Թաթխան
Թաթխան, բոված ու ծեծած սիսեռի համեմներով պատրաստուած ուտելիք:
Թաթխանը հացը մէջը թաթխելու համար նախատեսուած թացան է:
Այս իւրայատուկ ուտելիքը կը պատրաստուէր սերմերէ, հատիկեղէններէ, ընկուզեղէններէ եւ զանազան համեմունքներէ:
Թաթխանը տարածուած էր յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ:
Բերքահաւաքէն ետք հայ ընտանիքներու տատիկները կը չորցնէին, ապա կը բովէին կուտեղէնը` դդումի, արեւածաղիկի, սեխի, ձմերուկի, յետոյ կ'աղէին: Օգտագործելու ատեն վրան ձէթ կը լեցնէին եւ հացը մէջը թաթխելով կ'ուտէին:
Բաղադրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պատրաստութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փոս ամանի մը մէջ խառնել ձիթապտուղի ձէթն ու պալսամիք քացախը:
Աւելցնել մնացեալ բաղադրիչները եւ շատ լաւ խառնել` միատարր թացան մը ստանալու համար:
Ձգել, որ խառնուրդը լաւ լուծուի` առնուազն 15 վայրկեան: Մատուցման պահուն թացանը անգամ մը եւս խառնել, փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ եւ երեսը զարդարել մանրուած ազատքեղով կամ ռեհանով:
Այս համեղ թաթխանին կողքին կարելի է մատուցել ֆրանսական պակեթ հացի շերտեր, տարբեր տեսակի խրթխրթան հացեր կամ չիփս[1]: