Թանահատի վանք (Վերնաշէն)

Թանահատի վանք, վաղ միջնադարեան եկեղեցական համալիր Հայաստանի Վայոց ձորի մարզի Վերնաշէն գիւղէն շուրջ 7 քմ. հարաւ-արեւելք[1]։ Պատմիչները կը յիշատակեն անոր մասին 8-րդ դարէն։ Թանահատի վանքը գործած է մինչեւ ուշ միջնադար եւ ներկայիս լաւ վիճակի մէջ է։
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ըստ պատմիչ Ստեփանոս արքեպիսկոպոս Օրբելեանի, 735 թուականին Թանադէ վանքին մէջ ամփոփուած է Ստեփանոս Սիւնեցիի դին եւ գերեզմանին վրայ փոքրիկ մատուռ կառուցուած է։ 1273–1279 թուականներուն մատուռին տեղ, Պռոշ իշխանի եւ անոր ընտանիքին հովանաւորութեամբ, շրջակայքի բնակիչներու ուժերով մուգ կապտաւուն պազալտի սրբատաշ քարերով կառուցուած է ներքուստ խաչաձեւ, չորս անկիւններուն աւանդատուներով (արեւելեան կողմինները՝ երկյարկ), արտաքուստ ուղղանկիւն, գմբեթաւոր յօրինուածքով Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին։

Գմբեթի հովանոցաձեւ վեղարով բազմանիստ թմբուկը զարդարուած է բարձրաքանդակներով, հարաւային լուսամուտէն վեր Պռոշեաններու զինանշանն է՝ թեւատարած արծիւ, մագիլներուն՝ խոյ, վեղարի տակ՝ եզի գլուխ, ցուլի վրայ յարձակուող առիւծ, թռչուն, հարաւային պատին՝ արեւի ժամացոյցի վրայ քանդակուած են գաւաթէն ջուր խմող երկու սիրամարգ, անոնցմէ ձախ՝ թռչունը ձագի հետ է։ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հիւսիսէն կից է 13-րդ դարու, սրբատաշ պազալտէ միանաւ Սուրբ Նշան կամ Վարագայ Սուրբ Նշան կոչուող եկեղեցին (հաւանաբար, որոշ ժամանակ այստեղ պահուած է Վարագավանքի հռչակաւոր սուրբ Նշանը)։ Անոր արեւմտեան մուտքի ճակատակալ քարին քանդակուած է Պռոշեան իշխանական տոհմէն երիտասարդ հեծեալ, որ նիզակը խրած է առիւծի երախը, իսկ անոնցմէ վեր տարբեր թռչուններ պատկերուած են։ Թանադէ վանքի քանդակները միջնադարեան հայկական աշխարհիկ պատկերաքանդակներու արժէքաւոր նմուշներ են։
Թանադէ վանքը 14-րդ դարուն ստացած է բազմաթիւ նուիրատուութիւններ՝ հողամասեր, այգիներ, դրամ։ 1335 թուականին Հայրուտը վանքին մէջ «աղօթանոց» կառուցած է։ Թանադէ վանքին շուրջը կան 13-16-րդ դարերու խաչքարեր եւ տապանաքարեր։ 1971 թուականին Թանադէ վանքին տարածքը պեղուած է, բացուած են վանքի գաւիթի, հարաւային կողմին մէջ՝ խոշոր միանաւ եկեղեցւոյ եւ անոր գաւիթի ու աշխարհիկ շինութիւններու հիմքեր (կ'ենթադրուի, որ այս շէնքերուն մէջ գործած է Գլաձորի համալսարանը)։ 1984 թուականին նորոգուած են Սուրբ Ստեփանոս եւ Սուրբ Նշան եկեղեցիները, եւ Թանադէ վանքի տարածքը բարեկարգուած է։