Jump to content

Ինքնաշարժ

Լեքսիւս վաճառանիշով ինքնաշարժ

Ինքնաշարժ (ժառանգուած գրաբարէն, իր կարգին բաղադրեալ բառ մըն է ինքն +‎ -ա- +‎ շարժեմ), սեփական շարժիչով փոխադրամիջոց մը, որ ցամաքի վրայ կը շարժի[1][2]։

Ինքնաշարժներու արագ եւ յարմարաւէտ տեղաշարժը ապահովելու նպատակով կը կառուցուին յատուկ մայրուղիներ կամ ամուր ծածկով ճամբաներ։

Ինքնաշարժները կ'ունենան չորս անիւ:

Անոնցմէ շատերը նախատեսուած են մարդոց եւ փոքր քանակութեամբ բեռներ տեղափոխելու համար, սակայն գոյութիւն ունին նաեւ յատուկ բեռնատար եւ ռազմական ինքնաշարժներ։

Ինքնաշարժները աւելի քան մէկ դար է, որ կ'օգտագործուին եւ այսօր անոնք համաշխարհային մակարդակով անբաժանելի մաս կը կազմեն արդի փոխադրութեան համակարգին։

Ծագումնաբանութիւն[3]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անգլերէնի “car” բառը կը կարծուի որ ծագած է Լատիներէն carrus/carrum՝ «անիւներով փոխադրամիջոց» կամ (հին հիւսիսային ֆրանսերէնի միջոցով) Միջնադարեան Անգլերէնի carre՝ «երկու անիւանի սայլ», որոնք երկուքն ալ իրենց կարգին կ'առաջանան Կաղլերէնի karros՝ «մարտակառք» բառէն։ Անիկա սկզբնապէս կը վերաբերէր ձիերով քաշուող որեւէ անիւներով փոխադրամիջոցի, ինչպէս՝ սայլին (cart), կառքին (carriage), կամ բեռնասայլին (wagon)։ Այս բառը կը գտնուի նաեւ այլ Քելթերէն լեզուներու մէջ։

«Մոթոր քար» (“Motor car”) արտայայտութիւնը, որ հաստատուած է 1895-էն ի վեր, սովորական պաշտօնական թերմինն է Բրիտանական Անգլերէնի մէջ։ «Աւթոքար» (“Autocar”), որ նոյնպէս հաստատուած է 1895-էն ի վեր եւ բառացիօրէն կը նշանակէ «ինքնաշարժ մեքենայ», այժմ համարուած է հնացած։ «Ձիաւոր չ'ունեցող կառք» (“Horseless carriage”) արտայայտութիւնը հաստատուած է 1895-էն ի վեր։

Ինքնաշարժի գաղափարը ծնունդ առած է ԺԹ. դարու վերջաւորութեան, իսկ առաջին ինքնաշարժները կառուցուած են 1880-ական թուականներուն[4]։ Քարլ Պենզի (Karl Benz) կողմէ 1886-ին ստեղծուած "Benz Patent-Motorwagen"-ը կը համարուի առաջին գործնական վառելանիւթով (պենզինով) բանող ինքնաշարժը[5]։

Ժամանակակից Ինքնաշարժներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այսօրուան ինքնաշարժները օժտուած են բազմաթիւ արհեստագիտական նորամուծութիւններով՝

  • Անվտանգութեան համակարգեր (օդային բարձիկներ ABS),
  • Շրջակայ միջավայրի վերահսկողութիւն (բնապահպանման մաքուր շարժիչներ),
  • Ճանապարհային տեղեկատուութիւն եւ GPS համակարգեր,
  • Ինքնավարումի եւ ելեկտրական շարժիչներ։

Ինքնաշարժը դարձած է ժամանակակից քաղաքակրթութեան հիմնական տարրերէն մին։ Անիկա կը ծառայէ ոչ միայն անհատներու, այլեւ՝ տնտեսական, հանրային, արտակարգ եւ պետական կառոյցներու կարիքներուն։ Կարգ մը երկիրներու մէջ՝ ինչպէս Գերմանիա, Ճափոն, Միացեալ Նահանգներ եւ Չինաստան, ինքնաշարժներու արտադրութիւնը համաշխարհային տնտեսութեան հիմնական ոլորտներէն մէկը կը համարուի։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]