Իգնա Սարըասլան

Իգնա Սարըասլան
Ծնած է 12 Փետրուար 1945(1945-02-12) (79 տարեկան)
Ծննդավայր Պոլիս, Թուրքիա
Ուսումնավայր Istanbul University-Cerrahpaşa?
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, բժիշկ, բանասէր

Իգնա Սարըասլան (12 Փետրուար 1945(1945-02-12), Պոլիս, Թուրքիա), հայ բանաստեղծ, բանասէր եւ բժիշկ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի մանկապարտէզը։ Միջնակարգի եւ լիսէի իր ուսումը կը ստանայ Սեն Ժոզեֆ ֆրանսական վարժարանին մէջ (աւարտած՝ 1963-ին) ։ 1969-ին Պոլսոյ համալսարանի «Ճերրահ-Փաշա» բժշկական համալսարանէն վկայուած է որպէս՝ վիրաբոյժ։

Գրական կեանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սկսած է գրել 14 տարեկանին։ Աշխատակցած է Պոլսահայ մամուլին, տալով քերթուածներ, գրական յօդուածներ եւ թարգմանութիւններ։

Ունի տեսակցութիւններու շարք մը, կատարուած Ս. Պապին, Աննա Ասլանի, եւ բազմաթիւ երաժիշտ ու բանաստեղծ՝ երեւելի դէմքերու հետ։

Իր բանաստեղծութիւնները թարգմանուած են զանազան լեզուներու եւ հրատարակուած՝ բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ Իր թրքերէն քերթուածները, որոնք հրատարակուած են Թուրք գրական պարբերաթերթերու մէջ, եւ սփռուած Թուրքիոյ ձայնասփիւռներէն, տեղ կը գրաւեն անթոլոժիներու եւ Թուրք լեզուի ու գրականութեան դասագիրքերու մէջ։

1962-ին շահած է Սարգիս Պօղոսեան բանաստեղծութեան մրցանակը։ Իսկ 1973-ին արժանացաւ ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան Հիմնարկի գրական բաժնի Ա. մրցանակին, իր «Լօ»ն, իբր առաջին հատորը «Սփիւռքահայ գրականութիւն» տարեգիրքերուն։

Ինգա Սարըասլան 1990-ին հրատարակեց իր ուսումնասիրած մէկ գործը՝ գեղատիպ հատորով մը, որ կը կրէ հետեւեալ խորագիրը.

«Յիսնամեայ Յուշամատեան Ս. Թագաւոր Երգչախումբի» (1938-1988

1994-ին հրատարակեց իր բանաստեղծութեանց Բ. հատորը. Քառասմբակ Սէրերով, զայն ձօնելով իր տիկնոջ Մարիին որ մանկանց հիւանդութեանց մասնագէտ՝ բժշկուհի է։ Անոնք բախտաւորուած են Լօրա անունով դուստրով մը[1]։

Բանաստեղծական հատորներն են՝ «Լօ» (1974, որ կ'արժանանայ ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան առաջին գրական մրցանակին, վերահրատարակուած՝ 1985-ին Երեւանի մէջ, որպէս՝ «Սփիւռքահայ Գրականութիւն» տարեգիրքերու առաջին հատոր), «Քառասմբակ Սէրերով» (1994, Հայկաշէն Ուզունեան գրական մրցանակ), «Սիրոյ Գոյնը» (1998

Բանաստեղծութիւնները թարգմանուած են տարբեր լեզուներով։ Ունի գրական–հրապարակագրական վաստակ, նաեւ թարգմանութիւններ։

Բանաստեղծութիւններով, գրական-գեղարուեստական ուսումնասիրութիւններով, վերլուծումներով, բանասիրական բնոյթի ուսումնասիրութիւններով աշխատակցած է պոլսահայ մամլոյ հետ («Սրբուհի Տիւսաբի Հետքերուն Վրայ», «Մարմարա», 2006)։

Առաջին եւ միակ հայագիր հեղինակն է, որ ընտրուած է Թուրքիոյ գրողներու միութեան անդամ, ինչպէս եւ Համաշխարհային Գրողներու Միութեան Պատուոյ Խորհուրդի Անդամ։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Բ.-Գ. տարիներ, էջ 211:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն (խմբ. խմբագրող և համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն էջ 47։