Jump to content

Թուղթ զաւակներուս (Եդուարդ Պօյաճեան)

Թուղթ զաւակներուս խրատագիր հայ բանաստեղծ, արձակագիր, հրապարակագիր, քննադատ, խմբագիր եւ ուսուցիչ Եդուարդ Պօյաճեանի գրիչով։ Այս գործը բաց սրտով խօսք մըն է, ուղղուած՝ իր զաւակներուն։ Այս գիրքով ան իր բոլոր կոչումներէն անդին անցնելով կը հանդիսանայ հայր։[1][2]

Այս գիրքին մէջ Պօյաճեան զաւակներուն առջեւ կը պարզէ աշխարհը՝ իր առաւելութիւններով եւ թերութիւններուն, ինչպէս նաեւ կ՛արծարծէ զանազան հարցեր, կը ներկայացնէ մարդիկը իրենց մտայնութեամբ եւ հոգեբանութեամբ։[1][2]

Գիրքին սկիզբը կը շեշտէ, որ ինք լոկ հայր մը չէ այս գիրքին մէջ, ոչ ալ զաւակները սովարական մարդիկ են, այլ բոլոր ուրիշներէ կը տարբերին անով, որ ՀԱՅ են՝ հայ ծնողք եւ հայ զաւակ։[1][2]

Ան խորհուրդ կու տայ չունենալ պզտիկ սէր մը, այլ՝ մեծագոյնը, շքեղագոյնը, աստուածեղէնը, որ մարդը իր գերագոյն որակին հասցնող միակ զօրութիւնն է, ուրկէ կը բխին միւս բոլոր զօրութիւնները։ Պօյաճեան իր զաւակները կը նախապատրաստէ գալիք փուլին, անոնց կ՛ըսէ, որ միշտ պատրաստ ըլլան վէրք ստանալու, չհիմնուելու ժպիտներու վրայ՝ շեշտելով, որ ցաւին դէմ ճակատամարտը պիտի տեւէ ցմահ։ Իսկ որքան ալ հոգին նեղուած ըլլայ, պարտաւոր են չափաւոր ուրախութիւն հայթայթել մարմնին։[1][2]

Պօյաճեան այս թուղթով միայն իր զաւակները չէ, որ կը խրատէ, այլ ամբողջ սերունդներ կը յորդորէ։ Գիրքը պահած է իր այժմէականութիւնը։[1][2]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 atamian nayiri (2024-12-23)։ «ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՕՅԱՃԵԱՆ՝ ԿՈՐՈՒՍՏԻ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ»։ Pakine (en-US)։ արտագրուած է՝ 2025-09-21 
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 «Ե­դո­ւարդ ­Պո­յա­ճեան (1915-1966)»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2017-10-12։ արտագրուած է՝ 2025-09-21