Jump to content

Թանգարաններու Միջազգային Օր

Թանգարաններու Միջազգային Օր, ամէն տարի 18 Մայիսին յիշատակուող տօն:

Թանգարաններու միջազգային օրը ամէն տարի կը յիշատակուի 18 Մայիսին: Հռչակուած է Թանգարաններու Միջազգային Խորհուրդին (ICOM - The International Council of Museums) որոշմամբ 18 Մայիս 1977-ին (ICOM)-ի 11-րդ գլխաւոր համագումարի ընթացքին՝ ռուսական պատուիրակութեան առաջարկութեամբ։

1978-էն ի վեր իւրաքանչիւր տարի այս օրը կը նշէ աշխարհի աւելի քան 150 երկիրներ, որոնց կարգին նաեւ Հայաստանը։

1992 թուականէն սկսեալ իւրաքանչիւր Թանգարանային Միջազգային Օր կ'ունենայ թեմայ եւ (ICOM)-ը կը հրապարակէ տուեալ թեմային հետ կապուած միջոցառումները։ Այս օրը թանգարաններու այցելուները ո՛չ միայն կրնան այցելել թանգարանները, այլեւ կրնան մասնակցիլ տարաբնոյթ մշակութային միջոցառումներու։

Նոյն օրերուն, «Թանգարաններու Գիշեր» ծրագիրն ալ տեղի կ'ունենայ 2005-էն սկսեալ՝ Ֆրանսայի մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ` (ICOM)-ի, (UNESCO)-ի եւ Եւրախորհուրդի հովանաւորութեամբ: Հայաստանը «Թանգարաններու Գիշեր» համաեւրոպական միջոցառումին միացած է 2005-էն սկսեալ: Հայաստանի մէջ այս օրը թանգարանները իրենց դռները բաց կը պահեն մինչեւ ժամը 24։00, եւ այդպիսով ամէն ոք կրնայ անվճար այցելել թանգարան:

Թանգարաններու Միջազգային Օրուան Թեմաներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարիներու ընթացքին Թանգարաններու Միջազգային Օրուան խորագրերը.-

1992 թ.՝ «Թանգարանները եւ շրջակայ միջավայրը»

1997-1998 թթ.՝ «Մշակութային արժէքներու անօրինական տեղափոխման դէմ պայքար»

2000 թ.՝ «Թանգարանները յանուն հասարակութեան համերաշխութեան եւ ներդաշնակութեան»

2005 թ.՝ «Թանգարանը որպէս կամուրջ մշակոյթներու միջեւ»

2008 թ.՝ «Թանգարանները որպէս սոցիալական փոփոխութիւններու եւ զարգազման գործօն»

2009 թ.՝ «Թանգարանները եւ դուրիզմը»

2010 թ.՝ «Թանգարանները յանուն սոցիալական ներդաշնակութեան»

2013 թ.՝ «Թանգարանը որպէս ոչ ֆորմալ կրթութեան միջավայր»

2014 թ.՝ «Թանգարանները կը միաւորեն մեզ»

2015 թ.՝ «Թանգարանները յանուն կայուն զարգացման»  

2016 թ.՝ «Թանգարանները եւ մշակութային լանդշաֆտները»

2017 թ.՝ «Ցաւոտ պատմութիւններ. դժուար պատմելի թանգարաններուն մէջ»

2018 թ.՝ «Գերհաղորդակցուող թանգարաններ․ նոր մօտեցումներ, նոր հասարակութիւն»

2019 թ.՝ «Թանգարանները՝ որպէս մշակութային հանգոյցներ. աւանդոյթի ապագան»

2020 թ.՝ «Թանգարանները յանուն հաւասարութեան. բազմազանութիւն եւ ներառականութիւն»

2021 թ.՝ «Թանգարաններու ապագան. վերականգնել եւ վերաիմաստաւորել»

2022 թ.՝ «Թանգարաններու ուժը»

2023 թ.՝ «Թանգարաններ, կայունութիւն եւ բարեկեցութիւն»

2024 թ.՝ «Թանգարաններ, կրթութիւն եւ հետազօտութիւն»

2025 թ.՝ «Թանգարաններու ապագան արագ փոփոխուող համայնքներուն մէջ»