Jump to content

Ժամացոյց

Ժամացոյց, սարք մը, որ կը չափէ ժամանակը[1]։

Ժամացոյցը մարդկութեան հնագոյն գիւտերէն մէկն է։

«Ժամացոյց»ները կրնան ըլլալ պատի, սեղանի, կամ այլ տեսակի։

Պատմական զարգացում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժամացոյցի նախնական տեսակները եղած են արեգակնային (Օգտագործելով արեգակնային ստուերը) կամ ջրային (Ջուրի հոսքին արագութեան փոփոխութեամբ կը չափէ ժամանակը) ժամացոյցները։

Հետագային, մեքենական համակարգերով ժամացոյցներ կը ստեղծուին միջնադարեան Եւրոպայի քաղաքներու մէջ՝ ժամացոյցի խցիկներու միջոցով[2]։

Ժամացոյցները սկզբնական շրջանին ծառայած են կարգաւորելու աշխատանքային ժամանակը, պաշտամունքային ծէսերը եւ առօրեայ կեանքը։

Հետագային ստեղծուած են ժամացոյցներ, որոնք օգտագործուած են գիտական հետազօտութիւններու համար, ինչպէս նաեւ՝ Ելեկտրոնային ժամացոյցներ եւ ձեռքի ժամացոյցներ, որոնք առանձնայատուկ են իրենց կառոյցով եւ շարժական բնոյթով, եւ սովորաբար կը տարբերին սովորական ժամացոյցներէն՝ դառնալով ոչ միայն գործառութային, այլեւ՝ անձնական ոճի եւ զարդարանքի տարրեր։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]