Թխման Թուղթ

Թխման թուղթ (Անգլ. «Parchment paper», Ֆր. «Papier sulfurisé»), Ժամանակակից առօրեայ գործածութեան մէջ կը նշանակէ խոհանոցային յատուկ թուղթ մը, որուն վրայ կը թխուին կամ կ'եփին ուտեստեղէններ։
Այս թուղթը պատրաստուած է յատուկ մշակուած նիւթերէ, որոնց շնորհիւ անիկա ջերմադիմացկուն է եւ յարմար՝ ուտեստեղէնը թխելու եւ եփելու՝ առանց յատուկ իւղի կամ կարագի[1]։
Թխման թուղթը լայնօրէն կը գործածուի հացերու, քաղցրաւենիքի եւ մսեղէնի պատրաստութեան ընթացքին։ Անիկա կը դիւրացնէ եփելու ընթացքը, կ'արգիլէ ուտեստեղէնին կպչիլը ափսէին կամ կաթսային, եւ կը պահէ մաքրութիւնը՝ խոհանոցին մէջ։
Անիկա կրնայ վաճառուիլ գլանի ձեւով՝ տնային գործածութեան համար, միաժամանակ կը գործածուի իբրեւ փաթեթաւորումի գործիք, մասնաւորաբար պատրաստ խմորներու համար, որ կը դիւրացնէ բացուիլը, թխուիլը եւ ամանէն անջատուիլը[2]։