Jump to content

Էվնոմիա

Էվնոմիա
հին յուն․՝ Εὐνομία
Ծնողներ հայր՝ Զեւս, մայր՝ Թեմիս

Էվնոմիա (յուն․՝ Ευνομία)․ յունական դիցաբանութեան համաձայն, օրէնքին եւ օրէնսդրութեան աստուածութիւն, Ինչպէս նաեւ՝ կանաչ արօտավայրերուն։ Ըստ աղբիւրներու ան Թեմիդային եւ Զեւսին դուստրն էր։ Էվնոմիա Դիսնոմիա (ապօրէնութիւն) աստուածութեան հակառակն էր։

Էվնոմիա իր քոյրերուն հետ՝ Դիքի եւ Իրինի, կը պատկանէր Օրեսներուն երկրորդ սերունդին։ Ան մասնաւորաբար Աթէնքին, Արղոսին եւ Օլիմպիային մէջ կը պաշտուէր։

Էվնոմիա անունը, իր քոյրերուն անուններուն հետ «բարեկարգութիւն, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն» եռաբանութիւնը կը կազմէ։

Ան, պատկերուած է Աթենիան բաւական անօթներու վրայ, Աֆրոդիթիին ընկերակցներուն միջեւ։ Աֆրոդիթիին հետ կը ներկայացնէր ամուսնութեան մէջ կիներուն օրինաւոր եւ կամ հպատակ վարմունքը։ Այդ պատճառով նոյնացած է Էվրինոմիին հետ՝ Խարիթեսներուն մայրը։

Էվնոմիա աստղակերպ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

29 Յուլիս 1851-ին յայտնաբերուած աստղակերպը առած է իր անունը (15 Eunomia)։

[1] [2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]