Թռչուններ

Թռչունները տաքարիւն կենդանի էակներ են, որոնք մաս կը կազմեն «Աւես» դասակարգին։
Անոնք ունին փետուրներ, ակռայ չունին, ձու կ'ածեն եւ ունին թեթեւ բայց ամուր կմախք։
Թռչունները կը գտնուին աշխարհի բոլոր կողմերուն։
Ամէնէն պզտիկը մեղրաթռչունն է (5,5 սմ), իսկ ամէնէն մեծը՝ ջայլամը (շուրջ 2,8 մեթր)։
Գիտնականները 11.000-է աւելի տեսակ բնորոշած են, որոնք բաժնուած են շուրջ 44 խումբերու։ Կէսէն աւելին կը կոչուին նստակեաց թռչուններ։
Թեւերը թռչուններուն համար գլխաւոր յատկանիշ են։ Բազմաթիւ տեսակներ թռչելով կը շարժին, սակայն կան նաեւ այնպիսիք, որոնք չեն թռչիր, ինչպէս՝ փենկուէնները կամ ջայլամը։ Ջրային թռչուններուն թեւերը եւ մարմինը յարմարած են լողալու։
Թռչունները ծագած են Տայնըսորներէն եւ անոնց ամէնէն մօտ կենդանի ազգականները կոկորդիլոսներն են։ Առաջին թռչունները սկսած են ապրիլ միլիոնաւոր տարիներ առաջ։
Թռչունները իրարու հետ կը հաղորդակցին ձայնով, երգով եւ շարժումով։
ԲԱզմաթիւ տեսակներ զոյգ կը կազմեն բուծման շրջանին եւ ձագերը կը խնամեն միասին։ Ձագերը կը ծնին ձուէն։
Մարդուն համար թռչունները շատ օգտակար են։ Անոնցմէ կը ստանանք ձու, միս եւ փետրիկներ։ Որոշ տեսակներ կը պահուին իբրեւ տնային անասուն, իսկ թռչուններու արտաթորանքը կը գործածուի իբրեւ պարարտանիւթեր։ Բազմաթիւ մարդիկ ալ կը զբաղին թռչնադիտարկումով։
Այսօր շուրջ հազար տեսակ թռչուն վտանգի տակ է, եւ տարբեր ծրագիրներ կը կատարուին անոնց պահպանման համար[1]։