Ժահրային Հիւանդութիւններ

Ժահրային հիւանդութիւններ Հիւանդութիւնները՝ ըլլայ մարդ արարածին մէջ, ըլլայ կենդանիներուն կամ բոյսերուն պարագային, ընդհանրապէս մանրէ մը կամ մակաբոյծ մը կ'ունենան, իբրեւ գործօն դրդապատճառ. այսինքն անոնցմէ մէկուն կամ մի քանիներուն միացեալ ազդեցութեան տակ կը ծագին:

Մանրէները կամ մակաբոյծները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մանրէները կամ մակաբոյծները պարզ աչքով անտեսանելի աշխարհ մը կը կազմեն՝ իրենց ծնունդով, ապրելու ինքնայատուկ պայմաններով եւ բնաջնջուելու ու անհեստանալու կերպով:Կան մակաբոյծներ, որոնք բաւական խոշոր ըլլալով, աչքով կամ խոշորացոյցով տեսանելի են, որմով անոնց կենցաղը դիւրաւ ուսումնասիրելի է, օրինակ՝ քոսութեան (ույուզ) մակաբոյծը զօրաւոր աչք ունեցող մը կրնայ տեսնլ մեր մորթին տակ բացած ակօսները գնդասեղով մը քանդելէ ետք: Բայց անդին կան մակաբոյծներ ալ, որոնք պարզ աչքով անտեսանելի են՝ ինչպէս մանրէները, օրինակ՝ սիֆլիզին մակաբոյծը, գրիչանման բարակ թելի մը պէս յարաշարժ մանրակենսիկ մը: Կենդանական, ինչպէս նաեւ բուսական աշխարհին մէջ մակաբոյծները ուրիշի հաշւոյն ապրող, ուրիշ կենդանիի մը կամ բոյսի մը փակած, անոր կենսահիւթը ծծող յատկութեամբ եւ նկարագրով օժտուած են: Մանրէներն ալ գրեթէ անոնց մօտ բաներ են, բայց իբրեւ ինքնիշխան ապրողներ նկատուած են: Ի վերջոյ մեծ տարբերութիւն մը չունին, քանի որ թէ՛ մին, թէ՛ միւսը ապրելու եւ տեւականանալու համար կը քանդեն կենդանական կամ բուսական կեանքեր, մակաբոյծը նուազ աստիճանով քանդող ինքն ալ չփճանալու մտահոգութեամբ:

Ուրեմն անգամ մըն ալ կը հաստատուի այն իրողութիւնը, որ բնութեան մէջ ամէն ինչ ապրելու տեւականանալու համար միշտ եւ անդադար պայքարի մէջ պէտք է գտնուի, այլ խօսքով կենսունակ ըլլալու համար կռուելու խօսքով կենսունակ ըլլալու համար կռուելու ատակ ըլլալու է: Հակառակը կը նշանակէ անշարժութիւն, մեռելութիւն, կեանքէ զրկուիլ:

Հիւանդութեան տեսակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այլազան հիւանդութիւններու պատճառ ցոյց տալով, մանրէները եւ մակաբոյծները կ'ըլլան անոնց ծագման պատճառ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ առանց բացառութեան բոլոր հիւանդութիւնները մանրէի մը կամ մակաբոյծի մը հետեւանքը չեն: Կան հիւանդութիւններ, որոնք առանց մանրէի մը կամ մակաբոյծի մը միջամտութեան կը ծագին, ատոնք գործարանային խանգարումի մը հետեւանք յառաջ եկած հիւանդութիւններն են: Բնական է, որ այդ տեսակի տկարացած, խանգարուած մարմիններու վրայ, որոնք պայքարելու նուազ միջոցներով զինուած են, մանրէները դիւրաւ կը թառին, զայն կը գրաւեն եւ իրենց աւերը կը գործեն: Մակաբոյծները եւ մանրէները, թէեւ պարզ աչքով անտեսանելի են, բայց մանրագէտ գործիքով կարելի է տեսնել զանոնք ու անոնց կենցաղը ուսումնասիրել:

Մանրագէտ գործիք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շատերուն յայտնի է, որ մանրագէտի գիւտէն ասդին, այդ նրբակառոյց գործիքը հետզհետէ կատարելագործուելով կարելի եղած է մանրէ մը մինչեւ 32003500 անգամ մեծցնել: Բայց անկէ անդին կայ շատ աւելի փոքր կենդանական աշխարհ մըն ալ, որ ժահրային աշխարհն է: Այս վերջին տասնամեակին հնարած են «ելեկտրոնիք» մանրագէտ մը, որ մինչեւ 50,000 անգամ կը խոշորցնէ մանրէները: Բայց եւ այնպէս այդքան խոշորցնելն ալ բաւարար չէ, ու դեռ կան այլ ժահրային հիւանդութիւններ, որոնց պատճառ եղող ժահրերը մեզի անտեսանելի կը մնան, իսկ անոնց գոյութիւնը եւ ինքնայատկութիւնները մենք կրնանք փորձերով եւ անոնց պատճառած հիւանդութիւններով փաստել: Ախտաբանութեան մէջ ժահրերու կատարած դերը խիստ մեծ է: Օրինակ՝ բոյսերուն վրայ «մոզայիք» կոչուող հիւանդութիւն մը յառաջ կը բերեն: Անոնք, որոնք ծխախոտի մշակութեամբ զբաղած են, պիտի գիտնան ծխախոտի մշակութեամբ զբաղած են, պիտի գիտնան ծխախոտի տերեւներուն «մոզայիք» հիւանդութիւնը, որ ժահրի մը հետեւանօք կը յայտնըւի, իսկ կենդանիներուն վրայ ալ կարգ մը հիւանդութիւններ, որոնք մարդկային քաղցկեղին հետ կարելի է բաղդատել, օրինակ հաւերուն խլիրդը կամ ճագարի մասնայատուկ ուռը:

Որո՞նք են ժահրային հիւանդութիւնները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հակառակ «ելեկտրոնիք» մանրագէտի գոյութեան, մարդու մօտ, դեռ կան անտեսանելի բազմաթիւ հիւանդութիւններ, որոնց տրուած է ժահրային հիւանդութիւններ անունը: Ժահրային հիւանդութիւններ են կեղծ կարմրուկը (rubeole), հարսանիթը (rougeole), ջրծաղիկը (varicellea), զունարը (zona), սողնախտը (herpes), թութակախտը (psittacose), ծաղիկի հիւանդութիւնը (variole), եւ անոր պատուաստը, կրիփը, դեղին տենդը, կատաղութիւնը, եւ թերեւս խլիրդը, ինչպէս կը կարծեն ոմանք:

Լեարդի ժահրային հիւանդութիւն կը համարուի մասնաւորապէս` լեարդաբորբի A, B, C խմբաւորումները: Լեարդաթորշումի հիմնական պատճառը լեարդաբորբի C խմբաւորումն է:

Այս ժահրային հիւանդութիւններուն դրդապատճառը մեր մարմնի մէջ ժահրերուն թափանցելու ճամբաներն են: Անոնց մուտքի դռները երբեմն ակնազօդն է (աչքի թաղանթը), որ ուրիշ առթիւ մեր մորթին վրայէն շփուելով կը մտնեն, երբեմն ալ քիթի, բերնի, կոկորդի հուզաթանթներէն ներս կը խուժեն, երթալ թառելու համար ուղեղին վրայ: Ժահր փնտռելու ձեւ մըն է ժահրը պարունակող մարմնի մասը լեսել, քաղցրիի լուծոյթի մը վերածել, յետոյ զտոցէ անցընել, որուն ծակոտկենութիւնը հաշուըուած է, ու կեդրոնախոյս գործիքով մը, որ վայրկեանի մը մէջ 50,000 անգամ կը դառնայ ինքիր վրայ, վայրասուզել պարունակութիւնը, որուն յատակը կը հաւաքուի ժահրը:

Ի՞նչ է ժահրի մը իսկութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ի՞նչ է ժահրի մը կազմը: Բժիշկները, մանրէաբանները, կենսաբանները, քիմիագէտները, կեանքի հարցերով զբաղողները հետամուտ են լուծելու գաղտնիքը: Շատեր կը կարծեն, թէ ապրող էակներ են անոնք, հակառակ անոր որ շատ փոքր են: Ուրիշներ զանոնք կը նկատեն պարզ քիմիական նիւթեր, բնական է մասնայատուկ, քանի որ բազմանալու յատկութիւնը ունին: Միասնականութիւն չկայ անոնց ծագումի հարցին մէջ: Ոմանք կը խորհին, որ ժահրերը դուրսէն բջինջներուն մէջ մտած մարմիններն են. այսպէս մտածող գիտունները մեծամասնութիւն կը կազմեն, իսկ հակառակը մտածողները համոզուած են, որ անոնք բջինջներուն մէջ ինքին կը կազմուին:

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԶԳՈՅՇ Առողջապահական-նախազգուշական պարբերաթերթ Գ. ՏԱՐԻ, ԹԻՒ 1, 2017