Jump to content

Թաուըր Կամուրջ

Թաուըր Կամուրջը (անգլերէն՝ Tower Bridge) Լոնտոնի մէջ գտնուող պատմական կամուրջ մըն է, որ դասուած է Առաջին կարգի պահպանութեան արժանի յուշարձաններու (Grade I Listed) շարքին[1]։

Անիկա միաժամանակ բացուող թեւաւոր (bascule) եւ կախուած (suspension) կամուրջ մըն է, իսկ մինչեւ 1960 թուական նաեւ ելուստակիր (cantilever) կառուցուածքի տարրեր ունէր[2]։

Կամուրջը կառուցուած է 1886-1894 թուականներուն, ճարտարապետ Հորաս Ճոնսի (Horace Jones) նախագիծով եւ ճարտարագէտ Ճոն Ուոլֆ Պէրիի (John Wolfe Barry) ղեկավարութեամբ, Հենրի Մարք Պրունելի (Henry Marc Brunel) օժանդակութեամբ[3]։

Ան կը հատէ Թեմզ գետը, շատ մօտ Լոնտոնի Աշտարակին (Tower of London), եւ Լոնտոնի ամէնէն ծանօթ խորհրդանիշներէն մէկն է։

Թաուըր կամուրջը այն հինգ կամուրջներէն մէկն է, որոնք կը պատկանին եւ կը պահպանուին «Քաղաքային Կամուրջներու Հիմնադրամ»ին (City Bridge Foundation), որ հիմնուած է 1282 թուականին։

Կամուրջը կառուցուած է, որպէսզի իրարու միացնէ Լոնտոնի Արեւելեան մասը, ուր այն օրերուն կ'ապրէր քաղաքի բնակչութեան շուրջ 39 առ հարիւրը, եւ միաժամանակ հնարաւոր դարձնէ, որ նաւերը ազատօրէն հասնին Լոնտոնի Աւազանին (Pool of London) նաւահանգստային գօտին՝ Լոնտոնի Աշտարակին եւ Լոնտոն Կամուրջին միջեւ։

Կամուրջը պաշտօնապէս կը բացուի 30 Յունիս 1894-ին՝ Ուէյլզի արքայազն Էտուարտի (ապագայ Էտուարտ Է.) եւ արքայադուստր Ալեքսանտրայի ձեռամբ։

Թաուըր Կամուրջի ընդհանուր երկայնքը, ներառեալ ծայրային յենարանները, 290 մեթր (940 ոտք) է։ Անիկա բաղկացած է երկու 65 մեթր բարձրութեամբ աշտարակներէ, որոնք վերէն իրարու կը կապուին երկու հորիզոնական անցուղիներով։ Կեդրոնական հատուածը կազմուած է երկու բացուող թեւերէ, որոնք կը բարձրանան, որպէսզի մեծ նաւերը կարենան անցնիլ գետէն։

Սկզբնապէս կամուրջի բացման եւ փակման մեքենական համակարգը կը գործէր ջրաճնշական ուժով (hydraulic), սակայն 1972-ին կը փոխարինուի ելեկտրաջրաճնշական (electro-hydraulic) համակարգով։

Թաուըր Կամուրջը կը կազմէ «Լոնտոնի ներքին օղակաձեւ ճանապարհ»ի (London Inner Ring Road) մէկ մասը եւ կը գտնուի Լոնտոնի երթեւեկի խտութեան վճարովի գօտիին (Congestion Charge Zone) սահմանին վրայ։ Անիկա մինչեւ այսօր կը մնայ քաղաքի կարեւոր երթեւեկային ուղիներէն մէկը, եւ ամէն օր շուրջ 40,000 հոգի եւ ինքնաշարժ կը հատեն զայն։

Կամուրջի ստորին հատուածը անվճար բաց է թէ՛ հետիոտներուն եւ թէ՛ փոխադրամիջոցներուն, մինչդեռ երկու աշտարակները, վերին անցուղիները եւ Վիքթորիական դարաշրջանի մեքենասրահները կը կազմեն Թաուըր Կամուրջին ցուցադրութեան մասը։

Այսօր Թաուըր Կամուրջը աշխարհի ամէնէն ճանչցուած կամուրջներէն մէկն է եւ Լոնտոնի անբաժանելի խորհրդանիշը։ Յաճախ մարդիկ զայն կը շփոթեն Լոնտոնի կամուրջին (London Bridge) հետ, որ կը գտնուի շուրջ 800 մեթր վեր՝ գետի հոսանքին հակառակ ուղղութեամբ։ Այս շփոթը ծնունդ տուած է յամառ քաղաքային առասպելի մը, թէ իբր թէ ամերիկացի մը սխալմամբ գնած է Թաուըր Կամուրջը՝ կարծելով, թէ կը գնէր Լոնտոնի կամուրջը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]