Jump to content

Էորդէա

Հին շրջան
Էորդէա
Εορδαία
Մակեդոնական թագաւորութեան զարգացման ընթացքը
Երկիր Յունաստան
Երկրամաս Մակեդոնիա
Հին Յունաստանի շրջան Վերի Մակեդոնիա
Խօսուող լեզուներ հասարակ յունարէն Ատիկէի բարբառ

Էորդէա (յուն․՝ Εορδαία)․ Վերին Մակեդոնիոյ հին շրջան։ Անունը յառաջ եկած է Բելասղիներուն Էորդա աստուածուհիէն։ Շրջանը կը տարածուէր ժամանակակից համանուն քաղաքին հովիտին։ Սահմանակից էր արեւմուտքէն Օրեսթիդային հետ, հարաւէն Էլիմիային հետ, հիւսիսէն Լիկիսթիդային հետ եւ արեւելքէն Վոթիէային հետ։ Անոր բնական սահմանները եղած են՝ արեւելքէն Վերմիոյին լեռնաշղթան եւ արեւմուտքէն Ասքիօ եւ Վերնօ լերները, տալով հին շրջանին բնական հսկայ բերդի մը։

Պատմական տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էորդէային առաջին բնակիչները Բելասղիները եղած են, որոնք հաւանաբար իւրացուեցան յունական Էորդես ցեղէն։ Հնաբանական պեղումները յայտնաբերած են նախապատմական եւ նաեւ Միկինասեան բնակավայրերու հետքեր։

Վեղոթիթիդա լիճին շուրջ կը գտնուին հնաբանական կարեւոր վայրերը

Էորդէա եղած էր ինքնիշխան թագաւորութիւն եւ առաջիններէն եղած է որ արագօրէն միացած է Մակեդոնական թագաւորութեան հետ։

Հին արձանագրութիւններ կը վկայեն չորս կարեւոր քաղաքներ․-

Էորդէա, Վեղորիթիդա լիճի ափին․ քանդուած է Գ․ դարուն։

Արնիսա, հաւանաբար ժամանակակից քաղաքին վայրին մէջ։

Վոքերիա, լիճին հիւսիսային հնաբանական վայրերէն մէկուն մէջ։

Քելի, Վեղոթիթիդա լիճին հարաւը։

[1] [2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]