Ընկերութեան Միջազգային օր
| Ընկերութեան Միջազգային Օր | |
|---|---|
|
| |
| Տեսակ | Միջազգային օր |
| Ամսաթիւ | 30 Յուլիս |
| սկսած | 1958 |
| Հաստատուած | 3 Մայիս 2011 |
| Ի յիշատակ | Ընկերութիւն |
| Կայք | եւ un.org/en/observances/friendship-day(անգլ.) |
Ընկերութեան միջազգային օր, կը նշուի 30 Յուլիսին, սահմանուած է ընկերներուն երախտագիտութիւն յայտնելու նպատակով։ Ընկերութեան միջազգային օրը ամէնաերիտասարդ տօներէն մեկն է օրացոյցին մէջ։ Այդ օրը 1 Օգօստոսին նշելու գաղափարը հաստատուած է 27 Ապրիլ 2011-ին` ՄԱԿ-ի գլխաւոր ժողովի 65-րդ համագումարի ժամանակ։ ՄԱԿ-ը պետական կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն առաջարկած է նշել 30 Յուլիս-ը համաձայն մշակութային սովորոյթներու[1][2]։

ՄԱԿ-ի որոշման մէջ շեշտը կը դրուի տարբեր երկիրներու միջեւ ընկերական հարբերութիւններու ձեւաւորման կամ շարունակականութեան կարեւորութեան վրայ։ «Ազգերու, երկրներու, մշակոյթներու միջեւ ընկերութիւնը կը կոչէ խաղաղութեան եւ կամուրջներու ստեղծում հասարակութիւններու միջեւ, որ կը նպաստէ մշակութային բազմազանութեան»,— կ՚ըսուի փաստաթուղթին մէջ։ Ընկերութեան միջազգային օրուայ խնդիրներէն է երիտասարդներու, ինչպէս նաեւ ապագայ առաջնորդներու ուշադրութիւնը սեւեռել հասարակական գործունեութեան վրայ, որ ուղղուած է տարբեր մշակոյթներու յարգալից ըմբռնման։ Շատ երկիրներու մէջ կ՚իրականացուին ընկերութեան քարոզչութեան առնչուող տարբեր միջոցառումներ[3]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Nations United։ «Международный день дружбы | Организация Объединенных Наций»։ United Nations (ռուսերեն)։ արտագրուած է՝ 2020 թ․ հուլիսի 31
- ↑ «Cruzada Mundial de la Amistad»։ cruzadamundialdelaamistad.blogspot.com (իսպաներեն)։ արտագրուած է՝ 2020 թ․ հուլիսի 31
- ↑ http։//www.un.org/ga/search/view_doc.asp?symbol=A/65/L.72 (անգլերէն)