Jump to content

Թոմպուքթուի Մեծ Մզկիթը

Թոմպուքթուի մեծ մզկիթը, (ԺԴ. դար), Մալիի մէջ, շինուած՝ հում ցեխէ, կրնայ ընդունիլ մինչեւ 12 հազար հաւատացեալ[1]:

Անտալուսիայէն արաբ ճարտարապետ մը սկսած է Թոմպուքթուի մեծ մզկիթին կառուցումը, 1325 թուականին: Այդ ժամանակաշրջանին քաղաքը առեւտրական կարեւոր խաչմերուկ մըն էր եւ`մահմետական կրօնական կեդրոն մը (Թոմպուքթու իր ոսկեդարը ապրած է ԺԵ. եւ ԺԶ. դարերուն, անկում արձանագրելէ առաջ):

1989-էն ի վեր ԵՈՒՆԵՍՔՕ ստանձնած է մզկիթին վերանորոգման մեծ ծրագիր մը: Անոր մինարէն, որ կտրտուած բուրգի մը ձեւը ունի, հեռուէն տեսանելի է[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Մալիի Մզկիթը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2025-07-18-ին։ արտագրուած է՝ 2025-06-21
  2. Թոմպուքթուի մեծ մզկիթը