Jump to content

Թուղթ

Թուղթը բուսական թելերէ մշակուած եւ միահիւսուած բարակ թերթանման նիւթ է, որուն թելերը իրարու կը կապուին կառչման մակերեւութային ուժերով[1]։

Թուղթի գիւտէն առաջ, եգիպտացիները պապիրոսի[2] բոյսէ էջերու վրայ կը գրէին, հռոմէացիները` մոմէ կամ փայտէ տախտակներու վրայ:

Միջին դարերու գիրքերը մագաղաթէ կը կազմուէին` անասուններու մորթէ էջեր:

Չինացիները առաջին անգամ մտածած են ինչպէ՛ս թուղթ շինել:

105 թուականին արեւելքի Հան չինական կայսրութեան (Ք.Ե. 25-220) աշխատանոցներուն մէջ, աշխատանոցի պատասխանատու մը` Քայ Լուն, ծառի կեղեւներ, կանեփ եւ ձկնորսութեան հին ցանցեր կը գործածէ թուղթ շինելու համար: Ան ասոր արդիւնքը կը ներկայացնէ Հան կայսր Հետիի, որ զայն կը վարձատրէ:

Քայ Լունի շինած թուղթը շատ աւելի աժան էր, քան մետաքսը, զոր չինացիները կը գործածէին վրան գրելու համար. անիկա շատ աւելի գործնական է, քան նաեւ`եղէգէ շինուած ծանր տախտակները:

Պատրաստութեան Յատուկ Հանգրուաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս թուղթի պատրաստութեան սկզբնական «խոհագիրը» յստակ չէ: Ուսումնասիրութիւններու շնորհիւ, կ'ենթադրուի, թէ հին թուղթերը շինուած էին բուսական թելերէ, ինչպէս` կանեփը, հնդկականեփը, թթենին կամ եղէգը: Թուղթը աւելի բարակ, տոկուն եւ փայլուն դարձնելու համար կ'աւելցուէին նաեւ տարբեր բուսական նիւթեր:

Այս բոլոր նիւթերը եռացած ջուրի մէջ կը դնէին քանի մը օր եւ կը ծեծէին խիւս մը ստանալու համար: Ապա այս խիւսը կը տարածուէր մաղի մը վրայ, որպէսզի չորնար, ապա քարով մը կը տափակցուէր:

Գունաւոր թուղթեր

Չինաստանի մէջ վրձինին, չինական մելանին եւ կաղամարին կողքին, թուղթը կը դառնայ ուսեալին գանձերէն մէկը: Կարգ մը գրագէտներ թուղթերը շինել կու տային պղպեղի հատիկներով պատրաստուած յատուկ նիւթով մը, որ միջատները հեռու կը պահէր:

Ճկուն, թեթեւ եւ մատչելի գինով թուղթը շատ շուտ կը տարածուի չինական կայսրութեան եւ անոր յարակից շրջաններուն մէջ` ներկայի Վիեթնամ եւ Քորէա: Անոր շինութեան գաղտնիքը կ'անցնի Միջին Արեւելք, Ը. դարուն, ապա արաբները զայն կը տարածեն Եւրոպայի մէջ`միջին դարերուն:

ԺԵ. դարուն, տպագրութեան գիւտին շնորհիւ` անոր գործածութիւնը ընթացիկ կը դառնայ[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]