Jump to content

Ինահոս (դիցաբանութիւն)

Ինահոս
Ίναχος
Վարած պաշտօններ թագաւոր
Ամուսին

Մելիա Արղիա

Colaxe
Ծնողներ Ովկիանոս եւ Թիթիս
Երեխաներ

Իօ Միքինի Արղոս Բանոբթիս Ֆորոնէաս Ֆիլոդիքի Բիյեւս

Քասոս

Ինահոս (յուն․՝ Ίναχος)․ ւստ հին յունական դիցաբանութեան, եղած է Արղոսին առաջին թագաւորը։ Անունը տուած է Ինահոս գետին որ կ՛որոգէ Արղոլիքոս դաշտը, ինչպէս նաեւ Էթոլոաքարնանիա նահանգին մէջ գտնուող համանուն վտակին։ Ժամանակակից պատմաբանները յանգած են այդ եզրակացութեան, թէ Ինահոս Արղոսին հնագոյն աստուածն էր եւ հերոսը։ Իսկ Բաւսանիաս, զայն կը նկարագրէ իբրեւ «Արղոսին հնագոյն թագաւորը որ անունը տուած է ամենամեծ գետին եւ Իրան կը պաշտէր»։ Ան Ովկիանոսին եւ Թիթիսին զաւակն էր։ Ուոլթըր Պարկերտ, կը նշէ թէ յունական պատկերագրութեան մէջ գետերը կը ներկայացուէին ցուլի տեսքով՝ մարդու գլուխով եւ կամ Ախելոոսին գլուխով։

Արղոսի շրջանին մէջ կատարուած հնաբանական պեղումները կը վկայեն քաղաքին կապը Եգիպտոսին եւ Բաբելոնին հետ։ Գետերը չափազանց բերրի ըլլալով, Ինահոս բազմաթիւ զաւակներ ունեցած է։ Անոնցմէ ծանօթ են Բելասղոս, Ֆորոնէաս եւ Էղալէաս մանչ զաւակները, իսկ դուստրերէն՝ Արղիա Իօ, Միքինի, Ամիմոնի, Ֆիլոդիքի (Լեւքիբոսին կողակիցը) եւ հաւանաբար՝ Թիլեդիքի։

[1] [2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]