Թովմա Մեծոփեցի
| Թովմա Մեծոփեցի | |
|---|---|
|
| |
| Ծնած է | 1378[1][2][3][…] |
| Ծննդավայր | Ալի, Erciş ilçesi, Վան, Թուրքիա[3][4] |
| Մահացած է | 24 Մայիս 1446[3][4] |
| Մահուան վայր | Ակոռի, Թուրքիա[3][4] |
| Ազգութիւն | Հայ[3][4] |
| Ուսումնավայր | Տաթևի համալսարան?[3] |
| Մասնագիտութիւն | պատմաբան, ուսուցիչ, մշակութային գործիչ և հանրային գործիչ |
Թովմա Մեծոփեցի (1378[1][2][3][…], Ալի, Erciş ilçesi, Վան, Թուրքիա[3][4] - 24 Մայիս 1446[3][4], Ակոռի, Թուրքիա[3][4]), պատմիչ, մանկավարժ, եկեղեցական, մշակութային եւ հասարակական գործիչ։
Ուսանած է Մեծոփավանքին մէջ՝ Յովհաննէս Մեծոփեցիի քով (1386-1393 թթ.), այնուհետեւ՝ Խառաբաստավանքի վարդապետարանէն ներս՝ աշակերտելով Սարգիս Ապրակունեցիի, ապա՝ Վարդան Հոգոցվանեցի րաբունապետներուն։ 1406-էն ուսանած է Տաթեւի համալսարանէն ներս՝ Գրիգոր Տաթեւացիի քով։ 1410-ին Թովմա Մեծոփեցին ստանձնած է Մեծոփավանքի վանահայրութիւնն ու վարդապետարանի րաբունապետութիւնը՝ պաշտօնավարելով աւելի քան 30 տարի։
Թովմա Մեծոփեցիին գործունէութեան ընթացքին Մեծոփայ դպրոց հրաւիրուած են յայտնի մասնագէտներ, ստեղծուած են դասագիրքեր, կատարուած՝ տարբեր երկերու մեկնութիւններ։ Դպրոցի մատենադարանէն ներս ընդօրինակած, ծաղկած ու կազմած են հայկական բազմաթիւ ձեռագիր մատեաններ։ Մեծոփը դարձած է գրչութեան կարեւոր կեդրոն, ուր Թովմա Մեծոփեցին ուսուցանած է գրչութեան արուեստ, պատրաստած՝ գրագիրներ, գրիչներ, գրչութեան արուեստի ուսուցիչներ։ Թովմա Մեծոփեցին շարք մը պատմական աշխատութիւններու հեղինակ է։ Ամէնայայտնին «Պատմութիւն ԼանկԹամուրայ եւ յաջորդաց իւրոց» (1860, քննական բնագիրը աշխատասիրութեամբ Լ. Խաչիկեանի, 1999) երկն է[5], որ կ'ընդգրկէ 1386–1440-ի իրադարձութիւնները։ Այն XV դ. պատմական հազուագիւտ երկերէն է, կարեւոր աղբիւր՝ Լենկթեմուրի, ինչպէս նաեւ Գարագոյունլու եւ ագգոյունլու քոչուոր ցեղերու մղած պատերազմներու շրջանի Հայաստանի ու Միջին Արեւելքի պատմութեան ուսումնասիրման համար։ Մեծոփեցիի պատմական երկերէն է նաեւ «Յիշատակարանը» (1892), որ կը վերաբերի Հայոց կաթողիկոսական աթոռը Կիլիկիոյ մայրաքաղաք Սիսէն Վաղարշապատ տեղափոխելուն։ Մեծոփեցին նաեւ սրբագրած, խմբագրած ու մշակած է կրօնա-դաւանաբանական, ծիսական, երաժշտական, գեղարուեստական եւ մեկնողական բազմաթիւ երկեր։
Գործունէութիւն[6]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծոփեցիի մանկավարժական գործունէութեան ընթացքին, Մեծոփայ դպրոցին մէջ հանգամանալից հետազօտութեան նիւթ դարձած են գիտութեան, գրականութեան եւ արուեստի գրեթէ բոլոր բնագաւառները։ Հրաւիրուած են ճանչցուած մասնագէտներ, ստեղծուած են դասագիրքեր, կատարուած են տարբեր երկերու մեկնութիւններ եւ այլն։ Դպրոցի մատենադարանին մէջ ընդօրինակած, ծաղկած ու կազմած են հայերէն բազմաթիւ ձեռագիր մատեաններ։ Մեծոփը դարձած է գրչութեան կարեւոր կեդրոն, ուր ան ուսուցանած է գրչութեան արուեստ, պատրաստած 22 ընտիր գրագիրներ, գրիչներ, գրչութեան արուեստի ուսուցիչներ, խմբագիրներ, սրբագրիչներ եւ բազմաթիւ աշակերտներ հասցուցած է վարդապետական աստիճանի։ Մեծոփեցիի գործունէութեան ընթացքին Մեծոփայ դպրոց հրաւիրուած են ճանչցուած մասնագէտներ, ստեղծուած են դասագիրքեր, կատարուած են տարբեր երկերու մեկնութիւններ։ Դպրոցի մատենադարանին մէջ ընդօրինակած, ծաղկած ու կազմած են հայկական բազմաթիւ ձեռագիր մատեաններ։ Մեծոփը դարձած է գրչութեան կարեւոր կեդրոն, ուր Թովմայ Մեծոփեցին ուսուցանած է գրչութեան արուեստ, պատրաստած գրագիրներ, գրիչներ, գրչութեան արուեստի ուսուցիչներ։
1441 թուականին Հայրապետական աթոռը Սիսէն Էջմիածին փոխադրուած էր։ Այն ատեն էական իրադարձութիւն էր հայոց եկեղեցիի եւ արեւելահայ հոգեւորականութեան կեանքին մէջ։ Հայոց եկեղեցական պատմութեան մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այդ իրադարձութեան միակ ամբողջական նկարագրութիւնը տրուած է Թովմայի «Յիշատակարան»-ին մէջ։ Ըլլալով ականատէս այդ դէպքերուն, եւ որ կարեւորն է՝ հիմնական գործող անձերէն մէկը, նկարագրածը ստուգապատում աղբիւր է Էջմիածնի մէջ կաթողիկոսութեան վերականգնման պատմութեան ուսումնասիրութեան համար։ Յիշատակարանը փաստօրէն Պատմութեան շարունակութիւնը կը հանդիսանայ։ Անոր մէջ մոլի հայադաւան Թովման սրտի խոր կսկիծով ու միաժամանակ զայրոյթով կը բացայայտէ 15-րդ դարու առաջին կէսին հայոց եկեղեցիի ապրած խոր ճգնաժամը, անոր նախադրեալներն ու կաթողիկոսական աթոռի փոխադրման դրդապատճառները։ Անարգանքի սիւնին կը գամէ Սիսի կաթողիկոսները, որոնք տեղի տալով պապերու պահանջներուն, ոտնահարած էին հայոց եկեղեցիի աւանդական կանոններն ու սովորոյթները․ նորաձեւութիւններ մտցուցած էին անոր կանոններուն ու ծէսերուն մէջ։
Թովման անզուսպ ատելութեամբ ի յայտ կը բերէ հոգեւորականութեան մէջ արմատացած արատաւոր բարքերը՝ աներկիւղ խստութեամբ գրելով, թէ հոգեւորականները․ «անառակութեամբ եւ արբեցութեամբ եւ պիղծ վարուք շրջէին եւ ինքեանք կապող եւ արձակող նստէին Հայոց»:
15-րդ դարու առաջին կէսին ջլատուած էր հայկական եկեղեցիի միասնութիւնը։ Հայկական առաքելական դաւանանքի ջատագովները բացայայտ պատերազմ հռչակած էին մէկ կողմէ պապականութեան միսիոնարներու եւ հայ ունիթորներու (միարարներու, որոնք Մեծոփեցիի մօտ անուանուած են «աղթարմաներ՝ կախարդներ»), միւս կողմէ Սիսի կաթողիկոսութեան եւ քաղկեդոնականութեան հետ միաբանելու կողմնակիցներու դէմ։ Ժամանակի հոգեւորականութեան առաջաւոր թեւը քաջ կը գիտակցէր այդ պայքարի անհրաժեշտութիւնը, քանի որ կենսական պահանջ կը զգացուէր միաւորելու հոգեւոր ուժերը, ապահովելու հայոց եկեղեցիի միասնութիւնը. այդ կը թելադրէր նաեւ ազգային մշակոյթի ինքնուրոյն զարգացման ու ինքնատիպութեան պահպանման շահերը։ Պատմագիրը ատիկա շատ լաւ հասկցած էր։ Այս պայքարի հիմքը դրած էր Գլաձորի համալսարանի հիմնադիր Եսայի Նչեցին։ Անոր սկսած գործը շարունակած էր իր աշակերտ Յովհան Որոտնեցին, ապա վերջինիս աշակերտ Գրիգոր Տաթեւացին եւ ի վերջոյ անոր աշակերտները՝ Հերմոնի վանքի վարդապետ Յովհաննէսը (մականուանեալ Կոլոտիկ) եւ մեր պատմագիր Թովմայ Մեծոփեցին։ Վերջիններս ալ գլխաւորեցին Էջմիածնի մէջ կաթողիկոսութեան վերահաստատման գործը։ Գարեգին Յովսէփեան ճիշդ նկատած է, որ Թովման առհասարակ ժլատ է իր անձին մասին տուած տեղեկութիւններով։ Անոր առանձին ակնարկներէն կերեւի, որ ան շատոնց տոգորուած եղած է Էջմիածնի մէջ կաթողիկոսութիւնը վերականգնելու գաղափարով։ Աղթամարի կաթողիկոսները անոր աչքին դեռեւս 1410 թուականէն ապստամբ են։
Պատմագիրը հասած էր իր նպատակին, անոր գործադրած ջանքերը իզուր չէին անցած։ Մտաւոր եւ ֆիզիքական աշխատանքով ան ամէն կերպ կը ձգտէր շուտով իրականացած տեսնել իր փափաքը։ Շինարարական իր աշխատանքներուն մասին կակնարկէ ինքը՝ Թովման, իր «Յիշատակարան»-ին մէջ։ Կաթողիկոսի ձեռնադրութեան օրը․ «առեալ բահ մի ի ձեռս զառաջին տան հիմնարկութիւնն շինութեանն ես արկի եղբարբք իմովք»։
Վաղարշապատի ժողովին աւելի քան երեք հարիւր հոգեւորականներ հաւաքուած էին, եւ Թովմայի ու Յովհաննէս Կոլոտիկի նախագահութեամբ կաթողիկոս ձեռնադրած են Կիրակոս Վիրապեցին։ Թովման մօտ մէկ տարի իր վարդապետներով ու աշակերտներով կը մնայ Էջմիածին եւ գործօն մասնակցութիւն կունենայ կաթողիկոսի գործերուն։
Թովմայ պատմագիրի ուրախութիւնը երկար չի տեւեր սակայն։ Կիրակոս Վիրապեցիին անոր թշնամիները, Յովհաննէս Կոլոտիկի գլխաւորութեամբ, երկու տարի ետք աթոռէն կը զրկեն եւ Գրիգոր Մակուեցին կը ձեռնադրեն կաթողիկոս։ Այս իրադարձութիւնը, ինչպէս կը վկայէ կենսագիրը, շատ վշտացուց պատմագիրը։ Ըստ Թովմայի, Վիրապեցին զրպարտութեան զոհ էր։
Մեծ հեղինակութիւն վայելած է ժամանակակից հոգեւոր ու աշխարհիկ վերնախաւերու շրջանակներուն մէջ։ Թովման ինքն ալ կը վկայէ, որ եղած է Մեծոփայ վանքի առաջնորդը․ քերականական նիւթերու ժողովածու մը 1446 թուականին խմբագրելէ ետք, յիշատակարանին մէջ կը գրէ․ «․․․վարդապետս Թովմայ՝ առաջնորդ սուրբ ուխտիս Մեծոփայ, վերստին սրբագրեց զստ»։ 1435 թուականին Թովման խմբագրած է Պօղոս առաքեալի 14 թուղթերու մեկնութիւնը։ Իր ուսուցիչներուն նման, Թովման ալ իբրեւ րաբունապետ հանգիստ ու ապահով կեանք չէ ունեցած. ան ալ ստիպուած հաճախ դիմած է փախուստի, տեղէ տեղ փոխադրուած է իր վարդապետներուն եւ սաներուն հետ։
Թովման համակրանքով կը խօսի հայկական իշխանական տուներու, մասնաւորապէս Օրբելեաններու շառաւիղներուն մասին։
Թովման առանձին հմայքով կարտայայտուի ուսումնական կեդրոններ դարձած վանքերու, յատկապէս Տաթեւի ու Մեծոփի, եւ վարդապետարաններու մասին։ Մեծոփայ վանքին մէջ Յովհաննէս վարդապետի ծաւալած գործունէութեան կապակցութեամբ կը նշէ․ «զարդարեաց զսուրբ ուխտն ժամօք, աղօթիւք եւ պատարագօք, ընթերցմամբ գրոց եւ ուսումնականօք եւ գեղեցիկ կարգաւորութեամբ, ծառօք եւ տնկօք իբրեւ զդրախտն եդեմական։ Եւ գային հաւատացեալքն եւ շարժէին ի բարին, եւ ասէին, ահա տեսաք զԵրուսաղէմ»։
Տաթեւի վանքը անոր համար «երկնահանգէտ մեծարգոյ ուխտ» է, «առաքելական աթոռ»։ Երախտապարտ աշակերտը մեծ ակնածութեամբ կը խօսի իր ժամանակաշրջանի հայ մշակոյթի անխոնջ մշակներուն եւ յատկապէս իր վարդապետներուն մասին։
Նկատելի է այն կարեւոր հանգամանքը, որ Թովմայի Պատմութեան մէջ կարմիր թելի պէս կանցնի անոր կարեկցական վերաբերմունքը աղքատներուն եւ ընչազուրկներուն հանդէպ․ ան հոգեւոր գործիչներու, իր վարդապետներու, անգամ օտար բռնակալներու (բացառիկ դէպքերու) բնութագրման մէջ իբրեւ դրական յատկանիշ կընդգծէ անոնց աղքատներու նկատմամբ ցուցաբերած բարեացակամութիւնն ու հոգատարութիւնը։ Իր ողբերուն մէջ մասնաւորապէս կընդգծէ աղքատներու անելանելի ծանր վիճակը։
Աշխատութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Թովմա Արծրունի, Պատմագրութիւն, աշխատասիրութեամբ Լ. Խաչիկեանի, Երեւան, 1999
- T'ovma Metsobets'i's History of Tamerlane and His Successors, Transl. Robert Bedrosian
- Товма Мецопеци. История Тимурленга и его преемников. Перевод с древнеармянского, предисловие и комментарии К. С. Тер-Давтян. Ереван, 2005, 155 с.
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1 2 Faceted Application of Subject Terminology
- 1 2 CERL Thesaurus — Consortium of European Research Libraries.
- 1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2000.
- 1 2 3 4 5 6 7 Ով ով է. հայեր / խմբ. Հ. Այվազյան — Երևան: Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2005. — հատոր 1.
- ↑ Թովմա Արծրունի, Պատմագրութիւն, աշխատասիրութեամբ Լ. Խաչիկեանի, Երեւան, 1999
- ↑ (հայերեն) Թովմա Մեծոփեցի, 2026-01-14, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B9%D5%B8%D5%BE%D5%B4%D5%A1_%D5%84%D5%A5%D5%AE%D5%B8%D6%83%D5%A5%D6%81%D5%AB&oldid=10652429, վերցված է 2026-08-19
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- История великого учителя Товмы, написанная вардапетом Киракосом Банасером словесником. Archived 2013-04-01 at the Wayback Machine.