Jump to content

Թամարա Դանիէլեան

Թամարա Դանիէլեան
Ծննդավայր Տոն Ռոսթոֆ
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Թամարա Հմայակի Դանիէլեան, (, Տոն Ռոսթոֆ) հայ բժիշկ, ՀԽՍՀ վաստակաւոր բժիշկ։

Ծնած է Տոնի Ռոսթոֆ, ծառայող ընտանիքի մը մէջ։ Միջնակարգ եւ բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ։ 1941-ին աւարտած է բժշկական ինստիտուտը եւ մէկ տարի աշխատած է որպէս մանկական խորհրդատուութեան վարիչ։

Հայրենական մեծ պատերազմի տարիներուն՝ 1942-էն սկսեալ, աշխատած է քանի մը էվակուացիոն հիւանդանոցներու մէջ՝ որպէս վիրաբուժական բաժանմունքի պետ։

Պատերազմէն ետք մասնագիտացած է թոքային հիւանդութիւններու բուժման բնագաւառին մէջ եւ վերապատրաստուած է Խարկովի տուբերկուլոզի ինստիտուտին մէջ։

1947-1959 թուականներուն աշխատած է առողջարանային բժիշկ, ապա դարձած է թոքային բաժանմունքի վարիչ, իսկ աւելի ուշ՝ առողջարանի գլխաւոր բժիշկի բուժգծով տեղակալ։ Այս շրջանին արժանացած է «Առողջապահութեան գերազանցիկի» կրծքանշանին։

1959-ին տեղափոխուած է Հայաստան։ Նշանակուած է Կիրովականի տուբերկուլոզային հիւանդանոցի բաժանմունքի վարիչ, իսկ մէկ տարի ետք՝ հիւանդանոցի գլխաւոր բժիշկ[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Ա. Վ. Գրիգորյան, Բ. Գ. Մելքումյան, Հայաստանի բժիշկները Մեծ հայրենականում, գիրք 2, Ե., 1987, էջ 75-76։