնակչութիւնը մէկ մարդու նման դուրս եկած էր կենաց եւ մահու կռիւ մղելու թշնամիին դէմ։ Վանի նահանգապետ Ճաուտէթ պէյը քաղաքի հայութեան դէմ կեդրոնացուցած էր հրետանիով եւ գնդացիրներով զինուած 12 հազարնոց զօրք։ Այգեստանի եւ Քաղաքամէջի հայութեան այս ահռելի ուժին կարող էր հակադրել միայն վատ զինուած եւ 10 անգամ քիչ մարտիկներ։
7 Ապրիլ 1915-ին թուրքերու յարձակումով կը սկսին Վանի ինքնապաշտպանական մարտերը։ Երկուստեք կատաղի հրաձգութիւն կը սկսի։ Վանեցիները յաջողութեամբ յետ կը մղեն հակառակորդի գրոհները։ Հայերը կը կարողանան ոչնչացնել թշնամիի շարք մը դիրքեր եւ ամրութիւններ։ Թուրք-քրտական ուժերը ծանր պարտութիւններ կը կրեն եւ լուրջ կորուստներ կ՚ունենան։ Հայկական թաղամասերու պաշարման մասնակցած գերմանացի սպան կը վկայէ «Հայերը յուսահատօրէն կը պաշտպանուէին բոցավառուող տուներու աւերակներուն մէջ` մինչեւ վերջին շունչը կռուելով ազատ Հայաստանի եւ Սուրբ Խաչի յաղթանակի համար։ Ես հազուադէպ հանդիպած կամ ենթադրած եմ, թէ երբեւիցէ կրկին կը տեսնեմ այդպիսի կատաղի կռիւ, ինչպիսին ականատես եղայ Վանի պաշարման ժամանակ»։
Ռուսական բանակի առաջխաղացումը եւ Վանի հայութեան դիմադրութիւնը կը հարկադրեն թշնամիին դադրեցնել քաղաքի պաշարումը։ Մայիսի սկզբները քաղաք կը մտնեն հայ կամաւորները եւ ռուսական բանակը։
1915 թուականի Մայիսին կը կազմուի Վանի եւ շրջանի ժամանակաւոր վարչութիւն։ Ռուսական հրամանատարութիւնը Արամ Մանուկեանին կը նշանակէ Վասպուրականի նահանգապետ։
Աստիճանաբար քաղաքը եւ ազատագրուած գաւառները բնականոն հունի մէջ կը մտնեն։ Սակայն 1915 թուականի Յուլիսի կէսերուն ռուսական զօրքը անակնկալ կը նահանջէ։ Նահանգի եւ քաղաքի հայութիւնը, չունենալով անհրաժեշտ միջոցներ հակառակորդին դիմագրաւելու համար, ստիպուած կ՚ըլլայ հետեւիլ ռուսական բանակին։ Իրենց օճախները կը լքեն մօտ 200 հազար վան-վասպուրականցիներ։ Անոնց պահպանութիւնը կ՚իրականացնէին հայ կամաւորները, ինչպէս նաեւ ռուսական որոշ զօրամասեր։
Շապին-Գարահիսարի ինքնապաշտպանութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երիտթուրք ջարդարարներուն կատաղի դիմադրութիւն ցոյց կու տայ Շապին-Գարահիսար քաղաքի հայկական թաղամասի բնակչութիւնը։ Այստեղ ինքնապաշտպանական մարտերը կը սկսին 1915 թուականի Յունիսին։ Կը կազմուի զինուորական խորհուրդ, որ կը գլխաւորէ Ղուկաս Տէօվլէթեանը։ 5000-ի հասնող հայ բնակչութիւնը կ՚ամրանայ քաղաքէն ոչ հեռու գտնուող բերդին մէջ, որ կը շրջապատուի թշնամիին կողմէ։
Ինքնապաշտպանական մարտերուն կը մասնակցէին նաեւ հայ պատանիները։ 14 ամեայ Հայկ Թեւեքելեանը կեանքի գնով կը կարողանայ ձախողցնել թրքական գրոհը եւ փախուստի մատնել թշնամին։ Զինամթերքի, պարէնի եւ յատկապէս ջուրի սպառման վտանգը կը ստիպէ գարահիսարցիներուն փորձել յանդուգն գրոհով դուրս գալ շրջապատումէն։
29 Յունիս 1915-ի գիշերը մօտ 1000 հոգիէ բաղկացած հայկական ջոկատը, քանի մը ուղղութիւններով գրոհելով, ծանր մարտերէ յետոյ կը ճեղքէ հակառակորդի օղակը։ Անկէ յետոյ թուրք զինուորները կը ներխուժեն բերդ եւ գազանաբար հաշուեյարդար կը տեսնեն մնացած բնակչութեան հետ։
Մուշի եւ Սասունի ինքնապաշտպանութիւնը[1]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին համաշխարհային պատերազմը (1914-1918) թուրք կառավարութեան հնարաւորութիւն տուաւ իրագործել Սասունը վերջնականապէս ընկճելու եւ հայերը ոչնչացնելու ծրագիրը։ Սակայն Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր մասերէն եկող լուրերը հայերու զանգուածային կոտորածներու մասին, հարկադրեցին սասունցիներուն պատրաստվուիլ ինքնապաշտպանութեան՝ ունենալով միայն 1000 հին ու նոր մարտական եւ որսորդական հրացան։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սասունի պաշտպան խումբերը, որոնց կը գլխաւորէին Փեթարայ Մանուկը, Ռուբէնը, Կոմսը, Իշխան Շառոն, Մուշեղը, Սաղտունցի Յովհաննէսը, Վահան Վարդանեանը, Մշեցի Աճոն (Մկրտիչ Պոլէեան), իշխանաձորցի Արթինը եւ Կրպոն, Ստեփան վարդապետը եւ ուրիշներ, դիրքեր գրաւելով կարեւորագոյն կէտերուն մէջ, 1915 թուականի մարտին հետ շպրտեցին թուրք ու քրտական ուժերը, որոնք յարձակած էին Տալւորիկի վրայ։ Ապրիլ-Մայիսին յամառ մարտեր տեղի ունեցան Խուլփի, Խիանքի, Իշխանաձորի, Սրսփանքի շրջաններուն մէջ։ Չնայած անձնուէր դիմադրութեան, այդ վայրերու հայերը թուրք-քրտական գերակշիռ ուժերու, հրանօթային կրակի ճնշման տակ նահանջեցին դէպի Անտոք սարը։ Յունիսին թուրքերը յարձակեցան Փսանքի շրջանը։ Իրենց հայրենակիցներուն օգնութեան եկած Տալւորիկի մարտիկները յանկարծակի յարձակումով խուճապի մատնեցին քիւրտերը եւ գրաւեցին կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Մազի (Սատանի) կամուրջը։ Այնուամենայնիւ, թուրք-քրտական մեծաքանակ ուժերն աստիճանաբար բոլոր կողմերէն սեղմեցին պաշարման օղակը: Յունիսին Սասունի պաշտպաններուն ձեռքը մնաց ընդամէնը 1200 կմ² տարածութիւն։ Յուլիսին թուրք-քրտական ուժերն անցան վճռական յարձակման։ Յուլիսի սկիզբը թուրք-քրտական 30 հազարնոց բանակը մեծ կորուստներու գնով գրաւեց Կուրտիկը։ Յուլիսի 20-ին հայերը ետ գրաւեցին Շենիկը՝ ձեռք բերելով ռազմավար, այդ կարգին՝ 3 թնդանոթ։
Թուրք-քրտական հրոսակները, համալրուելով Մուշի կոտորածներն իրականացուցած թուրք-քրտական ուժերով, Յուլիս 23-ին անցան նոր յարձակման, գրաւեցին Անտոքի ստորոտը գտնուող Հրմոյի գոմերը, կոտորեցին հայերը, յատկապէս՝ կանանց եւ երեխաներուն։ Անտոքի, Ծովասարի եւ Կեբինի լեռներուն մէջ սասունցիները դիմադրեցին մինչեւ Օգոստոս 3։ Թուրք-քրտական բարբարոսները կոտորեցին պաշտպաններուն մեծ մասը, քիչերը յաջողեցան մարտերով ճեղքել կրակի գիծը։
Յետագա յ ընթացք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ընկճելով Սասունի պաշտպանները՝ թուրք-քրտական ջարդարարները 60 հազար հայերէն աւելի քան 45 հազարը կոտորեցին, մնացածները թաքնուեցան լեռներու ու ձորերու մէջ եւ միայն 1916 թուականի գարնան, երբ ռուսական զօրքերը գրաւեցին Մուշը, քանի մը հազար սասունցիներ իջան լեռներէն եւ փրկուեցան կոտորածէն։ Սասունի ինքնապաշտպանութիւնն ուղղուած էր թրքական կառավարութեան իրականացուցած ցեղասպանութեան դէմ եւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման պայքարի հերոսական արտայայտութիւններէն է։
Մուսա Լեռան հայութեան գոյամարտը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1915 թուականի ինքնապաշտպանական ինքնատիպ մարտերէն էր Սուէտիայի հայութեան նշանաւոր գոյամարտը։ Սուէտիան կը գտնուէր Միջերկրական ծովի առափնեայ շրջանին մէջ եւ կ՚ընդգրկէր վեց հայկական գիւղեր՝ Քեպուսիէ, Վաքըֆ, Խտրպէկ, Եողունօլուք, Հաճի Հապիպլի, Պիթիաս[2]։
1915 թուականի Յուլիսի վերջը, ստանալով գաղթելու հրամանը, տեղի հայութեան մեծ մասը կ՚որոշէ չենթարկուիլ, այլ դիմել ինքնապաշտպանութեան։ Դիմադրութիւնը ղեկավարելու համար կը ստեղծուի զինուորական խորհուրդ։ Անոր մէջ կ՚ընդգրկուին Տիգրան Անդրէասեանը, Յաբէթ Իսկենտէրեանը: Մուսա լեռ կը բարձրանայ աւելի քան 4 հազար մարդ։
Օգոստոսին տեղի կ՚ունենայ առաջին մարտը։ Հայերը յետ կը շպրտեն հակառակորդը։ Այդ պարտութենէն ետք թրքական հրամանատարութիւնը աւելի մեծ ուժեր կը կեդրոնացնէ։ Կը բերուի հրետանի, որ կը սկսի ռմբակոծել հայկական դիրքերը։
Թշնամին մեծ ուժերով, հրետանիի աջակցութեամբ, կատաղի մարտերէ ետք կը կարողանայ մօտենալ հայկական դիրքերուն եւ գրաւել անոնցմէ մէկ քանին։ Հայ մարտիկները, սակայն, հաւաքելով իրենց ուժերը, անակնկալ յարձակումի կը ձեռնարկեն եւ յետ կը շպրտեն հակառակորդը։
Շարք մը անյաջողութիւններէ ետք, թրքական հրամանատարութիւնը այլեւս գործօն մարտական գործողութիւններու չի դիմեր։ Ան աւելի ու աւելի կը սեղմէ պաշարման օղակը՝ սուէտահայերը դատապարտելով դանդաղ սովամահութեան։ Չնայած ծանր դրութեան, հայերը կը պահպանէին ոգիի արիութիւնը։ Լեռան բարձր գագաթներու վրայ անոնք երկու մեծ դրօշներ ամրացուցած էին։ Մէկուն վրայ ասեղնագործուած էր կարմիր խաչ, իսկ միւսին վրայ գրուած էր. «Քրիստոնեաները վտանգի մէջ են»։
Սեպտեմբեր 5-ին հորիզոնին ռազմանաւ մը կ՚երեւի։ Դիտորդները կը սկսին ազդանշան տալ։ Այդ ֆրանսական «Գիշէն» նաւն էր, որ պարեկութիւն կը կատարէր Միջերկրական ծովու այդ մասը։ Հայերը նաւապետէն օգնութիւն կը խնդրեն։
Սեպտեմբեր 10-ին կը սկսի սուէտահայութեան տեղափոխութիւնը։ Առաջին հերթին նաւ կը բարձրանան կանայք, երեխաները եւ ծերունիները։ Տղամարդիկ այդ ժամանակ կը շարունակէին մնալ դիրքերուն՝ ապահովելով իւրայիններու անվտանգ տեղափոխումը։ Ֆրանսական եւ անգլիական նաւերով 4058 հայեր կը հասնին Եգիպտոսի Բորթ Սայիտ նաւահանգիստ։
Սուէտիայի ինքնապաշտպանութիւնը իր արտացոլումը գտած է աւստրիացի նշանաւոր գրող Ֆրանց Վերֆելի «Մուսայ լեռան քառասուն օրը» վէպին մէջ։
Ուրֆայի Հերոսամարտ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տեսնել Ուրֆայի հերոսամարտ էջը[3]
Թուրք ջարդարարներու դէմ վերջին գոյամարտը կը մղէ Ուրֆա (Եդեսիա) քաղաքի հայկական թաղամասի բնակչութիւնը։ Ուրֆայի հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը կը սկսի 1915 թուականի Սեպտեմբերին։ Դիմադրութիւնը կազմակերպելու համար կը կազմուի զինուորական խորհուրդ։ Ղեկավար կ՚ընտրուին Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանը։ Մարտերուն կը մասնակցէին նաեւ կանայք եւ աղջիկներ։
Չնայած հայերու հերոսական դիմադրութեան, հակառակորդը աստիճանաբար կը կարողանայ նախաձեռնութիւնը վերցնել իր ձեռքը։ Թրքական հրետանին մէկը միւսին ետեւէն կը քանդէ հայկական ամրութիւնները։ Մարտիկներու մեծ մասը կամ կը վիրաւորուի, կամ կը զոհուի։ Այդ հնարաւորութիւն կու տայ թշնամիին ներխուժելու հայկական թաղամաս, աւելի ճիշդ՝ անոր փլատակները։ 2300 տուներէն կանգուն էր միայն 50-ը։ Սակայն տուներու փլատակներումն մէջ թաքնուած հայ մարտիկները կը շարունակեն դիմադրել մինչեւ 1915 թուականի Նոյեմբերի կէսերը։ 15 հազար կանայք ու երեխաներ թրքական իշխանութիւններու կողմէ կ՚աքսորուին Միջագետքի անապատային շրջանները։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Սահակեան Ռ. Օ., Ուրֆայի 1915 թուականի հերոսամարտի պատմութիւնից, Պատմա-բանասիրական հանդէս, 1988, № 3, էջ 103-113
- Սահակեան Ռ. Օ., 1915 թ. Վանի հերոսամարտը օտար աղբիւրներում, Լրաբեր հասարակական գիտութիւններու, 1989, № 8, էջ 54-63
- Սահակեան Ռ. Օ., Վասպուրականի հայութեան գոյամարտը 1915 թուականին, Պատմա-բանասիրական հանդէս, 1995, № 1, էջ 19-30
- Սահակեան Ռ. Օ., Վան քաղաքի հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը 1915 թուականին, Հայկական բանակ, 1996, № 1, էջ 15-24
- Սահակեան Ռ. Օ., Շապին-Գարահիսարի ինքնապաշտպանութիւնը 1915 թուականին, Հայկական բանակ, 2005, № 1, էջ 13-18
- Սահակեան Ռ. Օ., Արեւմտահայութեան ցեղասպանութիւնը եւ ինքնապաշտպանական կռիւները 1915 թուականին, Երեւան, 2005
- Саакян Р. О., Самооборонительные бои западных армян в 1915 году, см.: Боевое братство и национальное единство Кавакза в годы Первой мировой войны: материалы международной конференции (Пятигорск 28-30 ноября 2014г.), Ставрополь, 2015, с.55-62.
Ծանօթագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ (հայերեն) Սասունի ինքնապաշտպանություն (1915), 2024-01-24, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%8D%D5%A1%D5%BD%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%AB_%D5%AB%D5%B6%D6%84%D5%B6%D5%A1%D5%BA%D5%A1%D5%B7%D5%BF%D5%BA%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6_(1915)&oldid=9035919, վերցված է 2025-08-05
- ↑ Մուսա Լերան Հերոսամարտ, 2024-04-09, https://hyw.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%84%D5%B8%D6%82%D5%BD%D5%A1_%D4%BC%D5%A5%D6%80%D5%A1%D5%B6_%D5%80%D5%A5%D6%80%D5%B8%D5%BD%D5%A1%D5%B4%D5%A1%D6%80%D5%BF&oldid=225462, վերցված է 2025-08-05
- ↑ Ուրֆայի Հերոսամարտ, 2020-05-03, https://hyw.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%88%D6%82%D6%80%D6%86%D5%A1%D5%B5%D5%AB_%D5%80%D5%A5%D6%80%D5%B8%D5%BD%D5%A1%D5%B4%D5%A1%D6%80%D5%BF&oldid=174225, վերցված է 2025-08-05