Թաւրիզի շուկայ
Թաւրիզի շուկայ (պարս.՝ تبریز بازاری, արաբ.՝. بازار تبریز, ազր.՝ Təbriz bazarı), Թաւրիզի ամենահին փակ շուկան, որ 2010-ին ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Դարեր շարունակ Թաւրիզ քաղաքը կանգնած է Մետաքսի ճամբուն վրայ: Քաղաքէն այս ճամբան շարունակուած է դէպի հիւսիս, հարաւ եւ արեւմուտք: Առեւտրային ճամբուն վրայ գտնուելուն շնորհիւ, քաղաքը դարձած է կարեւոր տարածաշրջանային եւ տարբեր քաղաքակրթութիւններու հատման կեդրոն: Ատիկա պատճառ դարձած է, որ քաղաքը ձեւաւորուի այսօր արդէն համաշխարհային ճանաչում ունեցող Թաւրիզի շուկան: Հետագայ զարգացման ընթացքին անիկա վերածուած է մեծ համալիրի մը, որ տարածուած է շուրջ 1 միլիոն քառակուսի մեթրի վրայ եւ ունեցած է 4 քմ.երկարութիւն: Գտնուելով Թաւրիզի կեդրոնը, այս շուկան կը ներկայացնէ քանի մը մասնագիտացած մեծ շուկաներու ամբողջութիւն մը: Իբրեւ օրինակ` Ամիր շուկան, որ մասնագիտացած է ոսկեղէնի առեւտուրի մէջ եւ Մոզաֆարիէն, որ մասնագիտացած է գորգերու, կօշիկներու եւ այլ առարկաներու վաճառքին մէջ: Ժզ. դարուն, երբ Սեֆեւեաններու մայրաքաղաք կը դառնայ Թաւրիզը, շուկային համար կը սկսի ծաղկման շրջան մը: Ժէ. դարուն քաղաքը կը դադրի մայրաքաղաք ըլլալէ, սակայն չի կորսնցներ տնտեսական ու առեւտրային առումով իր կարեւորութիւնը: Մեր օրերուն, հակառակ շուկային մեծ թիւով ժամանակակակից առեւտուրի կեդրոններու ու խանութներու առկայութեան, Թաւրիզի շուկան կը շարունակէր պահպանել ոչ միայն քաղաքին, այլ ամբողջ նահանգին տնտեսական կեդրոնի կարգավիճակը: Յատկանշական է, որ Թաւրիզի շուկան քանի մը անգամ եղած է քաղաքական կռիւներու բեմ` 1905-1911 թուականներուն սահմանադրական յեղափոխութեան եւ 1978-1979 թուականներուն իսլամական յեղափոխութեան ատեն: Շուկան նաեւ կը համարուի քանի մը կրօնական ծիսակատարութիւններու անցման վայր: Շուկային տարածքին Աշուրայի օրերուն իսլամները 10 օր շարունակ կ'անցընեն Աշուրա-ի յիշատակի երեկոներ: Այդ ընթացքին շուկային առեւտուրը կը դադրի: Կրօնական աւանդոյթներու համաձայն, Թաւրիզի շուկային յետնամասին կառուցուած քանի մը մզկիթներ: Անոնցմէ ամենայայտնին Ուրբաթօրեայ մզկիթն է: Ներկայիս շուկային տարածքին կը գործէ 28 մզկիթ, 8 դպրատուն, 7 շուկայ, հինգ բաղնիք եւ մէկ մարզասրահ:
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Մոզաֆֆարիյէ, գլխաւոր շարք ձեռքով հիւսուած գորքերու:
-
Մոզաֆֆարիյէ
-
Երկու մուտքերէն մէկը
-
Շարքերէն մէկը:
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Gregorian, Vartan (2003). The Road to Home: My Life and Times. New York: Simon & Schuster.
- Levinson, David and Karen Christensen (2002). Encyclopedia of Modern Asia. New York: Scribner’s.
- Swiętochowski, Thaddeus (1995). Russia and Azerbaijan: A Borderland in Transition. New York: Columbia University Press.
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Պաշտօնական կայք Archived 2014-05-17 at the Wayback Machine.