Jump to content

Ժայռափոր Եկեղեցական Համալիր (Վանքասար)

Ժայռափոր Եկեղեցական Համալիր

Հիմնական տեղեկութիւններ
Հոգեւոր կարգավիճակ չգործող
Ներկայ վիճակ կանգուն
Ճարտարապետական նկարագրութիւն
Ճարտարապ. ոճ ժայռափոր
Հիմնադրուած 13-րդ դար
Առանձնայատկութիւններ
Գմբեթ(ներ) 0
Շինանիւթ կրաքար

Ժայռափոր Եկեղեցական Համալիր, կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի հարաւ-արեւելքը, Խաչէն գետի աջ ափը, Աղտամ-Մարտակերտ մայրուղիէն 200 մեթր արեւմուտք, Մարաղայ գիւղի դիմաց[1]։

Ճարտարապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համալիրը բաղկացած է[2]․

  • ժայռափոր եկեղեցէ
  • քարոզման հրապարակէ
  • հանգստարան՝ ժայռափոր գերեզմաններէ
  • հանգիստի եւ պաշտամունքի հարթակներէ
  • ժայռափոր աստիճաններէ։

ժայռափոր աստիճաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ժայռափոր աստիճանները սկիզբ առած են լերան ստորոտէն՝ բեկբեկուելով ընդարձակուած դէպի ժայռափոր եկեղեցին։ Ճամբուն մէջտողը ժայռափոր մուտքն է։

Ժայռափոր եկեղեցի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ունի ձգուած անկանոն յօրինուածք։ Հարաւային կողմը ձեւաւորուած է պարզ խորան մը, իսկ անոր ետեւը՝ գաղտնարան։ Արեւելեան պատի կեդրոնական մաստ փորուած է կանոնաւոր կամարաձեւ խորշ, իսկ պատի հիւսիսային հատուածը ծածկուած է խաչապատկերներով, որոնցմէ մէկ քանին ունին յունարէն արձանագրութիւններ[3]։

Եկեղեցին իր յօրինուածքով կը նմանի երկխորան եկեղեցիներուն, որոնք կառուցուած են քրիստոնէական նշանաւոր գործիչներու եւ մարտիրոսներու գերեզմաններու հարեւանութեամբ[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ↑ «Հուշարձան Տարեգիրք», 3-րդ հատոր, 2005 թուական, էջ 167-170։
  2. ↑ «Հուշարձան Տարեգիրք», 3-րդ հատոր, 2005 թուական, էջ 169։
  3. 1 2 «Հուշարձան Տարեգիրք», 3-րդ հատոր, 2005 թուական, էջ 171։