Jump to content

Էվա Փերոն

Էվա Փերոն
maˈɾi.a ˈeβa ˈðwarte ðe peˈɾon
Ծննդեան անուն Մարիա Էվա Տուարտէ
Ծնած է 7 Մայիս 1919(1919-05-07)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Junín, Բուենոս Այրես, Արժանթին[2]
Մահացած է 26 Յուլիս 1952(1952-07-26)[1][2][3][…] (33 տարեկանին)
Մահուան վայր Պուէնոս Այրէս, Արժանթին[2]
Քաղաքացիութիւն  Արժանթին[2]
Կրօնք Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցի
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, թատրոնի դերասանուհի, կինոդերասանուհի, արհմիութենական գործիչ, կանանց իրավունքների պաշտպան, սուֆրաժէթ, երգչուհի և դերասանուհի
Վարած պաշտօններ First Lady of Argentina?, կազմակերպութեան նախագահ և Spiritual Leader of the Nson webadasArgentina?
Անդամութիւն Կաթոլիկ Իզաբելայի շքանշան?
Կուսակցութիւն Female Peronist Party?
Ամուսին Խուան Դոմինգո Պերոն?
Ստորագրութիւն

Մարիա Էվա Տուարտէ տէ Փերոն, (սպաներէն՝ maˈɾi.a ˈeβa ˈðwarte ðe peˈɾon), ծննդեան անունով՝ Մարիա Էվա Տուարտէ, 7 Մայիս 1919- 26 Յուլիս 1952), աւելի ծանօթ Էվա «Էվիթա» Փերոն անունով, արժանթինցի քաղաքական գործիչ, հանրային գործիչ եւ դերասանուհի։

Յունիս 1946-էն մինչեւ իր մահը՝ Յուլիս 1952, կը պաշտօնավարէ իբրեւ Արժանթինի առաջին տիկին՝ իբրեւ Արժանթինի նախագահ Խուան Փերոնի կինը։

Էվա Փերոն ծնած է համեստ ընտանիքի մը մէջ՝ Փամփաս շրջանի Լոս Թոլտոս գիւղին մէջ, իբրեւ ընտանիքի հինգ զաւակներէն կրտսերը։

1934-ին, տասնհինգ տարեկան հասակին, կը տեղափոխուի երկիրի մայրաքաղաքը՝ Պուէնոս Այրէս՝ թատրոնի, ձայնասփիւռի եւ շարժանկարի դերասանուհի դառնալու նպատակով։

1945-ին կ'ամուսնանայ Խուան Փերոնի հետ, որ այդ օրերուն տակաւին բանակի գնդապետ էր։

Երբ 1946-ին Խուան Փերոն Արժանթինի նախագահ կ'ընտրուի[4], Էվա Փերոն ալ կ'անցնի երկիրի քաղաքական կեանքին առաջին շարքերը։

Իր հիմնած Էվա Փերոնի հիմնադրամին շնորհիւ, որ բարեսիրական լայն գործունէութիւն կը ծաւալէ եւ մեծ ազդեցութիւն կը գործէ Արժանթինի հասարակութեան վրայ, Էվա Փերոն կը դառնայ փերոնական շարժումին եւ արժանթինեան մշակոյթին առանցքային դէմքերէն մէկը։

22 Յունուարի 1944-ին, Լունա Փարք մարզադաշտին մէջ կազմակերպուած բարեսիրական ձեռնարկի մը ընթացքին, որուն նպատակը Սան Խուանի երկրաշարժէն աղէտեալներուն օգնութիւնն էր, ան կը հանդիպի գնդապետ Խուան Փերոնին։ Երկուքը կը պսակուին յաջորդ տարի։

Յունիս 1946-ն Խուան Փերոն նախագահ կ'ընտրուի, իսկ յաջորդ վեց տարիներուն Էվա Փերոն ազդեցիկ դեր կը ստանձնէ փերոնական արհեստակցական միութիւններուն մէջ, մանաւանդ աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան շնորհիւ։

Ան նաեւ կը ղեկավարէ Աշխատանքի եւ Առողջապահութեան նախարարութիւնները, կը հիմնէ եւ կը վարէ Էվա Փերոնի հիմնադրամը, կը պայքարի Արժանթինի մէջ կիներու ընտրական իրաւունքին համար եւ կը հիմնէ ու կը ղեկավարէ երկիրին առաջին մեծածաւալ կիներու քաղաքական կազմակերպութիւնը՝ Կին Փերոնական Կուսակցութիւնը։

1951-ին Էվա Փերոն կը յայտարարէ, որ պիտի առաջադրուի իբրեւ Արժանթինի փոխնախագահի պաշտօնին փերոնական թեկնածու։ Ան լայն աջակցութիւն կը ստանայ փերոնական համակիրներէն, ինչպէս նաեւ ցած եկամուտ ունեցող եւ աշխատաւոր դասակարգի ներկայացուցիչներէն, որոնք կը ճանչցուին descamisados («անշապիկներ») անունով։ Սակայն զինուորական շրջանակներու եւ երկիրին հարուստ խաւերուն ընդդիմութիւնը, ինչպէս նաեւ իր առողջական վիճակին վատթարացումը, զինք ի վերջոյ կը ստիպեն հրաժարելու իր թեկնածութենէն[5]։

1952-ին, քաղցկեղէ իր մահէն քիչ առաջ, Արժանթինի Ազգային Քոնկրեսը Էվա Փերոնին կը շնորհէ «Արժանթին ազգի Հոգեւոր Առաջնորդ» պատուանունը։ Նոյն տարուան Յուլիսին, երեսուներեք տարեկան հասակին, ան կը մահանայ քաղցկեղէ եւ կ'արժանանայ պետական յուղարկաւորութեան, պատիւ մը, որ սովորաբար կը վերապահուի միայն պետութեան ղեկավարներուն։

Էվա Փերոն ժամանակի ընթացքին կը դառնայ միջազգային ժողովրդական մշակոյթի խորհրդանշական դէմքերէն մէկը։ Ամէնէն մեծ ճանաչումը կը ստանայ Evita (1976) երաժշտական բեմադրութեան շնորհիւ, որ հիմնուած է իր կեանքին վրայ։

Արժանթինցի քաղաքական գործիչ Քրիսթինա Ալվարես Ռոտրիկես կը յայտնէ, թէ Էվա Փերոնը երբեք չէ հեռացած արժանթինցիներու հաւաքական յիշողութենէն։ Իսկ Արժանթինի երկրորդ կին նախագահ Քրիսթինա Ֆեռնանտես տէ Քիրշներ կը հաստատէ, թէ իր սերունդի կիները Էվա Փերոնին պարտական են իր «անձնուիրութեան, վճռակամութեան եւ պայքարի ոգիին» համար։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 1 2 3 4 5 cinenacional.com — 2001.
  3. 1 2 Encyclopædia Britannica
  4. Փերոն
  5. Էվա Փերոնիի մահը