Jump to content

Թագուհի Եղիսաբէթ Ա

Եղիսաբէթ Ա

Եղիսաբէթ Ա. (7 Սեպտեմբեր 1533, Կրինուիչ, Լոնտոնի մօտ –24 Մարտ 1603, Ռիչմընտ, Սըրի) Անգլիոյ թագուհին էր (1558–1603) այն ժամանակաշրջանին, որ յաճախ կը կոչուի «Եղիսաբէթեան դարաշրջան»: Այս ընթացքին Անգլիան զօրաւոր կերպով հաստատուեցաւ որպէս եւրոպական գլխաւոր ուժ՝ քաղաքականութեան, առեւտուրի եւ արուեստի մէջ: Հենրի Ը.-ի եւ Անն Պոլէյնի դուստրը՝ Եղիսաբէթ թագուհի դարձաւ 25 տարեկանին, քաղաքական տագնապի օրերուն: Ծանօթ որպէս «Կոյս Թագուհի», ան բնաւ չամուսնացաւ, այլ փոխարէնը իր էութիւնը նուիրեց Անգլիոյ:

Եղիսաբէթ Ա.-ի ծնունդը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ապագայ թագուհին ծնած է Կրինուիչի պալատին մէջ, 7 Սեպտեմբեր 1533-ին: Անոր լոյս աշխարհ գալը յուսախաբութիւն էր Հենրի Ը.-ի համար: Թիւտորեան ժամանակաշրջանին կը կարծուէր, որ կիները չեն կրնար ինքնուրոյն կառավարել, ուստի թագաւորը կը փափաքէր արու ժառանգորդ մը՝ իր հարստութեան ապագան ապահովելու համար: Քանի որ թագաւորը մեծ յոյս ունէր, որ Անն Պոլէյն արու զաւակ մը պիտի պարգեւէր, երկրորդ դստեր ծնունդը դառն յուսախաբութիւն էր, որ վտանգեց նոր թագուհիին դիրքը: Նախքան Եղիսաբէթի երեք տարեկան դառնալը, հայրը գլխատել տուաւ մայրը՝ շնութեան եւ դաւաճանութեան ամբաստանութեամբ: Աւելին, Հենրիի դրդումով, խորհրդարանը Անն Պոլէյնի հետ ամուսնութիւնը անվաւեր յայտարարեց, ինչ որ Եղիսաբէթը դարձուց ապօրինի զաւակ:

Հենրի Ը. և Այն Պոլէյն

Եղիսաբէթի կրթութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հակառակ իր «ապօրինի» կարգավիճակին, թագաւորը դաստիարակներ նշանակեց իր դստեր կրթութիւնը հոգալու համար: Եղիսաբէթ փայլեցաւ իր ուսման մէջ՝ սորվելով առնուազն հինգ լեզու (ֆրանսերէն, իտալերէն,իսպաներէն, լատիներէն եւ ֆլամանտերէն)՝ հումանիստ գիտնականներու հսկողութեան տակ:

Վերադարձ դէպի արքունիք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1543-ին Հենրի Ը.-ի վերջին ամուսնութենէն ետք (Քաթրին Փարի հետ), թագաւորը, զգալով իր առողջութեան վատթարացումը, հաշտուեցաւ իր դուստրերուն՝ Եղիսաբէթի եւ Մարիի հետ: Երկուքն ալ վերստին ներառուեցան գահի ժառանգորդներու շարքին:

Բանտարկութիւն Լոնտոնի Աշտարակին մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարի թագուհիի օրով, Եղիսաբէթ դարձաւ իր քրոջ դէմ կազմակերպուած դաւադրութիւններու կեդրոնը: Ան երկար ժամանակ անցուց տնային կալանքի տակ: 1554-ի Թոմաս Ուայաթի ապստամբութենէն ետք, Եղիսաբէթ ձերբակալուեցաւ եւ 17 Մարտին ուղարկուեցաւ «Լոնտոնի Աշտարակ»(Tower of London): Թէեւ անոր կալանքը ֆիզիքապէս հանգիստ էր, սակայն հոգեպէս ծանր էր, քանի որ հոն էր, ուր իր մայրը անցուցած էր իր վերջին օրերը նախքան մահապատիժը: Երկու ամիս ետք, ապացոյցներու բացակայութեան պատճառով, ան ազատ արձակուեցաւ:

Նոր թագուհին՝ Եղիսաբէթ Ա.

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

17 Նոյեմբեր 1558-ին, Եղիսաբէթ ստացաւ իր քրոջ մահուան լուրը: Այդ պահուն Անգլիոյ վիճակը անորոշ էր. երկիրը պառակտուած էր կրօնական հարցերով, իսկ վերջին տարիները նշանաւորուած էին սովով, համաճարակով եւ ռազմական ձախողութիւններով:

Թագադրութիւն եւ կրօնական կարգաւորում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եղիսաբէթի թագադրութիւնը տեղի ունեցաւ 15 Յունուար 1559-ին: Անոր գլխաւոր մարտահրաւէրը կրօնական պառակտումն էր: Եղիսաբէթ հաստատեց «Անգլիական Եկեղեցին» նպատակ ունենալով ստեղծել կայուն եւ խաղաղ միջավայր: Թէեւ սկզբնական շրջանին ան որոշ ազատութիւն տուաւ կաթոլիկներուն, սակայն հետագային հալածանքները սաստկացան՝ դաւադրութիւններու եւ Սպանիոյ հետ պատերազմի պատճառով:

Եղիսաբէթեան դարաշրջան, արուեստ եւ հետախուզութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս շրջանը կը համարուի անգլիական Վերածնունդը: Թագուհին կը քաջալերէր երաժշտութիւնն ու թատրոնը՝ նպաստելով այնպիսի գրողներու փառքին, ինչպիսիք են «Ուիլիամ Շէյքսփիրը» եւ «Քրիսթոֆըր Մարլոուն»: Այս դարաշրջանին նաեւ սկսաւ Անգլիոյ մրցակցութիւնը Սպանիոյ հետ:

Թագուհիին կերպարը եւ վերջին տարիները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եղիսաբէթ շատ ուշադիր էր իր հանրային պատկերին նկատմամբ՝ գործածելով շքեղ զգեստներ ու գոհարեղէն: Սակայն իր իշխանութեան վերջին տարիները դժուարին էին՝ տնտեսական տագնապներու եւ Իրլանտայի մէջ ծագած ապստամբութիւններու պատճառով:

Եղիսաբէթ Ա.-ի մահը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թագուհին մահացաւ 69 տարեկանին, 24 Մարտ 1603-ին, Ռիչմընտ պալատին մէջ: Հաւանական է, որ ան կը տառապէր կոկորդի սուր վարակէ մը, որն ալ պատճառ դարձաւ իր մահուան:

Վերապրող Եղիսաբէթը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եղիսաբէթի կեանքի վաղ տարիները ձեւաւորեցին իր գահակալութիւնը: Մօր մահապատիժը, հօր բռնապետութիւնը եւ քրոջ ու եղբօր կրօնական ծայրայեղութիւնները սորվեցուցին իրեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վերապրիլ: Այս պատճառով ալ, որպէս թագուհի, ան խուսափեցաւ վտանգներէն, փնտռեց համաձայնութիւն եւ խնամքով կերտեց իր կերպարը՝ որպէս ազգի պաշտպան:

[1] [2] [3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]