Jump to content

Էրսի

Էրսի
Έρση
Ծնողներ հայր՝ Քեքրոփաս, մայր՝ Աղլաւրոս[1]
Երեխաներ Գեֆալոս

Էրսի (յուն․՝ Έρση)․ յունական դիցաբանութեան դէմք։ Աթէնքի թագաւոր Քեքրոփասին եւ Աղլաւրոսին արքայադուստր, Էրիսիհթոնաս Աթենացիին, Փանդրոսոսին եւ Աղրաւլոս Կրտսերին քոյրը։ Կը յամարուի առաւօտեան ցօղին մարմնաւորումը, զոր կը հաւատային թէ Լուսինը մարդոց պարգեւած էր։

Էրսի, Աքրոփոլիին մէջ Աթինա աստուածուհիին քուրմուհին էր։ Երբ Էրեխթեւս (կամ Էրեխթէաս) ծնաւ, Աթինա մանուկը դրաւ փոքր արկղի մէջ եւ յանձնեց Քեքրոփասի դուստրերուն՝ Փանդրոսօ, Աղլաւրոսին եւ Էրսիին, հրամայելով որ արկղը փակ պահեն։ Սակայն Աղլաւրոսն ու Էրսին չկրցան դիմանալ իրենց հետաքրքրասիրութեան ու արկղը բացին։ Արկղին մէջ տեսան օձ մը կամ մանուկը օձերով փաթթուած։ Այդ տեսարանէն այնքան սարսափեցան, որ խելագարուեցան ու Աքրոփոլիէն վար նետուեցան։

Ըստ ուրիշ դիցաբանութեան, Հերմէս սիրահարուեցաւ Էրսիին ու Աղլաւրոին օգնութիւնը ուզեց։ Սակայն Աթինա դիցուհին նախանձ ներարկեց Էրսիին հոգիին մէջ եւ Հերմէս ձախողեցաւ։ Ըստ ուրիշ վարկածի, Էրսին ու Հերմէս ունեցան մանչ մը՝ Գեֆալոս անունով (Աբոլոդորոս Գրադարան, Գ 14, 3)։ Աւելին, ըստ արձանագրութեան մը, Աթէնքի «Գիրիքոն» քահանայական սերունդը Էրսին ու Հերմէսը կը նկատէր Գիրիքոսին ծնողքը։

«Էրսի» անունը աթենացիները կը գործածէին նաեւ որպէս Աթինա դիցուհիին անուն, որուն պատուոյն համար կը տօնէին Արրիֆորիա տօնը (յառաջ եկած է «Էրսիէֆո՛րիա»-էն՝ «Էրրիֆո՛րիա»): Այդ տօնին Աթէնքի ամէնէն ազնուական ընտանիքներէն 7-էն 11 տարեկան չորս աղջիկներ կը մասնակցէին, որոնք մէկ տարի կ'ապրէին Աքրոփոլիսին վրայ եւ կը զբաղէին տօնին հետ կապուած աշխատանքներով:

[2] [3] [4] [5]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]


(դիցաբանութիւն)