Թէյարան
Արտաքին տեսք
Թէյատուն կամ թէյասենեակ կոչուած են այն վայրերը, ուր գլխաւորաբար թէյ եւ թեթեւ ուտեստեղէններ կը մատուցուին[1]։
Թէյասենեակ կրնայ ըլլալ հիւրանոցի մէջ յատուկ սենեակ մը, որ նախատեսուած է ցերեկային թէյի մատուցման համար կամ յատուկ հաստատութիւն մը, ուր կը մատուցուին միայն թէյի որոշ տեսակներ[2]։
Թէյատուներու դերակատարութիւնը կը տարբերի ըստ երկիրի եւ մշակոյթի, սակայն յաճախ անոնք կրնան ըլլալ նաեւ ընկերային հանդիպման վայրեր։
Տարբեր երկիրներու պարագային
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Բազմաթիւ երկիրներու մէջ գոյութիւն ունին տարբեր տեսակի եւ յատուկ մշակութային արժէք ունեցող թէյատուներ։ Օրինակ՝
- Մեծն Բրիտանիա եւ Միացեալ Նահանգներ – Թէյասենեակները կը ծառայեն յատկապէս «ցերեկուան թէյ»ի համար, որ կը ներառէ թէյ եւ փոքրիկ խմորեղէններ։ ԺԹ. դարուն, Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, թէյասենեակները տարածուած են իբրեւ միջին խաւի եւ կանանց հաւաքավայրեր, որովհետեւ սրճարանները աւելի առնական միջավայր կը նկատուէին։ Այդ պատճառով ալ «ցերեկային թէյ»ի սովորութիւնը դարձած է անբաժան մասը՝ անգլիական կենցաղէն[3]։
- Ճափոն – Թէյատուները սերտօրէն կապուած են «թէյի արարողութեան» (chanoyu), ուր կանոնաւոր եւ խորհրդանշական ձեւով կը մատուցուի մաչա (կանաչ փոշի թէյ)։ Այս արարողութիւնը մեծ տեղ ունի ճափոնական մշակոյթին մէջ։
- Չինաստան – Թէյատուները (cháguǎn) աւանդական վայրեր են, ուր մարդիկ կը հաւաքուին թէյ խմելու, զրուցելու եւ երբեմն նաեւ երաժշտութիւն կամ ներկայացումներ վայելելու։ Չինաստանի տարբեր նահանգներու մէջ թէյատուներու ձեւն ու սովորութիւնները տարբեր են։ Չինաստանի հարաւային նահանգներուն մէջ, առաւօտեան թէյի սրահներու այցելութիւնը կը նկատուի ընտանեկան եւ ընկերային սովորութիւն։
- Միջին Արեւելք – Թէյատուները յաճախ կը նմանին սրճարաններուն եւ կը դառնան հանրային կեդրոններ, ուր թէյի կողքին կը մատուցուին նաեւ սուրճ եւ տեղական ուտեստեղէն։
Բազմաթիւ երկիրներու մէջ անոնք ծառայած են իբրեւ գրական շրջանակներ, քաղաքական քննարկումներու վայր կամ մտաւորականներու հանդիպման կեդրոններ։