Jump to content

Էրեսունդի կամուրջ

Էրեսունդի կամուրջ (դան․՝ Øresundsbroen, շուէտ.՝ Öresundsbron), կամուրջ, որ կը կապէ Դանիայի մայրաքաղաք Քոփենհակընը եւ Շուէտի մեծութեամբ երրորդ քաղաք՝ Մալմիօն։

Կամուրջին բացումը տեղի ունեցած է 1 Յուլիս 2000-ին։ Կամուրջը ունի 7.845 մեթր երկարութիւն, 23.5 մեթր լայնութիւն, 490 մեթր բարձրութիւն եւ երթեւեկելի 2 գիծեր: Կը համարուի Եւրոպայի ամենաերկար կամուրջը: Հեղինակն է դանիացի ճարտարապետ Ճորճ Ռոթն: Ջուրի վրայ կամուրջը կը ձգուի 8 քմ., այնուհետեւ արհեստածին կղզիին մէջ կը մտնէ ստորերկրեայ թունել եւ կը ձգուի 4 քմ. եւս: Կամուրջը կառուցուած է մաքուր հումքով՝ ծովուն յատակէն վերցուած: Թունելին մեծ մասը կառուցուած է ցամաքին մէջ, ապա զայն քարշակներով տեղափոխած են ջուրին յատակը: Ներկայիս արհեստական կղզիին մէջ կան աւելի քան 500 տեսակ բոյսեր[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]