Թանապուր

Թանապուրը հայկական խոհանոցի աւանդական կերակրատեսակներէն է: Մածունով ու ծեծածով պատրաստուող այս ապուրը ունի իր տարբեր տեսակները։ Հայաստանի տարածքին թանապուրը ծանօթ է նաեւ սպաս անունով։

Բաղադրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանապուրը կամ թանով ապուրը կը պատրաստուի մածունով, լաւ եփած ծեծած ցորենով կամ բրինձով ու կ՛եփուի մարմանդ կրակի վրայ՝ մինչեւ եռալը անընդհատ խառնելով։ Եփելէն ետք կ՛աւելցնեն չոր փոշի ռեհան կամ անանուխ։ Ըստ նախասիրութեան կ՛ուտուի՝ տաք կամ պաղ վիճակի մէջ։

Թանապուրը կը պատրաստուի նաեւ չորթանով (չորցուած մածուն)։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ աւանդութեան, թանապուրը մաս կը կազմէ Սուրբ Յարութեան տօնին նախորդող խթման ընթրիքին։ ժամանակին Տիգրանակերտի մէջ եթէ զատկուան գիշերը մածուն չկար, թանապուրը կը պատրաստէին կաթով, որպէսզի անիկա անպակաս ըլլար աւանդական սեղանէն։

Արեւմտահայաստանի գաւառներու գիւղական շրջաններու աշխատանքային կերակուրը եղած է թանապուրը, որ հողէ ամաններու կամ կուժերու մէջ լեցուած կը տարուէր դաշտ։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Աւանդութիւն», էջ 252։