Jump to content

Էքաթի

Էքաթի
Ծնողներ հայր՝ Բերսես, Զեւս և Գոլխիդայի Բերսիս, մայր՝ Ասթերիա[1], Հերա (աստուածուհի) և Տիմիթրա
Երեխաներ Գրաթէիդա, Միդիա, Գիրգի և Սգիլա

Էքաթի (յուն․՝ Εκάτη)․ հին յունական կրօնին մէջ աստուածութիւն։ Ան ընդհանրապէս կը պատկերուի ձեռքին երկու ջահ բռնած, կամ բանալի եւ յետագայ ժամանակաշրջաններուն՝ երեք կերպարներով։

Ըստ դիցաբանութեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դիցաբանութեան համաձայն, Էքաթի զանազան ձեւերով կապուած էր խաչմերուկներուն, մուտքերուն, լոյսին, կախարդանքին, դեղերու եւ թունաւոր խոտերու գիտելիքին, ուրուականներուն եւ մեռելագուշակութեան։ Տիմիթրային ուղղուած Հոմերոսեան Օրհներգին եւ Իսիոդոսի Թէողոնիային, ան կը ներկայացուի որպէս վեհաշուք աստուածութիւն։

Էքաթի երեք կերպարներով պատկերուած

Ան Թրակիոյ մէջ մեծ համբաւ կը վայելէր։ Ինչպէս նաեւ Աթենացիներուն տուներուն մէջ պաշտուած բազմաթիւ աստուածներէն մէկն էր՝ որպէս հովանաւոր, որ կ'ապահովէր ընտանիքին բարօրութիւնն ու ամէնօրեայ օրհնութիւնները։ Քաղդէական Հարցատուրքերու (Բ․ եւ Գ․ դարեր) յետ-քրիստոնէական գրութիւններուն մէջ, ան կը ներկայանայ իբր թէ (որոշ) իշխանութիւն ունենալով երկրին, ծովուն եւ երկինքին վրայ, ինչպէս նաեւ աւելի տիեզերական դեր մը ունենալով որպէս Փրկիչ, Հրեշտակներու Մայր եւ Տիեզերական Համաշխարհային Հոգի:

Էլեֆսինեան Խորհուրդներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էքաթի, անդրաշխարհի կախարդութեան արուեստի աստուածուհին, Բերսես եւ Ասթերիա տիտաններուն միակ զաւակն էր։ Ան, իր ծնողքէն ժառանգեց զօրութիւնը տիրելու երկրին, ծովուն եւ երկինքին։ Ան նաեւ օգնեց Տիմիթրա աստուածուհիին Բերսեֆոնիին գտնէ եւ երբ անոնք զիրար գտան ան դարձաւ Բերսեֆոնիին ընկերակիցը եւ Ադիսին կողակիցը։ Ան սերտօրէն կապուած էր Էլեֆսինեան Խորհուրդներուն հետ։

[2] [3] [4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]