Էշէք պէքլեմէն

Էշէք պէքլեմէն խմբային խաղ մըն է, որ Ուրֆայի մէջ կը խաղցուի։ Դաշտին կեդրոնը կը կենայ «պառկող»ը, այսինքն անձ մը որ կորաքամակ կը չոքի, ձեռքերը սրունքներուն վրայ դրած։ Ան կ՚ունենայ ընկերակից մը, որ կը խաղայ պահապանի դերը եւ կը դառնայ անոր շուրջ բոլորը։ Մնացեալ խաղացողները այս երկուքին հակառակորդներն են։ Ամբողջ խաղին ընթացքին անոնք կը փորձեն մօտենալ «պառկող»ին եւ փորձել անոր կռնակը ելլել։ «Պառկող»ը կը գտնուի կրաւորական դիրքի մէջ, բայց անոր պահապանը պատրաստ կը հսկէ եւ իրաւունք ունի ամէն մօտեցողի հարուածել կամ հրել։

Երբ մէկն ու մէկը ճարպիկ շարժումներէ ետք ի վերջոյ կը յաջողի հեծնել «պառկող»ին կռնակը, այն ատեն կարգը կու գայ իջնելուն ու փախչելուն։ Բայց պահապանը կողքին կանգնած է, այնպէս որ փախչելու համար հնարամիտ միջոցներ պէտք է գտնել։ Հեծեալին խմբակիցները կրնան իրեն օգնել պահապանը զբաղեցնելով։ Եթէ հեծեալը փախուստի պահուն բռնուի եւ ենթարկուի պահապանին հարուածներուն, պարտուած կը համարուի եւ ինք կը ստանձնէ «պառկող»ի դերը[1]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]