Jump to content

Թումանեանի անուան այգի

Թումանեանի անուան այգի

Թումանեանի անուան այգի, կը կոչուի նաեւ ''Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան զբօսայգի (նաեւ յայտնի է որպէս Թումանեան այգի, ժողովրդական լեզուով երբեմն կը կոչուի Թումոյի այգի), զբօսայգի Երեւանի Աջափնեակ համայնքին մէջ[1]՝ Քիեւեան կամուրջի հարեւանութեամբ։


Թումանեանի անուան այգին կը գտնուի «ԷյՓիՋի Լաբս ԷյԷմ» հասարակական կազմակերպութեան խնամակալութեան ներքոյ[2], 100 տարի վարձակալման ժամկէտով[3]։ Այգիին տարածքը կը կազմէ 7 հա.։ Այգին տեղակայուած է Հրազդան գետի կիրճին մէջ, արեւմուտքէն կը սահմանազատուի Հալապեան փողոցով, հարաւէն՝ կիրճը հատող Հրազդանի մեծ կամուրջով, արեւելքէն՝ գետի հունով, իսկ հիւսիսէն՝ «Թումո» կեդրոնի շէնքով։ Այդ պատճառով ալ խօսակցականով կը կոչուի նաեւ «Թումոյի այգի»։

Այգին, որ կոչուած է հայ գրող եւ ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի անունով, բացուած է 1970 թուականին՝ անոր ծննդեան 100-ամեակին առիթով։ 1973 թուականին այգիին մէջ տեղադրուած է Թումանեանի «Անուշ» ստեղծագործութեան հերոսներու՝ Անուշի ու Սարոյի արձանը։ 1986 թուականին այգիին մէջ տեղադրուած է Թումանեանի մէկ այլ հերոսի՝ Լոռեցի Սագոյի արձանը։

1990-ական թուականներուն երկրի ֆինանսական անբարենպաստ իրավիճակին պատճառով այգին անկում ապրած է, ծառերուն մէկ մասը հատուած է։

2009-2010 թուականներուն այգին վերակառուցուած է եւ մինչեւ օրս կը խնամուի բացառապէս «Թումօ» ստեղծարար թեքնոլոկիաներու կեդրոնին կողմէ: Այգիին մէջ տեղադրուած է ոռոգման արդիական համակարգ, կահաւորուած է խաղադաշտեր՝ ոտնագնդակի ու պասքէթպոլի համար, կառուցուած է մանկական խաղահրապարակներ, տնկուած է շուրջ 1000 ծառ, կառուցուած է հետիոտնային ու հեծանիւային ուղիներ։ «Արագած» լքուած կինոթատրոնի մօտ, որ տեղակայուած էր այգիին հարող տարածքին մէջ, կառուցուած է «Թումօ» ստեղծարար թեքնոլոկիաներու կեդրոնը։

Ներկայիս այգին ժողովրդականութիւն կը վայելէ քաղաքի բնակչութեան մօտ[4]։

  1. Երեւանի այգիներ — տեղեկութիւններ Երեւանի պաշտօնական կայքին մէջ
  2. «Համահայկական ցանց՝ Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան զբօսայգիին մէջ տեղի կ'ունենայ «Զատիկի տօնը Թումանեան այգիին մէջ» միջոցառումը»։ 10 Ապրիլ 2009։ արտագրուած է՝ 23 Օգոստոս 2011–ին
  3. «Այգին կը բացուի երեք ամիսէն»։ 18 Մայիս 2010-ին։ արտագրուած է՝ 23 Օգոստոս 2011–ին
  4. Анна Перян (12 Յուլիս 2015)։ «ПАРК ИМЕНИ ОВАНЕСА ТУМАНЯНА. ВОЗРОЖДЕНИЕ.»։ արտագրուած է՝ 1 Օգոստոս 2018