Էտմոնտ Աւետեան

Էտմոնտ Աւետեան
Ծնած է 10 Նոյեմբեր 1929(1929-11-10)
Ծննդավայր Անտիժան
Մահացած է 6 Դեկտեմբեր 2002(2002-12-06) (73 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստան
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարան
Մասնագիտութիւն փիլիսոփայ, լեզուաբան
Աշխատավայր Երեւանի Պետական Համալսարան

Էտմոնտ Աւետեան (10 Նոյեմբեր 1929(1929-11-10), Անտիժան - 6 Դեկտեմբեր 2002(2002-12-06), Երեւան, Հայաստան), հայ լեզուաբան եւ փիլիսոփայ։

Կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Ուզպեքիստանի Անտիժան քաղաքին մէջ: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժնին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1956 թուականին:

Ուսումը աւարտելէ ետք 1956-1961 թուականներուն Երեւանի Պետական համալսարանի մէջ ստանձնած է ռուսաց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչութեան պաշտօն:

Ձերբակալութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1982 թուականին ձերբակալուած է իբրեւ այլախոհ եւ մեղադրուած՝ ռուս գրող Ալեքսանդր Սոլժենիցինի հետ ունեցած նամակագրութեան եւ արգիլուած գրականութիւն պահելու մեղադրանքով։ Ձերբակալութեան տարիները անցուցած է հոգեբուժարանի մէջ, ուրկէ ազատ արձակուած է 1984 թուականին:

Ազատ արձակուելէ ետք շարունակած է ուսուցչութեան պաշտօնը Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս, իսկ 1994 թուականին եղած է նոյն համալսարանի ընդհանուր լեզուաբանութեան ամպիոնի վարիչ:

Աշխատութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւետեանի ստեղծագործական աշխատութիւնները կը վերաբերին լեզուաբանութեան, իմաստի եւ արտայայտութեան[1], որոնց մասին կատարած է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ․

  • «Լեզուական նշանի բնոյթը» (ռուսերէն, 1968),
  • «Իմաստ եւ նշանակութիւն» (ռուսերէն, 1979),
  • «Նշանագիտութիւն եւ լեզուաբանութիւն» (ռուսերէն, 1989),
  • «Վերադարձի օղակ» (1998, վերահրտ.՝ 2003) փիլիսոփայական խոհեր,
  • «Բանտային բանաստեղծութիւններ» (ռուսերէն, 2002) ժողովածու[2]։

Լեզուաբանը իր առաջին աշխատութիւնով իսկ յաջողած է հետաքրքրութիւն յառաջացնել թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ներս։

Երկար տարիներ տուած է լեզուաբանութեան, լեզուի փիլիսոփայութեան պատմութեան, գեղարուեստական թարգմանութեան տեսութեան եւ այլ առարկաներու մասին դասախօսութիւններ: Ան իր գործերուն մեծամասնութիւնը գրած է ռուսերէն լեզուով[3]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Ով ով է. Հայերէն Կենսագրական հանրագիտարան, Ա․ հատոր, Երեւան, 2005։ 
  2. «ԷՏՄՈՆՏ ԳԵՂԱՄԻ ԱԻԵՏԵԱՆ»։ ysu.am։ արտագրուած է՝ 2016-07-28 
  3. «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-09