Jump to content

Էտուար Մանէի «Ծնեբեկ» կտաւը

Էտուար Մանէի «Ծնեբեկ» կտաւը, Փարիզի Օրսէյ թանգարանին մէջ ցուցադրուած ֆրանսացի տպաւորապաշտ գեղանկարիչ Էտուար Մանէին կտաւը:

Շատեր հարց տուած են, թէ ինչու մեծ արուեստագէտը ջանք թափած է եւ ուշադրութեան արժանացուցած է ծնեբեկի ցօղուն մը: 16,5-21,5 սմ չափերով  փոքրիկ կտաւը ունի իր ստեղծման պատմութիւնը, որ կ'ընդգծէ նկարիչին իւրայատուկ սրամտութիւնը:

1880-ին յայտնի մեկենաս եւ արուեստաբան Չարլզ Էֆրուսի Մանէին կը պատուիրէ գծել «Կապ մը ծնեբեկ» կտաւը. գինը նախապէս կը պայմանաւորուին` 800 ֆրանք: Մանէ կը նկարէ իր յայտնի ծնեբեկով նաթիւրմորթը, զոր պատուիրատուն այնքան կը հաւնի, որ նկարիչին 800-ի փոխարէն` 1000 ֆրանք կ'ուղարկէ:

Մանէ, առանց երկար մտածելու, կը գծէ երկրորդ նաթիւրմորթ մը, ուր պատկերուած է ծնեբեկի ցօղուն մը եւ զայն կ'ուղարկէ Էֆրուսիին` նկարին կցելով երկտող մը հետեւեալ բովանդակութեամբ:

«Ես կ'ուղարկեմ ձեր փունջէն պակսող ցօղունը»:

Այսպիսով, Էֆրուսի 1000 ֆրանքով ձեռք կը բերէ երկու նաթիւրմորթ, իսկ Մանէ երբեք չէր երեւակայեր, որ իր կատակ նկարը օրին մէկը պիտի ցուցադրուէր փարիզեան մեծագոյն թանգարաններէն մէկուն մէջ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]