Ինքաներու Կայսրութիւնը

Ինքաներու Կայսրութիւնը, ԺԲ. եւ ԺԴ. դարերուն Հարաւային Ամերիկայի մէջ հիմնուած ամէնէն հզօր կայսրութիւնը:
Անոնք արեւը կը պաշտէին եւ ոսկեայ սքանչելի առարկաներ կը շինէին զայն պատուելու համար:
Բնակավայր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ինքաները կ'ապրէին Անտեան լեռնաշղթայի լեռներուն վրայ, աւելի քան 4500 քմ. երկարութեամբ հողամասի մը վրայ:
Անոնց մայրաքաղաքը կը կոչուէր Քուզքօ. Ինքաներուն Քեչուա լեզուով ասիկա կը նշանակէ`«աշխարհին պորտը»[1]:
Սափա Ինքա` Աստուած Թագաւորը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սափա Ինքա կոչուած կայսրը ընկերութեան ամէնէն կարեւոր անձնաւորութիւնն էր. ան միաժամանակ բացարձակ իշխանութեան տէրն էր եւ կրօնական պետ մը:
Արեւու Որդին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ինքաները կը պաշտէին բնութենէն ներշնչուած բազմաթիւ աստուածներ, ինչպէս` լեռները, լիճերը, որոտումը եւ արեւը:
Սափա Ինքան կը համարուէր արեւու որդին եւ իբրեւ միջնորդ կը ծառայէր մարդոց եւ աստուածներու աշխարհներուն միջեւ:
Ան օծեալ անձ մըն էր: Ոչ մէկը իրաւունք ունէր անոր աչքերուն մէջ նայելու, ո՛չ ալ անոր հետ ուղղակիօրէն խօսելու:
Սափա Ինքան կը գտնուէր շատ լաւ կազմակերպուած ընկերութեան մը գլխուն: Ան կ'ընտրէր կրօնականները, բանակին պետերը եւ դատաւորները` իր ընտանիքին անդամներէն եւ կը հսկէր հունձքերու հաւասար բաշխումին վրայ`յեղաշրջումներէն խուսափելու համար:
Կայսրը եւ իր կինը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սափա Ինքա տիտղոսը կ'անցնէր հօրմէն զաւակին: Կայսեր կինը կը կրէր «քոյա» տիտղոսը, որ «աստղ» կը նշանակէ քեչուա լեզուով: Կայսրը ունէր նաեւ բազմաթիւ ուրիշ կիներ:
Դաժան զոհաբերութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սափա Ինքան կը նախագահէր կրօնական մեծ տօներուն` արեւու տաճարին մէջ: Այս արարողութիւններուն ընթացքին ան անասուններ կը զոհէր: Երկրաշարժերու կամ հրաբխային ժայթքումներու նման մեծ աղէտներէ ետք, ան երբեմն նոյնիսկ մարդկային զոհեր կը մատուցէր աստուածներուն` անոնց զայրոյթը հանդարտեցնելու համար:
Ոսկեայ իշխան մը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կայսրը ոսկեայ սքանչելի գոհարեղէններ կը կրէր, ոսկեայ գահի մը վրայ կը նստէր, ոսկեայ պնակներու մէջ կ'ուտէր եւ ոսկեայ թելերով հիւսուած սաւաններու վրայ կը քնանար: Ինքաներուն համար այս արժէքաւոր մետաղը կը ներկայացնէր արեւուն արցունքները:
Անոնք ոսկեայ արձանիկներ կամ դիմակներ կը շինէին` արեւու պաշտամունքին յատուկ[2]:
Ժողովուրդին կեանքը
Բազմաթիւ Ինքաներ կ'ապրէին լեռնային պզտիկ գիւղերու մէջ: Անոնք հնարած էին զարմանալի դրութիւններ`տեղափոխուելու, հաղորդակցելու եւ շատ տոկուն կառոյցներ շինելու համար:
Իւրաքանչիւր գիւղացի պէտք էր իր հունձքերը երեքի բաժնէր. մէկ բաժինը պիտի ծառայէր իբրեւ նուիրատուութիւն արեւ-աստուծոյ, միւս բաժինը կը պատկանէր Սափա Ինքային, իսկ վերջինը կը բաժնուէր բոլորին միջեւ: Հիւանդները եւ ծերերը ապրուստ մը կը ստանային` առանց աշխատելու:
Լաման
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ինքաները կ'ապրէին լամաներուն եւ անոնց «զարմիկ» անասուններուն հետ: Ուղտերու ընտանիքին պատկանող այս անասունները անոնց կը հայթայթէին կաթ, միս եւ բուրդ: Անոնք կը գործածէին նաեւ ապրանքներ կամ շինութեան նիւթեր փոխադրելու համար:
Երկրագործութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ինքաները իրենց դաշտերը կը շինէին դարատափի ձեւով: Լեռներուն բարձունքներուն վրայ անոնք կը ցանէին գետնախնձոր եւ քինօա, որ շատ դիմացկուն ընդեղէն մըն է, միջին բարձունքներուն վրայ` Կորեկ եւ լուբիա, իսկ աւելի տաք դաշտերուն մէջ` լոլիկ, պղպեղ եւ քաքաօ: Անոնք գետերուն հունը կը փոխէին եւ յատուկ ջրանցքներ կը շինէին իրենց դաշտերը ջրելու համար:
Ինքաներուն մեծ մասը անասնաբոյծ, երկրագործ կամ արհեստագործ էր: Անոնք կ'ապրէին չոր խոտերով տանիքներով քարէ տուներու մէջ:
Անոնք իրենց հագուստները կը հիւսէին եւ թրծուած կաւէ առարկաներ ու փայտէ գործիքներ կը շինէին:
Ճամբաներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աւելի արագ եւ աւելի դիւրութեամբ տեղափոխուելու համար կայսրութեան մէկ կողմէն միւսը Ինքաները շինած էին աւելի քան 29000 քմ սալաքարէ ճամբաներ: Սակայն, հակառակ ասոր, անոնք ծանօթ չէին անիւին: Հետեւաբար անոնք քալելով կը տեղափոխուէին:
Ճարտարապետներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ինքա ճարտարապետները հնարած էին շինութեան յատուկ թեքնիք մը, որպէսզի կառոյցները կարենան տոկալ շրջանի երկրաշարժերուն: Պատերը կազմուած էին իրարու մէջ մտած քարերէ, որոնք կրնային իրարու վրայ սահիլ առանց փուլ գալու: Պատուհաններուն եւ դռներուն ձեւը զանոնք աւելի դիմացկուն կը դարձնէին:
Հաշուիչ մեքենայ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ինքաները ո՛չ կարդալ, ո՛չ ալ գրել գիտէին. սակայն անոնք կը գործածէին «Քուիփի» կոչուած շատ հնարամիտ առարկայ մը: Այս «գործիքը» կազմուած էր իրարու կապուած պարաններէ: Այս պարաններէն իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէր առարկայի տեսակ մը եւ իւրաքանչիւր հանգոյց` թիւ մը:
Այս գործիքը կարելիութիւնը կու տար հաշուելու, օրինակի համար, հունձքերուն, ոսկիին քանակը, բնակչութեան թիւը:
Յարգի կերպասներ

Կիները սքանչելի կերպասներ կը հիւսէին: Անոնք բնական ներկեր կը գործածէին բուրդը ներկելու՝ զայն հիւսելէ առաջ: Ապա անոնք կ'ասեղնագործէին երկրաչափական ձեւեր եւ նշաններ, որոնք կը պատմէին Ինքաներուն առասպելները[3]:
Քրիստոֆըր Քոլոմպոսը Ամերիկան գտնելէն ետք, սպանացի նուաճողներ կը գրաւեն Ինքաներուն հողերը`ոսկի փնտռելով: Անոնք Ինքաներուն կը փոխանցեն մինչեւ այդ ժամանակները Հարաւային Ամերիկայի մէջ անծանօթ հիւանդութիւններ, իսկ վերապրողները ստրուկներու կը վերածեն:
1570 թուականին Ինքաներուն քաղաքակրթութիւնը վերջնականապէս կ'անհետանայ: