Թենիս

(Վերայղուած է Թենիս (արեւմտահայերէն)-էն)
Թենիսի դաշտ

Թենիս, գնդաթիի եւ գնդակի օգնութեամբ խաղցուող մարզախաղ։

Կանոնները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խաղին մասնակիցները կ'աշխատին գնդակի մէկ հարուածով գնդակը ղրկել մրցակիցին կիսադաշտը, որպէսզի մրցակիցը չկարենայ զայն վերադարձնել։ Խաղին կը մասնակցին թէ՛ տղամարդիկ, թէ կանայք։ Անոնք կը մրցին մենախաղերու, զուգախաղերու եւ խառն զուգախաղերու մէջ։

Մրցակիցները գնդակը կը նետեն յաջորդաբար։ Գնդակը խաղի մէջ մտնելէ ետք, կը սկսի պայքարը՝ միաւորի համար։ Մարզիկը կրնայ երկու անգամ փորձել գնդակը ցանցին վրայէն ղրկել հակառակորդին կիսադաշտին սկզբնահատուածին։ Դէպի մրցակիցին կիսադաշտ եկող գնդակը անհրաժեշտ է վերադարձնել մրցակիցին՝ թոյլ չտալով, որ ան մէկ անգամէն աւելի դպչի գետին։ Գնդակը կարելի է վերադարձնել նաեւ՝ գետինին չդպչելով։

Եթէ մարզիկներէն մէկը սխալի, ապա մրցակիցը կը ստանայ 15 կէտ։ Նոյնը կրկնուելու պարագային, հաշիւը կը դառնայ 30-0՝ կ'արձանագրուի մէկ ընդհանուր յաղթանակ։ Եթէ խաղին հաշիւը դառնայ 40-40, ապա յաղթանակը կը շնորհուի երկու անընդմէջ յաղթութիւն տանող մարզիկին եւ այսպէս շարունակ։

Տղամարդոց մրցապայքարի Մեծ սաղաւարտի մրցոյթին, ընդհանուր յաղթանակը կը տրուի 5-րդ յաղթութեան, առաջինը հասած մարզիկին կամ զոյգին։ Կանանց մրցումներուն, յաղթանակը կը տրուի 3-րդ յաղթութեան առաջինը հասնողին։ Խաղափուլը շարունակելու համար պէտք է խաղալ նուազագոյնը 6 խաղ։

Խաղ մը (սէթ մը) յաղթելու համար պէտք է առաջինը յաղթել վեց խաղերու, նուազագոյնը` երկու խաղի տարբերութեամբ (օրինակի համար` 6-4, մինչ 6-5 յաղթական չի նկատուիր):

Կէտերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խաղի մը ընթացքին կէտերը կը հաշուեն հետեւեալ ձեւով.

  • 0, երբ ո՛չ մէկ կէտ կը նշանակուի խաղին ընթացքին,
  • 15, մէկ կէտի համար,
  • 30, երկու կէտի համար,
  • 40, երեք կէտի համար:

Երբ մարզիկը 40-ի կը հասնի, խաղը կը յաղթէ, բացի եթէ հաւասարութիւն ըլլայ (40-40): Այս պարագային պէտք է մէկ կէտ աւելի նշանակել` աւանթաժ (առաւելութիւն) ունենալու համար, եւ այն մարզիկը, որ առաջինը կը նշանակէ յաջորդ կէտը, կը յաղթէ: Հետեւաբար կարելի է խաղը յաղթել 3 կամ 5 կէտերով:

  • Կէտ մը նշանակելու համար պէտք է գնդակը ցանցէն անդին նետել` առանց ցանցին դպչելու, մէկ հարուածով եւ առանց դաշտին սահմաններէն դուրս ելլելու:

Գնդակը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գնդաթի

Թենիսի գնդակը ունի 57,6 կրամ ծանրութիւն եւ 6,51 սմ տրամագիծ։

Գնդակը պատրաստուած է ռետինէ եւ պատուած է խաւոտ թաղիքով։

Գոյնը՝ ճերմակ կամ դեղին։

1972-ին հեռուստատեսութեան համար կը գործածուի առկայծող դեղին գոյնը։ Թենիսի գնդակը կը ճանչցուի մակերեսէն առնուած իւրայատուկ փակ կորագիծի մը շնորհիւ։

Մարզադաշտը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարզադաշտը (անգլերէն court, ցանկապատուած տեղ) 40x20 մեթր չափերու կերպընկալէ ծածկոյթով, կաւաւազով կամ կանաչով ծածկուած եւ նշագծուած թենիսի խաղահրապարակ մըն է։ Բուն խաղահրապարակին երկայնքը 23.77 մ. է, լայնքը մէկ խաղացողի համար 8.23 մ., զոյգերով խաղալու պարագային`10.97 մ.։ Խաղահրապարակը մէջտեղը երկարող ցանցով մը կը կիսուի երկու հաւասար մասերու։ Ցանցին մէջտեղէն բարձրութիւնը 91 սմ. է, եզրերը աւելի բարձր են՝ 106 սմ.։[1]

Թենիսի Պատմութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անգլիա, 1887

Թենիսի խաղը յառաջացած է ֆրանսական ժէօ տը փոմ խաղէն: Առաջին անգամ թենիս (թագաւորական թենիս) սկսած են խաղալ ԺԹ. դարու կէսերուն՝ Ֆրանսայի մենաստաններուն մէջ[2]։

Թենիս բառը եկած է ֆրանսերէն «թընէ» բառէն, որ կը նշանակէ՝ «հրամեցէք»: Այս բառն է, որ կ'արտասանուէր առաջին անգամ գնդակը նետելէ առաջ, ապա խաղը շարունակելու կարգ մը օրէնքներ կը յարգէին:

Մեզի ծանօթ թենիսի խաղը կը ծնի ԺԹ. դարուն, Անգլիոյ մէջ: Այդ օրերուն մարդիկ կը խաղային խոտին վրայ` գործածելով ձգախէժէ գնդակներ, որոնք կրնային ցատկել խոտին վրայ: Անգլիոյ մէջ ԺԹ. դարու 60-ական թուականներու կէսերուն թենիսը լայն տարածում կը ստանայ։ Այդպիսով կը յայտնուի լաուն-թենիսը (Անգլերէն` lawn մարգագետին)։

Ներկայիս աշխարհի թենիսի հզօրագոյն մարզիկներուն մեծ մասը արհեստավարժներն են։ Աշխարհի մէջ եղած են մեծ մրցանակային հիմնադրամով մրցախաղեր։ Թենիսի գլխաւոր մրցաշարքերն են ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, Աւստրալիոյ բաց առաջնութիւնները, ինչպէս նաեւ Ուիմպըլտընի մրցաշարքը։ Այս առաջնութիւններուն լրումը կը կազմէ «Մեծ սաղաւարտի» մրցաշարքը։

Թենիսի ամէնէն հեղինակաւոր մրցաշարքերէն է Տեւիսի բաժակը, որ հիմնադրուած է 1900-ին։

Հայաստանի մէջ առաջին անգամ թենիսի պաշտօնական մրցումներ արձանագրուած են 1924-ին:

Կրան Շլեմ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երբ կ'ըսեն, թէ թենիս խաղացող մը «Կրան շլեմ»ը շահած է, ասիկա կը նշանակէ, որ ան յաղթած է տարուան թենիսի ամէնէն կարեւոր չորս մրցաշարքերուն:

Այս մրցաշարքերը թենիս խաղացողներուն համար ամէնէն վարկաւոր եւ դժուար խաղերն են:

Հետաքրքրական Տեղեկութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ռոլան Կարոս ֆրանսացի օդանաւորդ մըն է, որ ապրած է 1888-1918: Ան իր անունը տուած է 1928-ին շինուած նշանաւոր դաշտին:
  • Ռոլան Կարոսի մրցաշարքը իւրայատուկ է, որովհետեւ անոր դաշտին մակերեսը հող է: Դաշտը ծածկուած է կրահողով:

Ան այդ յատուկ կարմիր գոյնը ունի, որովհետեւ կրահողին վրայ կը դրուի փոշի աղիւսի խաւ մը. այս ձեւով դիւրին կ'ըլլայ դեղին գնդակը տեսնելը:

  • Թենիսի խաղերը շատ լուռ մթնոլորտի մը մէջ կը խաղցուին, ո՛չ մէկ անձ կը պոռայ կամ դրօշակ կը պարզէ մարզիկներ քաջալերելու համար:
  • Իրաւարարը կարգ ու կանոն կը պահէ դաշտին եւ հանդիսատեսներուն մէջ. այլապէս խաղը չի շարունակուիր, որովհետեւ մարզիկները կեդրոնացումի պէտք ունին:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Դպրոցական մեծ հանրագիտարան։ Գիրք 1, հատոր 1։ Երեւան 2009, էջ 316:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Միքայէլ Իսպիրեան, Վահրամ Առաքելեան, Մարզական հանրագիտարան, Երեւան, 2007, էջ 128-129։
  2. Թենիսի Պատմութիւնը