Jump to content

Էրինիես

Էրինիես
Ծնողներ հայր՝ Ուրանոս և Սքոթոս, մայր՝ Եէա, Նիքս, Էվոնիմոս և Բինի

Էրինիես (յուն․՝ Ερινύες)․ յունական դիցաբանութեան համաձայն, խթոնիես աստուածութիւններ էին՝ կը հետապնդէին անոնց որոնք ոճրագործութիւններ ըրած էին բնութեան եւ բարոյական կարգերուն դէմ։

Անոնք ծանօթ էին նաեւ որպէս Էվմենիդես՝ այդ անունը տուած են Էսխիլոսին «Օրեսթիա» ողբերգութեան։ Այդ ողբերգութեան մէջ Օրեսթին կը հետապնդեն (Աղամեմնոնասին եւ Գլիթէմնիսթրային մանչը) անոր մօր սպաննութեան համար։ Անոնց ծագումին մասին կան տարբեր կարծիքներ, գլխաւորներն են՝

Անոնց թիւը յստակ չէ։ Էվրիբիդիս իր մէկ ողբերգութեան մէջ երեք անուններ կու տայ, նայնպէս՝ Վիրղիլիոս (Ք․Ա․70-Ք․Ա․19)․

  • Ալիքթօ․ զայրութեան եւ ժահդրութեան մարմնաւորումը։
  • Մեղէրա․ ատելութեան եւ նախանձի մարմնաւորումը։
  • Թիսիֆոնի․ վրէժխնդրութեան եւ սպաննութեան մարմնաւորումը։

Էրինիեսներուն գլուխները օձերով կը պարուրուէին՝ Ղորղօ ծովանուշին յիշեցնելով, իսկ ընդհանուր տեսքը՝ սարսափելի եւ հարկաթափ։ Անոնց բնակարանը անդրաշխարհն էր։ Անոնք իրենց ձեռքը ունէին վառած ջահեր, որպէսզի ցրուեն խաւար ստուերները որոնք կը պատէին եղած ոճիրները, ինչպէս նաեւ կը բռնէին օձերով խարազաններ, որպէս զէնք ոճրագործներուն դէմ։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]