Թէյի Միջազգային Օր

Չինական թեյ
Թէյի տերեւներ

Թէյի միջազգային օր (անգլերէն՝ International Tea Day), ամէն տարի՝ Դեկտեմբեր 15-ին[1], աշխարհի թէյ արտադրող առաջատար բոլոր երկրները կը նշեմ թէյի միջազգային օրը: Իւրայատուկ տօն թէյ սիրող մարդոց համար։

Թէյի միջազգային օրը մեծ շուքով կը նշուի յատկապէս այն երկրներու մէջ, ուր թէյի տնկադաշտեր կան` Հնդկաստան, Սրի Լանքա, Չինաստան, Վիեթնամ, Ինտոնեզիա եւ այլն[2]:

Սոյն օրուան գաղափարը երկար տարիներ գոյութիւն ունեցած է, սակայն այն պաշտօնապէս Դեկտեմբեր 15-ին նշելու որոշումը կ՛ընդունուի 2004-ին Մումպայի մէջ․ իսկ առաջին հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը կը կատարուի 2005-ին Տելհիի մէջ[3] եւ յաջորդ տարի կը կազմակերպուի Սրի Լանքայի մէջ։

Օրուան նպատակը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օրուան նպատակն է գրաւել կառավարութիւններուն եւ քաղաքացիներուն ուշադրութիւնը՝ թէյի վաճառքի խնդիրներուն, թէյի արտադրութեամբ աշխատողներուն վիճակին, փոքր արտադրողներուն եւ սպառողներուն փոխադարձ կապի հարցերուն[4]:

Ըստ գիտական վարկածներէն մէկուն թէյը որպէս ըմպելիք բացայայտուած է Չինաստանի երկրորդ կայսր Շեն Նունկի կողմէն, Ք․Ա․ 2737 թուականին, երբ կայսրը թէյի թերթիկները պատահաբար դրած է տաք ջուրով գաւաթի մը մէջ։ Այդ օրուընէ Չինաստանոի մէջ թէյը դարձած է շատ պահանջուած ըմպելիք:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «International Tea Day» (անգլերէն)
  2. «December 15 is International Tea Day» (անգլերէն)
  3. «International Tea Day 2005 Report»։ Centre for Education and Communication։ 2006-03-02 (անգլերէն)
  4. «International Tea Day 2016: When is it, and why is it celebrated?» (անգլերէն)