Jump to content

Էտուարտ Ճէրէճեան

Էտուարտ Ճէրէճեան
անգլերէն՝ Edward Djerejian
Ծնած է 6 Մարտ 1939(1939-03-06) (86 տարեկան)
Ծննդավայր Նիւ Եորք, Նիւ Եորք
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր «Ճորճթաուն» համալսարան, Քոլումպիա Համալսարան և Էդմունդ Ա. Վալշի անվան դիվանագիտական ծառայության դպրոց?
Մասնագիտութիւն դիւանագէտ և գործարար
Աշխատավայր Ռայսի անվան համալսարան?
Անդամութիւն Արուեստներու եւ գիտութիւններու ամերիկեան կաճառ

Էտուարտ Ճէրէճեան (անգլերէն՝ Edward Djerejian, 6 Մարտ 1939(1939-03-06), Նիւ Եորք, Նիւ Եորք), Միացեալ Նահանգներու նախկին դիւանագէտ։ Ան աշխատած է Միացեալ Նահանգներու ութ նախագահներու վարչակազմերու մէջ[1][2]: Ան սկսած է պաշտօնավարել Ճոն Ֆ. Քենետիի նախագահութեան տարիներէն սկսեալ մինչեւ Պիլ Քլինթընի նախագահութեան ժամանակահատուածը:

Կեսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Մերիլենտ: Գաղթական հայեր եղած են անոր ծնողները, որոնք մազապուրծ փրկուած են 1915-ի տխուր դէպքերէն:

Դպրոցը աւարտելէ ետք, Ճէրէճեան 1955 թուականին ընդունուած է Ճորճթաուընի համալսարանը:

1960 թուականին ծառայած է Քորէա՝ Միացեալ Նահանգներու բանակէն ներս:

Բացի անգլերէնէն, ան կը խօսի արաբերէն, հայերէն, ֆրանսերէն եւ ռուսերէն։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1962 թուականին դարձած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Ժորժ Պոլլիի տեղակալը:

1966-1972 թուականներուն միջեւ Էտուարտ Ճէրէճեան, որպէս դիւանագիտական կցորդ աշխատած է Պէյրութ եւ Քազապլանքա:

1975-1977 թուականներուն միջեւ եղած է Պորտոյի մօտ (Ֆրանսա) ԱՄՆ-ի գլխաւոր հիւպատոս:

իբրեւ քաղաքագէտ, Ռուսերէն լեզուի իմացութիւնը օգնած է իրեն 1979-1981 թուականներուն ղեկավարել Մոսկուայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատան քաղաքական բաժինը[3]: Ան նախքան Մոսկուա երթալը, առիթ ունեցած է ծանօթանալու իր հայրենակցին՝ Սովետական Հայաստանի նախարարներու խորհուրդի նախագահ Անաստաս Միկոյեանի հետ:

Խորհրդային Հայաստանի մէջ դիւանագիտական ծառայութենէ ետք, Ճէրէճեան 1981 թուականին գործուղղուած է Մերձաւոր Արեւելք՝ իբրեւ Յորդանանի ամերիկեան առաքելութեան ղեկավարի տեղակալ:

1989-1991 թուականներուն միջեւ եղած է Սուրիոյ մօտ ԱՄՆ-ի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, ապա՝ 1993-1994 թուականներուն Իսրայէլի մօտ ԱՄՆ-ի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան:

Ան միակ հայն է, որ Միացեալ Նահանգներու շահերը բարձր մակարդակով ներկայացուցած է Սուրիոյ եւ Իսրայէլի մէջ:

Դիւանագիտական ասպարէզէն ետք Էտուարտ Ճէրէճեանին վստահած են Թեքսասի Ռայսի համալսարանը, Ճէյմս Պէյքըրի անուան գիտահետազօտական կաճառը:

2003 թուականին ԱՄՆ-ի նախագահ Ճորճ Պուշի (կրտսեր) վարչակազմը դիւանագէտին առաջարկած է հասարակական դիւանագիտութեան եւ ծրագիրներու հարցերով յանձնաժողովի նախագահի պաշտօն, որ կը վերաբերէր արաբական եւ իսլամական աշխարհին: Այդ պաշտօնը կատարած է մինչեւ 2008 թուականը, ապա դարձեալ վերադարձած է ակադեմական հետազօտութիւններու բաժին:

2013-2015 թուականներուն ընտրուած է «Օքսիտենտըլ փըթրոլիոմ» կազմակերպութեան տնօրէններու խորհուրդի անկախ նախագահ։

Ճէրէճեան «Վտանգ եւ հնարաւորութիւն․ ԱՄՆ-ի դեսպանի ճամբորդութիւնը Մերձաւոր Արեւելքով» գիրքի հեղինակն է[2]:

Մրցանակներ եւ շքանշաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դեսպան Ճէրէճեան արժանացած է․

  • Նախագահի վաստակաւոր ծառայող մրցանակին[1],
  • Արտաքին գործոց նախարարութեան վաստակաւոր պատուոյ մրցանակին[1],
  • Նախագահի երախտիքի արժանի ծառայող մրցանակին, հանրայայտ Էլլիս կղզիի պատուոյ շքանշանին[1],
  • 2009 թուականին՝ Ռայսի շրջանաւարտներու ոսկեայ շքանշանին՝ ի նշան Ռայս համալսարանէն ներս մատուցած իր բացառիկ ծառայութեան։

2011 թուականին ընտրուած է Մշակոյթի եւ գիտութեան ամերիկեան ակադեմիոյ՝ երկիրի հնագոյն եւ ամենահեղինակաւոր հասարակութեան եւ անկախ քաղաքականութեան հետազօտական կեդրոններէն մէկուն անդամ։

Ճէրէճեան ունի Ճորճթաուն համալսարանի գիտութեան պսակաւոր արուեստի եւ հասարակական գիտութիւններու պատուաւոր դոկտորի աստիճան, ինչպէս նաեւ Միտըլպըրի գոլէճի իրաւաբանական գիտութիւններու պատուաւոր դոկտորի աստիճան[4]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 4 «Baker Institute - Ambassador Djerejian - Biography»։ bakerinstitute.org։ արտագրուած է՝ 2026-01-12
  2. 1 2 «Edward P. Djerejian»։ Baker Institute (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2026-01-12
  3. «Edward Djerejian | Staff | The People of Rice | Rice University»։ profiles.rice.edu (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2026-01-12
  4. «ԷՏՈՒԱՐՏ ՃԷՐԷՃԵԱՆ. «ՄԻԿՈՅԵԱՆԻՆ ԱՆՈՒՆՍ ՉՏՈՒԻ, ԸՍԻ ԲԱՐԵ՛Ւ, ԵՍ ՀԱՅ ԵՄ»»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2026-01-12