Jump to content

Էսթիա

Էսթիա

Εστία

հին յուն․՝ Ἑστία
Ծնողներ հայր՝ Քրոնոս, մայր՝ Ռէա

Էսթիա (յուն․՝ Εστία)․ հին յունական դիցաբանութեան համաձայն տան, ընտանեկան կեանքի եւ օճախի աստուածուհին է։ Հանրային պաշտամունք չունէր եւ իւրաքանչիւր տան մէջ տեղի ունեցած զոհաբերութեան, ան առաջին ընծան կ'ընդունէր։

Ստուգաբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Էսթիա» անունը կը նշանակէ «տուն եւ օճախ», այսինքն՝ տունը եւ անոր բնակիչները: Էսթիա կը խորհրդանշէ գաղութներուն եւ մայրաքաղաքներուն միջեւ դաշինք:

Էսթիա, Ռէային եւ Քրոնոսի աւագ դուստրն էր, Զեւսին, Իրային, Ադիսին, Փոսիդոնասին եւ Տիմիթրային քոյրը։ Սկիզբին, ան Ողիմպոսին 12 աստուածներուն ընդգրկուած էր, սակայն ետքը ան իր տեղը Դիոնիսոսին տուաւ, որպէսզի վերջ տայ իրենց միջեւ վէճերուն։ Նաեւ, ան կը հոգար Ողիմպոսին սուրբ կրակը։ Իր ծնունդէն անմիջապէս ետք, Քրոնոս զայն եւ իր քոյրերն ու եղբայրները կը կլլէ, բացի Զեւսէն, որ աւելի ուշ զիրենք կը փրկէ՝ առաջնորդելով զանոնք Քրոնոսին եւ մնացեալ Տիտաններուն դէմ պատերազմի մը։

Էսթիա, Աթինա եւ Արթեմիս միակ աստուածուհիներն էին, որոնց վրայ Աֆրոդիթիին զօրութիւնը չէր տարածուեր:

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]