Թրիփոլիի Պաշարում (1271)

Թրիփոլիի Պաշարում
Խաչակիրներու արշաւանքներ
'
Թուական 1271 թուական
Վայր Թրիփոլի, Լիբանան
Արդիւնք Թրիփոլիի պաշարումը
Հակառակորդներ
Թրիփոլիի կոմսութիւն Մամլուքներ
Հրամանատարներ
Բոհեմունդ VI Բայբարս I

Թրիփոլիի պաշարում 1271–ին մամլուքները կը պաշարեն Թրիփոլի բերդաքաղաքը։ Այս պաշարումը մամլուքներու խաչակիրներուն վռնդելու քաղաքականութեան շարունակութիւնը եղաւ։

Նախապատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

XIII դարու կիսուն խաչակիրները արդէն կորսնցուցած էին իրենց վաղեմի ամուր դիրքերը արեւելքի մէջ, իսկ 1271–ին, խաչակրաց պետութիւնները մէկ կ՛ենթարկուէին հարաւէն գրոհող մամլուքներու յարձակումներուն, մէկ ալ՝ արեւելքէն գրոհող մոնկոլներու յարձակումներուն, եթէ անոր ալ գումարենք, եւրոպական երկիրներէն բաւարար աջակցութիւն ստանալը, որ խաչակիրներու վիճակը օրհասական էր։ 1260–ին Բոհեմունդ VI-ը իր աներ՝ Հեթում Ա թագաւորի հորդորով Անտիոքը եւ Թրիփոլին մոնկոլներու սիւզերենութեան կը յանձնէ, իսկ իր զօրքը մոնկոլեան բանակ կ՛ուղղարկէ մուսուլմաններու դէմ մարտնչելու։ Մոնկոլները կը յաջողին Աբբասսեանններուն եւ Այուպեաններուն յաղթելու, այդ յաղթանակներն ալ Եգիպտոսին կը նպաստէին Մամլուքներու սուլթանութեան հիմնադրմանը։ Սակայն, նախքան Պաղեստինէն դէպի Եգիպտոս յարձակումը, մոնկոլները ստիպուած եղան Կարակորում վերադառնալու, նոր մեծ խան ընտրելու համար։ Մոնկոլական բանակի մէկ մասը Կիտբուկայի հրամանատարութեամբ Սուրիոյ մէջ մնաց եւ Պաղեստինի մէջ մասնակից դարձաւ ծաւալուող ռազմական գործողութիւններուն։ Խաչակիրները եւ մամլուքները զինադադար եղան, ինչ որ թոյլ տուաւ մամլուքներուն, խաչակիրներու տարածքով դէպի հիւսիս առաջանալու, իսկ 1260-ին Այն Ճալութի ճակատամարտին մէջ տարած յաղթանակը, ժամանակաւորապէս ազատեց մամլուքներու ձեռքերը Պաղեստինի մէջ: Երբ մոնկոլական բանակի հիմնական ուժերը 1262-ին վերադարձան, այդպէս ալ չկրցան վրէժ լուծել պարտութեան համար։ Ընդ որուն, մամլուքները խաչակիրներու ձեռքէն սկսան Լեւանտի միւս մասը վերադարձնել։ 1244-ին Երուսաղէմը գրաւելէ ետք, եգիպտական մամլուքները սկսան մէկը միւսի ետեւէն նուաճել խաչակիրներու բերդերը։

1268-ին մամլուքները պաշարեցին եւ Անտիոքը նուաճեցին, արդիւնքը այն էր որ Բոհեմունդ VI-ի ձեռքը մնաց միայն Թրիփոլին: Բայբարս IԲոհեմունդ VI-ին ուղղուած նամակին մէջ, սուլթանը ամբողջովին կը սպառնայ խաչակիրները վերջնականապէս ջնջել եւ կը հրճուի անոնց ու մոնկոլներու առաջնորդ՝ Աբակայի դաշինքի վրայ։

«Մեր դեղին դրօշները փոխարինեցին քու կարմիրներուն, եւ զանգերու ձայները փոխարինուեցան "Ալլահ Ակբար"-ով(...) Նախազգուշացուցէք ձեր եկեղեցինները, եւ պատերը սպասարկողներուն, որ շուտով մեր պաշարողական մեքենաները անոնց հետ կը զբաղուին, ձեր ասպետներուն տեղեկացուցէք, որ շուտով մեր սրերը եւ տուները կը մտնեն(...) Մենք կը տեսնենք, թէ ինչ գին ունի ձեր դաշինքը Աբակայի հետ»
- Letter from Baibars to Bohemond VI, 1271[1]

Պաշարում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բոհեմունդ VI-ը զինադադարի խնդրանքով դիմեց սուլթանին։ Սակայն Բայբարս I անոր թուլամորթութեան վրայ հռճուալով պատասխանեց, որ հաշտութիւն կը կնքէ, եթէ կոմսութիւնը հոգայ մամլուքներու ընկերութեան բոլոր ծախսերուն։ Բոհեմունդ VI այնքան հպարտ էր, որ հրաժարեցաւ առաջարկէն։ Այդ ժամանակ մամլուքները արդէն պաշարած էին քաղաքը, բայց միեւնոյն ժամանակ տեղեկութիւններ հասան, որ Անգլիոյ արքայ Էտուարտ I-ի գլխաւորութեամբ, խաչակիրները Սուրբ Երկիր ժամանեցին: Էտուրատ I 9 մայիս 1271-ին Աքքա մտած էր, ուր անոր միացաւ Բոհեմունդ VI-ը իր զարմիկ՝ Գուգո III-ի հետ միասին[2]:

Բայբարս I ընդունեց Բոհեմունդ VI-ի զինադադարի առաջարկը եւ դադրեցուց Թրիփոլիի պաշարումը, անոր փոխարէն իր ուժերը կերդոնացուց Տամասկոսի մէ, ապագայ մարտի պատրաստուելով։ Էտուարտ I-ը քայլեր ձեռնարկեց մոնկոլներու հետ համատեղ ռազմական գործողութիւններ սկսելու համար, սակայն մոնկոլները զբաղած էին ներքին հակամարտութիւններով, իսկ միայն Էտուարտ I-ի սեփական ուժերը բաւարար չէին մամլուքներու դէմ արդիւնոտ պայքար կազմակերպելու համար։ Հետեւաբար ան կ՛որոշէ հաշտութեան պայմանագիր կնքել մամլուքներու հետ եւ Անգլիա վերադառնալ։

Հետեւանքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յաջորդ մեծ ռազմական գործողութիւնները Թրիփոլիի կոմսութեան դէմ տեղի ունեցած են 1289-ին մամլուքներու սուլթան Կալաունի հրամանատարութեամբ։ Վերջինս յաջողեցաւ պաշարել եւ Թրիփոլին գրաւել` այսպիսով ոչնչացնելով Թրիփոլիի կոմսութիւնը։ Այնուհետեւ ան նախաձեռնեց խաչակիրներու վերջին մեծ ամրոցը պաշարելու` Սեն Ժան տէ Ակրը, սակայն պաշարումը տակաւին չսկսած՝ 1290-ին մահացաւ: Աքքայի նուաճումը 1291-ին կ՛իրականանցնէ անոր որդի Հալիլ ալ Աշրաֆը։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Quoted in Grousset, p.650
  2. Mongols and Mamluks, p. 125