Jump to content

Էքիւմենիք Շարժում

Էքիւմենիք Շարժումը[1] (յունարէն էքիւմեն բառէն սեռած է, կը նշանակէ ամբողջ տիեզերքը, էքիւմենիք – տիեզերական), քրիստոնէական եկեղեցիներու միաւորման շարժում է, միջ-եկեղեցական երկխօսութեան շարժում է։

V դ. Քաղկեդոնի ժողովէն ետք սկիզբ առած Ընդհանրական եկեղեցւոյ պառակտումը, XI դ. Յոյն եւ Հռոմի եկեղեցիներուն բաժանումը, XVI դ. Աւետարանական եկեղեցիներու սկզբնաւորումը, այնուհետեւ՝ XVIII–XX դդ. նորանոր եկեղեցիներու ծնունդը պատճառ հանդիսացան քրիստոնէական եկեղեցիներու միութեան գաղափարին՝ փոխադարձ յարգանքի, վստահութեան, միջ-եկեղեցական գործակցութեան հիման վրայ։

Էքիւմենիք շարժումին սկզբունքն է՝ նախ լուծել եկեղեցիներու միջեւ առկայ տարաձայնութիւններն ու խնդիրները, ապա՝ միաւորուիլ։ Էքիւմենեան յարաբերութիւններու ձեւաւորման առաջին պաշտօնական առաջարկը կատարած է Կ.Պոլսոյ Յունաց տիեզերական պատրիարքը։ Ան 1920-ին յղած է «Քրիստոսի եկեղեցիներուն ամէնուրեք» խորագիրով շրջաբերական գիր մը, ուր բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներուն կոչ ըրած է յաղթահարել անվստահութիւնը եւ զարկ տալ համագործակցութեան՝ անտեսելով դաւանաբանական տարաձայնութիւնները։

Էքիւմենիք շարժման կազմակերպութիւնը ձեւաւորուած է 30 Օգոստոս 1948-ին Ամսթրտամի մէջ գումարուած առաջին համաժողովին, երբ ստեղծուած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը (ԵՀԽ, նստավայրը՝ Ժընեւ)(World Council Of Churches)։ Էքիւմենիք շարժումին մասնակից եկեղեցիներու գործունէութիւնը համակարգող այս կազմակերպութեան նպատակն է զարգացնել քրիստոնէական եկեղեցիներու համագործակցութիւնը, յաղթահարել տարաձայնութիւնները։ ԵՀԽ-ի բարձրագոյն մարմինը համաժողովն է, որ կը գումարուի եօթ տարին անգամ մը, կ'ընտրէ Կեդրոնական Կոմիտէ, որ հիմնական գործող մարմինն է համաժողովներու միջեւ ինկած ժամանակաշրջանին։ Գործադիր աշխատանքները կը ղեկավարէ գլխաւոր քարտուղարը, որուն կ'ընտրէ Կեդրոնական Կոմիտէն։

ԵՀԽ-ն 1961-ին Տելիի մէջ գումարուած III համաժողովին ընդունած է հետեւեալ դաւանական բանաձեւը. «ԵՀԽ-ն եկեղեցիներու ընկերակցութիւն մըն է, որ կը դաւանի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին որպէս Աստուած եւ Փրկիչ ըստ Սուրբ Գրոց, եւ կ'աշխատի միասին իրագործել իր հասարակական կոչումը, ի փառս Աստծոյ՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին»։

Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցին ԵՀԽ-ի անդամ չէ, բայց ունի իր մշտական դիտորդները կազմակերպութեան մէջ:

Հայ Առաքելական եկեղեցին մշտապէս կողմ եղած է քրիստոնէական եկեղեցիներու միութեան, դէմ՝ անհանդուրժող ոգիին, պառակտումներուն, մէկը միւսին վրայ իշխելու ձգտումներուն։ Միաժամանակ ձգտած է, որ իւրաքանչիւր եկեղեցի հաւատարիմ մնայ իր դաւանական, ծիսական, ազգային աւանդոյթներուն, աստուածաբանական եւ կանոնական մտածողութեան իր կերպին, պահպանէ իր ինքնուրոյն ղեկավարութիւնը։

Արդի շրջանին ալ Հայ Եկեղեցին գործօն մասնակցութիւն ունեցած է միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն մէջ։ Հայ եկեղեցին ԵՀԽ-ին անդամակցած է 1962-ի Օգոստոսին, փարիզեան նստաշրջանին, Վազգէն Ա. Պալճեան կաթողիկոսի՝ նոյն թուականի 26 Ապրիլի դիմումով։

Էքիւմենիք շարժումի շրջանակներուն մէջ կը քննարկեն ո՛չ միայն եկեղեցական, կրօնական, աստուածաբանական, այլեւ՝ մարդկութիւնը յուզող բազմաթիւ այլ խնդիրներ, կը մշակուին ընկերային, մարդասիրական, բարեգործական, կրթական եւ այլ համատեղ ծրագիրներ, կը ստեղծուին Էքումենիք կազմակերպութիւններ, տեղական խորհուրդներ։ Այդպիսիներէն է ԵՀԽ-ի Հայաստանեան Կլոր սեղանը, որ 1997-էն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կ'իրականացնէ շարք մը ծրագիրներ՝ Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու ուժերով։

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 11-րդ ընդհանուր համաժողովը գումարուած է 31 Օգոստոս-8 Սեպտեմբեր 2022-ին, կարգախօս ունենալով. «Քրիստոսի սէրը կ'առաջնորդէ աշխարհը դէպի հաշտութիւն եւ միասնութիւն», Գերմանիոյ Կառլսռուէ քաղաքին մէջ։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետ[2] 2022-ին Գերմանիոյ մէջ գումարուած Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի 11-րդ համաժողովին ընտրուած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհրդի նախագահ։ Նաեւ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ երկու անգամ` 1991-1998 եւ 1998-2006թթ. եղած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական ու Գործադիր վարչութիւններու ատենապետ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի առաջարկով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը (ԵՀԽ) եւ Շվէյցարիոյյ Բողոքական Եկեղեցին 26-28 Մայիսին Շվէյցարիոյյ Բեռն քաղաքին մէջ կազմակերպած են «Կրօնական Ազատութիւն․ հայկական հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանումը Արցախի մէջ/Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» խորագիրով միջազգային համաժողով, որուն ներկայ գտնուեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (ԵՀԽ) Կեդրոնական Կոմիտէն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԵՀԽ-ի Կեդրոնական Կոմիտէն [3] բաղկացած է 158 անդամներէ, ԵՀԽ տարածաշրջանային նախագահներէ եւ աւելի լայն Էքիւմենիք շարժման 100 խորհրդականներէ։ Անոր նպատակն է իրականացնել ժողովի յանձնարարութիւնը, գոյացնել քաղաքականութեան որոշումներ եւ լուծել եկեղեցիներու կեանքին եւ վկայութեան վրայ ազդող հարցերը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. https://www.oikoumene.org/
  2. https://www.hetq.am/hy/article/147969
  3. https://www.oikoumene.org/
  • «Քրիստոնեայ Հայաստան» Հանրագիտարան, Երեւան, 2000 թ.։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։