Թէյնիկ
Արտաքին տեսք

Թէյնիկը խոհանոցային գործիք մըն է, որ հիմնականօրէն կը ծառայէ ջուր եռացնելու համար։
Անիկա բաղկացած է փակ կաթսայէ մը, որուն վրայ գտնուի կափարիչ մը եւ բռնակ մը։
Տեսակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թէյնիկներու տեսակները հիմնականին մէջ երկուք են․
- Վառարանային թէյնիկ – աւանդական ձեւն է, որ կը տեղադրուի կազով կամ ելեկտրական վառարանին վրայ։
Կարգ մը վառարանային թէյնիկներ կը պատրաստուին մետաղէ (չժանգոտող պողպատէ կամ ալիւմինիումէ), եւ յաճախ կը պարունակեն սուլիչ, որ կը զօրացնէ ձայնը, երբ ջուրը եռայ։
- Ելեկտրական թէյնիկ – արդի տարբերակ մըն է, որ ունի ներքին ջեռուցիչ մաս մը։ Անիկա սարք մըն է, որ կը միանայ վարդակին եւ կարճ ժամանակի մէջ ջուրը կ'եռացնէ։ Կարգ մը սարքեր կը պարունակեն ջերմաչափ մը կամ ինքնիրեն բանող անջատիչ մը, որ կը դադրեցնէ աշխատանքը եռման պահուն[1]։
Թէյնիկներու արտադրութեան համար կը գործածուին տարբեր նիւթեր՝ պողպատ, ապակի կամ այլ։ Յաճախ անոնք կը ձեւաւորուին նաեւ գեղագիտական նկատառումով, որպէսզի ծառայեն զարդարանքի նպատակով։
Թէյնիկի գործածութիւնը տարածուած է ամբողջ աշխարհի մէջ։ Անգլիոյ եւ Ասիոյ բազմաթիւ երկիրներու մէջ թէյի պատրաստման ու մատուցման արարողութիւնները անբաժան են թէյնիկի գործածութենէն[2]։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հին եւ այժմէական թէյնիկներ