Ընդմիջումային զարկերակախցումի սրնքացաւ
Ընդմիջումային զարկերակախցումի սրնքացաւը (intermittent claudication) այն ցաւի զգացումն է, որ կը յառաջանայ սրունքներու զարկերակներու մասնակի կամ ամբողջական խցումով[1]:
Ընդմիջումային սրնքացաւը կծկումային եւ պրկումային ցաւ մըն է: Անիկա առաւելաբար կը տեսնուի տարեցներու եւ մանաւանդ տղամարդոց մօտ:
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սրնքացաւը կոչուած է ընդմիջումային, որովհետեւ անիկա ընդհանրապէս կը պատահի քալելու եւ վազելու ընթացքին:
Սրնքացաւը մկանային ցաւ մըն է, որ կը սկսի երբ բաւարար քանակութեամբ թթուածինով յագեցած արիւն չի հասնիր սրունքներու մկաններուն: Սրնքացաւը կ'անհետանայ հանգիստ ընելով, այսինքն չքալելով եւ չվազելով:
Զարկերակներու ամբողջական խցումով սրնքացաւը կը պատահի նոյնիսկ հանգիստ վիճակի մէջ:
Ասիկա կը յառաջանայ երկու հիմնական հիւանդութիւններով՝
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1. Զարկերակի ճարպակալումով (atherosclerosis), որ տեղի կ'ունենայ մաղձաճարպի (cholesterol) կուտակումով զարկերակներու պատերուն վրայ:
2. Զարկերակ պնդացումով (arteriosclerosis), որ զարկերակներու պրկումն ու կծկումն է զանազան պատճառներով, ինչպէս՝ զարկերակային գերճնշում եւ ծխախոտի գործածութիւն:
Սրնքացաւը կրնայ ըլլալ նաեւ սուր, սաստիկ, տրոփիչ եւ խորունկ: Անիկա կը զգացուի զիստէն (thigh) մինչեւ ոտք: Սրնքացաւը կեդրոնացած կ'ըլլայ զարկերակի խցումի տեղէն վար:
Յաճախ որովայնային մեծ զարկերակի խցումով կը զգացուի աճուկային (groin) եւ կամ յետոյքային ցաւ: Ընդմիջումային սրնքացաւի վտանգաւոր ազդակներ նկատուած են ծխախոտը, շաքարախտը, արեան մաղձաճարպի բարձրացումը (hypercholesterolemia), զարկերակային գերճնշումը, սիրտի տկար աշխատանքը եւ արեան որոշ հիւանդութիւններ:
Ընդմիջումային սրնքացաւին կ'ուղեկցին սրունքներու զարկերակներու զարկի տկարացում եւ կամ բացակայութիւն, սրունքներու պաղութիւն, եղունգներու կապտութիւն, ինչպէս նաեւ մորթային որոշ անբնական երեւոյթներ, օրինակ՝ մորթի տժգունութիւն, մորթային վէրքերու ուշ սպիացում եւ մորթի փտախտ (gangrene): Այս վերջինին պարագային, յաճախ սրունքի հատումը կը կատարուի հարկադրաբար:
Ընդմիջումային սրնքացաւի ախտաճանաչումը բացայայտ է, սակայն բժիշկը կը փորձէ զգալ սրունքներու զարկերակներու զարկը եւ կը կատարէ հետեւեալ բժշկական քննութիւնները՝
1. Արեան շաքարի եւ մաղձաճարպի.
2. Բազուկի եւ սրունքներու զարկերակային ճնշումի աստիճանաչափի:
3. Սրնքազարկերակներու անդրձայնային (ultrasound), մաքնիսարձագանգային (MRI) եւ համակարգչային շերտագրական (CT scan) նկարումներ.
4. Սրնքազարկերակներու գունաւոր նկարում (angiography): Սրնքացաւը կ'անհետանայ սրնքազարկերակներու խցումի վերացումով:
Դարմանամիջոցներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս կ'իրականայ հետեւեալ դարմանամիջոցներով՝
1. Զարկերակներու լայնացուցիչ դեղեր,
2. Հակամաղձաճարպային դեղեր,
3. Զարկերակի գերճնշումը նուազեցնող դեղեր,
4. Վիրաբուժական գործողութիւններ:
ա. Երակային պատուաստ (vascular graft), այսինքն՝ խցուած զարկերակը փոխարինելով առողջ երակով մը:
բ. Խցուած զարկերակները բանալ յատուկ փուչիկներու գործածութեամբ (angioplasty):
գ. Յատուկ նեցուկներ (stents) զետեղել խցուած զարկերակներուն մէջ:
Սրնքացաւի մեղմացում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սրնքացաւը կը մեղմանայ ժամանակաւորապէս հետեւեալ միջոցներով՝
1. Հանգիստ ընել, շատ չքալել, երկար ժամանակ ոտքի չկենալ,
2. Նստած վիճակի մէջ եւ պառկելու ու քնանալու ընթացքին սրունքները վեր պահել[2],
3. Ցաւաբեկ դեղեր գործածել,
4. Ծխախոտ չգործածել,
5. Բժիշկին կողմէ թելադրուած դեղեր կանոնաւոր գործածել[3]: